Գլխաւոր

 Հանդիպում՝ ՆՍ Լեւոն ԺԴ. Պապ – ՆՍՕՏՏ Արամ Ա. Կաթողիկոս

ՎԱՏԻԿԱՆ․- Երկուշաբթի, 18 Մայիս 2026-ին, ՆՍՕՏՏ Արամ Ա. Սրբազնագոյն Հայրապետը Վատիկանի մէջ առանձին հանդիպում ունեցաւ ՆՍ Լեւոն ԺԴ. Պապին հետ:

Հանդիպման ընթացքին Վեհափառ Հայրապետը նախ անդրադարձաւ հետեւեալ նիւթերուն.- Զատկուան միացեալ թուականի ճշդում, բոլոր նահատակներու յիշատակութեան օր եւ Վատիկան Գ. Համաժողովի գումարում՝ կարեւորութեամբ ընդգծելով յիշեալ նիւթերուն հրամայական անհրաժեշտութիւնը համաքրիստոնէական կեանքէն ներս:

Անդրադառնալով Արցախի հարցին՝ Վեհափառ Հայրապետը շեշտեց Արցախի հայութեան վերադարձի իրաւունքը՝ միջազգային երաշխաւորութեամբ, եկեղեցիներու եւ պատմական կոթողներու պահպանումը՝ միջազգային օրէնքին համաձայն եւ Պաքուի մէջ կալանաւորուած Արցախի ղեկավարներու շուտափոյթ ազատ արձակման անհրաժեշտութիւնը:

Հայրապետը նաեւ խօսեցաւ Լիբանանի ներկայ կացութեան մասին՝ ընդգծելով Լիբանանի պետութեան գերիշխանութիւնն ու ներկայութիւնը լիբանանեան բոլոր հողերուն վրայ, Իսրայէլի հեռացումը Լիբանանի հարաւէն եւ զինադադարի յարգումը: Ան նաեւ անդրադարձաւ միջ-եկեղեցական շարժումի կարեւորութեան, այս ծիրէն ներս անհրաժեշտ նկատելով աստուածաբանական հարցերու առընթեր բարոյագիտական խնդիրներու յատուկ կարեւորութիւն տալու առաջնահերթութիւնը:

Վերոյիշեալ կէտերուն գծով Պապը իր հասկացողութինն ու զօրակցութիւնը յայտնեց՝ իր կարգին տալով անհրաժեշտ բացատրութիւններ:

Advertisement Subscribe Today

 

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Back to top button