Գլխաւոր

Հանդիպում Սպանիոյ Վարչապետ Փետրօ Սանչէսի Հետ

Հ․Յ․Դ․ Բիւրոյի Հայ Դատի կեդրոնական գրասենեակը կը տեղեկացնէ, որ վերջերս Ուրուկուայի մայրաքաղաք Մոնթեվիտէոյի մէջ տեղի ունեցաւ հանդիպում՝ Ընկերվար Միջազգայնականին շրջանակներուն մէջ՝ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան ներկայացուցիչ եւ Ընկերվար Միջազգայնականի փոխնախագահ Մարիօ Նալպանտեանի եւ պաշտօնական այցելութեամբ Ուրուկուայ գտնուող Ընկերվար Միջազգայնականի նախագահ, Սպանիոյ վարչապետ Փետրօ Սանչէսի միջեւ։

Հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան Հայաստանի մէջ տեղի ունեցող ներքաղաքական զարգացումները, տարածաշրջանային անվտանգութեան հարցերը, ինչպէս նաեւ Ատրպէյճանի կողմէ պատանդ պահուող հայ գերիներու իրաւունքներու պաշտպանութեան եւ Արցախի ժողովուրդի հայրենիք վերադառնալու իրաւունքին առնչուող հարցեր։

Մարիօ Նալտանտեան Սպանիոյ վարչապետին յանձնեց Հ․Յ․Դ․ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Արմէն Ռուստամեանի նամակն ու կցուած տեղեկագիրը՝ Հայաստանի մէջ ժողովրդավարութեան նահանջին եւ հաստատուած միահեծան իշխանութեան վերաբերեալ։

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Back to top button