Քաղաքացիին «Ո՛չ»-ը

Մուրատ Մանուկեան
Հայաստանի ներքաղաքական կեանքը այլեւս դժուար է մեկնաբանել որպէս սովորական իշխանութիւն–ընդդիմութիւն մրցակցութիւն կամ հերթական ընտրապայքար։ Անվտանգային անորոշութեան, տարածքային եւ ինքնիշխանական հարցերու սրացման պայմաններուն մէջ՝ քաղաքացին կը գտնուի շատ աւելի խորքային ընտրանքի մը առջեւ։ Ուստի, Յունիս 7-ի ընտրութիւնները սոսկ իշխանափոխութեան պահ մը չեն․ խնդիրը միայն այն չէ, թէ ո՞ր ուժը պիտի ղեկավարէ երկիրը, այլ՝ թէ ի՞նչ որակի եւ արժէքային հիմքերու վրայ կանգնած պետութիւն պիտի կազմաւորուի, որքանո՞վ ան պիտի արտացոլացնէ ազգային արժէքներու, պետական արժանապատուութեան եւ համազգային ուղղուածութիւն ունեցող տեսլականի գիտակցութիւնը, եւ ընտրական գործընթացը որքանո՞վ պիտի նպաստէ ժողովրդավարական վերահսկողութեան, հաշուետուութեան ու հաստատութիւններու ամրապնդման՝ ի խնդիր աւելի վստահելի, համախմբուած եւ հեռանկարային հաւաքական ապագայի կառուցման։
Վերջին տարիներու փորձառութիւնը ցոյց կու տայ, որ ժողովրդավարութեան թուլացումը հազուադէպօրէն կ՚ըլլայ յանկարծակի կամ բացայայտ կերպով։ Աւելի յաճախ, ան կը յառաջանայ աստիճանաբար ու աննշմարելիօրէն․ երբ Ազգային ժողովը կը նահանջէ գործադիրը վերահսկելու իր հիմնական դերակատարութենէն, երբ դատական անկախութեան շուրջ կասկածները կը խորանան, եւ երբ իրաւապահ մարմինները սկսին ընկալուիլ որպէս ընտրողաբար կիրարկուող գործիքներ։ Այս պարագային վտանգը միայն սահմանադրական սկզբունքներու խախտումը չէ, այլեւ՝ քաղաքացիին վստահութեան դանդաղ, բայց խորքային քայքայումը սեփական պետութեան հանդէպ։ Երբ հաստատութիւնները կը հեռանան հանրային շահի ծառայութենէն, խոցելի կը դառնայ նաեւ այն արժէքային հիմքը, որ պէտք է սնուցանէ պետական կեցուածքն ու համազգային նպատակաուղղուածութիւնը:
Այս իրականութիւնը անխուսափելիօրէն քաղաքացիին կը մղէ վերաիմաստաւորելու պետութեան դերը։ Պետութիւնը քաղաքացիին համար պարզապէս վարչական ծառայութիւն մատակարարող կառոյց մը չէ․ ան ազգային ինքնութեան, հանրային արժանապատուութեան, պատմական շարունակականութեան եւ հաւաքական ապագայի խորհրդանիշն է։ Աւելին, ան պէտք է մարմնաւորէ այն համազգային տեսլականը, որ կը միաւորէ Հայաստանի քաղաքացին եւ աշխարհասփիւռ հայութիւնը՝ ի խնդիր երկարաժամկէտ կայունութեան ու գոյատեւման։ Ուստի ընտրութեան պահուն քաղաքացին ինքնաբերաբար կը կշռադատէ ոչ միայն տնտեսական խոստումները կամ անվտանգային յայտարարութիւնները, այլ նաեւ այն, թէ արդեօք բարձրագոյն պաշտօն վարողները՝ իրենց վարքով, լեզուով եւ պետական մտածողութեամբ, կը ներշնչե՞ն վստահութիւն, յարգանք եւ ազգային հպարտութիւն։ Քաղաքացին կ՚ուզէ տեսնել ղեկավարութիւն մը, որուն մէջ կը գտնէ ոչ միայն իշխանութիւն, այլեւ՝ արժանապատիւ պետական ներկայացուցչութիւն եւ հանրային վստահութիւն ներշնչող ազգային ուղղուածութիւն։
Միաժամանակ, սակայն, անհրաժեշտ է ընդունիլ, որ Հայաստանի մէջ ընտրական վարքը յաճախ կը ձեւաւորուի տնտեսական եւ հոգեբանական ճնշումներու ազդեցութեան տակ։ Գործազրկութեան երկիւղը, տնտեսական կախուածութիւնը, համակարգին հետ ընդհարուելու կամ հալածանքի ենթարկուելու վախը իրական ազդակներ են, որոնք կրնան ազդեցութիւն ունենալ քաղաքացիին ընտրութեան վրայ։ Այսպիսի մթնոլորտի մէջ ընտրութիւնը երբեմն կը դադրի ազատ նախապատուութեան արտայայտութիւն ըլլալէ եւ կը վերածուի գոյատեւման ռազմավարութեան։ Սակայն, երբ կարճաժամկէտ անապահովութիւնները կը գերակշռեն հանրային կեանքին մէջ, վտանգ կը ստեղծուի, որ հասարակութիւնը աստիճանաբար հեռանայ այն համազգային հեռանկարներէն, որոնք անհրաժեշտ են պետական կայունութեան, արժէքային համախմբման եւ երկարաժամկէտ զարգացման համար։
Այդուհանդերձ, Հայաստանի ապագայի տեսանկիւնէն կը ծագի հիմնական հարցում մը․ քաղաքացիին ընտրութիւնը ամբողջութեամբ պէտք է թելադրուի՞ կարճաժամկէտ վախերով եւ անձնական անապահովութեամբ, թէ՞ գոյութիւն ունի այն սահմանային պահը, երբ ան կը սկսի կշռադատել պետականութեան, ազգային ինքնահաւատի եւ համազգային պատասխանատուութեան եւ հաւաքական ապագայի ծանրութիւնը։ Երբ քաղաքացին կը զգայ, թէ հաստատութիւնները կը հեռանան հանրային շահէն, պետական պաշտօնը կը կորսնցնէ իր բարոյական հեղինակութիւնը, կամ ազգային առաջնահերթութիւնները կը սկսին զիջիլ օրապահիկ քաղաքական հաշիւներու, անխուսափելիօրէն կը ծագի վստահութեան ճգնաժամ մը։ Այսպիսի պայմաններու մէջ ժողովրդավար հասարակութեան կենսունակութիւնը կը չափուի այն կարողութեամբ, որով քաղաքացին՝ խաղաղ, գիտակից եւ ընտրական միջոցներով, կ՚արտայայտէ իր սահմանագիծը։ Այդ սահմանագիծը կը դրսեւորուի հանրային «Ո՛չ»-ով՝ ուղղուած այն ընթացքներուն, որոնք իր ընկալումով կը խաթարեն պետութեան արժէքային հիմքերը, ազգային արժանապատուութիւնն ու համազգային ապագայի հեռանկարը։
Այս «Ո՛չ»-ը, սակայն, պէտք չէ հասկնալ որպէս զգացական մերժում կամ պարզ քաղաքական հակազդեցութիւն։ Ան քաղաքացիական հասունութեան արտայայտութիւն է՝ հիմնուած այն գիտակցութեան վրայ, որ քաղաքացին միայն ընտրող չէ, այլեւ՝ պետականութեան բարոյական համասեփականատէր եւ հաւաքական ճակատագրի մասնակից։ Այս իմաստով, հանրային «Ո՛չ»-ը կրնայ դառնալ ոչ միայն մերժում, այլեւ արժէքային վերահաստատում՝ յօգուտ այնպիսի պետական մշակոյթի մը, որ հիմնուած է հաշուետուութեան, ազգային ինքնագիտակցութեան, պետական բարոյական հեղինակութեան եւ համազգային նպատակաուղղուածութեան վրայ։ Ի վերջոյ, պետութեան ամրութիւնը կը հենի այն հաւաքական համոզումին վրայ, թէ պետականութիւնը արժանի է յարգանքի, հպարտութեան եւ պաշտպանութեան։ Իսկ երբ քաղաքացին կը դադրի այդ զգացումը ունենալէ, վտանգի տակ կը դրուի ոչ միայն իշխանութեան իրաւազօրութիւնը, այլեւ՝ Հայաստանի պետականութեան ներքին բարոյահոգեբանական հիմքը եւ անոր երկարաժամկէտ համախմբող կարողութիւնը։
Այնուամենայնիւ, պէտք չէ մտահան ընել, որ ընտրական արդիւնքները ինքնին չեն լուծեր վստահելիութեան ճգնաժամերը, եթէ անոնց չհետեւին հաստատութենական վերակազմակերպում, հասարակական համախմբում եւ երկարաժամկէտ ռազմավարական տեսլականի յստակեցում։ Պետութեան կայունութիւնը միայն ընտրական օրինականութեամբ չի պայմանաւորուիր․ ան կը հենուի նաեւ այն կարողութեան վրայ, որով պետական կառոյցները կը վերականգնեն հանրային վստահութիւնը, կը ծառայեն ընդհանուր շահին եւ կը մարմնաւորեն ազգային արժէքներու վրայ հիմնուած պատասխանատու պետական մշակոյթ մը։ Այս իմաստով, Հայաստանի ապագան կը պահանջէ ոչ միայն քաղաքական վերադասաւորում, այլեւ համազգային ուղղուածութիւն ունեցող մտածողութիւն մը, որ կրնայ համադրել անվտանգութիւնը, տնտեսական դիմադրողականութիւնը, պետական արժանապատուութիւնն ու ազգային միասնականութեան վերակերտումը։
Հետեւաբար, Յունիս 7-ի ընտրութիւնները աւելի ճիշդ է դիտարկել որպէս ազգային վերաիմաստաւորման գործընթացի կարեւոր հանգոյց մը, այլ ոչ՝ վերջնական հանգրուան։ Հայ ընտրողին առջեւ այսօր կանգնած է ոչ միայն քաղաքական, այլեւ պատմական ընտրութիւն մը՝ գերազանցելու կարճաժամկէտ մտահոգութիւնները եւ վերասահմանելու պետութեան ու հանրութեան փոխյարաբերութիւնը՝ հիմնուած պետական որակի, հանրային բարոյականութեան, ազգային արժէքներու եւ համազգային ապագայի նկատմամբ պատասխանատուութեան վրայ։ Ի վերջոյ, պետութեան ամրութիւնը կախեալ է ոչ միայն ընտրութիւններէն կամ հաստատութիւններէն, այլեւ այն հաւաքական գիտակցութենէն, որով Հայաստանը կը պատկերացուի որպէս ազգային արժանապատուութեան, համազգային տեսլականի եւ հաւաքական հաւատքի շուրջ համախմբուած քաղաքական ու բարոյական նախագիծ մը։

