«Հայկազեան» Համալսարանի Ամավերջի Հանդէսը

«Հայկազեան» Համալսարանի ամավերջի հանդիսութիւնը տեղի ունեցաւ Կիրակի, 31 Մայիսին, համալսարանի մօտ գտնուող Հայ Աւետարանական Առաջին Եկեղեցւոյ մէջ։ Հանդիսութիւնը համախմբած էր շրջանաւարտ ուսանողները, դասախօսական կազմը, պաշտօնէութիւնը, ընտանիքի անդամներն ու բարեկամները՝ լեցուն սրբավայրի մը մէջ, երախտագիտութեան, խորհրդածութեան եւ նուիրումի այս հանդիսաւոր առիթով։
Օրուան պատգամախօսն էր Աստուածաբանական ուսումնասիրութիւններու դասախօս, անկախ հետազօտող եւ հեղինակ Դոկտ. Նիքոլաս Ապու Մըրատը, որ շեշտեց այն հրատապ անհրաժեշտութիւնը, թէ հասարակութիւնները ոչ միայն մասնագիտական հմտութիւններով օժտուած անձեր պատրաստեն, այլեւ՝ իմաստութիւն, զանազանելու կարողութիւն եւ բարոյական պատասխանատուութիւն ունեցող անհատներ։
«Հայկազեան» Համալսարանի նախագահ Վեր. Դոկտ. Փոլ Հայտոսթեան, դիմելով շրջանաւարտներուն, շեշտեց իր բնորոշած սրտի երախտագիտութեան կարեւորութիւնը ։
«Մեր օրերուն, երբ մարդկութիւնը աւելի ու աւելի կը տարուի ինքնապատկերով, յաջողութիւններով եւ ինքնութեան սահմանումով, մենք վտանգին առջեւ կը գտնուինք անտեսելու աւելի խոր իրականութիւն մը՝ սիրող, արարող, հաւատարիմ եւ մխիթարող Աստուծոյ պատկերը», նշեց ան։ Ան նաեւ դիտել տուաւ, որ ժամանակակից հասարակութիւնը յատկանշուած է աճող մտահոգութեամբ եւ անորոշութեամբ, եւ առաջարկեց երախտագիտութիւնը՝ որպէս այդ վիճակին ամենախոր դեղամիջոցներէն մէկը։
Տոքթ. Հայտոսթեան արժեւորեց ակադեմական յաջողութիւններն ու անոնց արժանի ճանաչումը։ Ան յիշեցուց, որ տեւական արժէք ստեղծելու համար աւելի խոր հիմք մը անհրաժեշտ է։ «Ոչ մէկ վկայական, աշխատավարձ, տիտղոս կամ պատիւ ի վերջոյ այնքան արժէքաւոր է, որքան այն սիրտը, որ երախտագիտութիւն կը կրէ եւ կը տարածէ», եզրակացուց ան։
Գեղարուեստական յայտագրով հարուստ այս հանդիսութեան պաշտամունքի կոչն ու օրհնութիւնը կատարեց «Հայկազեան» Համալսարանի հոգեւոր հովիւ Վեր. Ուիլպըրթ Վան Սաանը։
Հանդիսութիւնը աւարտեցաւ, երբ 2026-ի դասարանի անդամները հանդիսաւոր թափօրով դուրս եկան եկեղեցիէն՝ իւրաքանչիւրը ձեռքին խորհրդանշական լոյս մը, որ կը ներկայացնէր ճշմարտութիւնը, ազատութիւնն ու ծառայութիւնը։

