Ռուսիան, Միացեալ Նահանգներն ու Եւրոպական Միութիւնը Պէտք ՉԷ Միջամուխ Ըլլան Հայաստանի Ներքին Գործերուն

Յարութ Սասունեան
Ոչ մէկ օտար երկիր պէտք է միջամուխ ըլլայ անկախ եւ ինքնիշխան Հայաստանի ներքին գործերուն: Միա՛յն հայ ժողովուրդը իրաւունք ունի ընտրելու իր ղեկավարները եւ որոշելու իր քաղաքականութիւնը:
Հեգնական է, որ այն հայերը, որոնք օր ու գիշեր կը բարձրաձայնեն ռուսական միջամտութեան մասին, լիակատար լռութիւն կը պահեն, երբ արեւմտեան երկիրները (Եւրոպական Միութիւնը եւ Միացեալ Նահանգները) բացայայտօրէն միջամտեն Հայաստանի ներքին գործերուն։ Անոնք, որոնք կը կարծեն, թէ արեւմտեան միջամտութիւնը, ի տարբերութիւն Ռուսիոյ, անվնաս է եւ ընդունելի, կա՛մ անտեղեակ են, կամ ալ միամիտ՝ միջազգային յարաբերութիւններու հարցերուն մէջ:
Օտար ղեկավարները (ըլլան Արեւելքէն, Արեւմուտքէն, Հիւսիսէն, թէ Հարաւէն) Հայաստանին ոչինչ կ՛առաջարկեն իրենց բարի կամքէն մղուած: Անոնք պարզապէս կը հետապնդեն իրենց անձնական շահերը:
Հարցը այն է, որ Հայաստանի ղեկավարները պատմութեան ընթացքին երբեք ուշադրութիւն չեն գրաւած իրենց միջազգային յարաբերութիւններու իմացութեամբ: Հայերը, ի վնաս իրենց, կ՛անտեսեն աշխարհին մէջ տեղի ունեցող զարգացումները, որոնք կրնան ազդել իրենց կեանքին կամ նոյնիսկ գոյատեւման վրայ: Երբ դուն փոքր եւ տկար երկիր ես, չես կրնար դուն քեզի արտօնել անտարբեր ըլլալ շուրջդ տեղի ունեցող իրադարձութիւններուն նկատմամբ: Հակառակ պարագային` դուն խոցելի կը դառնաս արտաքին սպառնալիքներու առջեւ: Հրամայական է առաւելագոյնս հզօրանալ, իսկ այնուհետեւ` ճկուն դիւանագիտութիւն միջոցով ձգտիլ այդ սպառնալիքները նուազագոյնի հասցնելու:
Հայերը, լիովին արդարացիօրէն, խիստ բացասական վերաբերմունք ունին Թուրքիոյ եւ անոր ղեկավարներուն նկատմամբ: Այդուհանդերձ, պէտք է խոստովանիլ, որ թուրք ղեկավարները, ինչպէս իրենց օսմանեան նախորդները, շատ հմուտ են միջազգային քաղաքականութեան մէջ: Դարեր շարունակ օսմանեան սուլթանները կրցած են մեծ տէրութիւնները լարել իրարու դէմ եւ պարբերաբար փոխած են իրենց դիրքորոշումը` կայսրութեան շահերը պաշտպանելու համար: Նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի գործողութիւններն ալ այդ աւանդական լարախաղացութեան շարունակութիւնն են: Էրտողանը բացառիկ հմտութեամբ կը խուզանաւէ միջազգային պղտոր ջուրերուն մէջ: Հայաստան ներկայիս չունի, եւ անցեալին ալ հազուադէպ ունեցած է նման հմտութիւններով ղեկավար:
Երկրորդ հարցը հայերուն զգացական մօտեցումն է արտաքին յարաբերութիւններուն` սիրել-չսիրելու հիման վրայ: Միջազգային յարաբերութիւնները չեն կրնար համատեղուիլ անձնական յարաբերութիւններուն հետ․ կարելի է նոյնիսկ հաղորդակցութեան մէջ մտնել թշնամիներուդ հետ, եթէ կարենաս քու երկրիդ համար շահ ապահովել։
Երրորդ հարցը այն է, որ հայերը իրենց ողջ պատմութեան ընթացքին միշտ սպասած են, որ ոեւէ օտար ուժ պիտի գայ եւ պիտի փրկէ զիրենք թշնամիներէն։ Հայերը կրնային նման ոչ իրատեսական ակնկալութիւններ ունենալ իրենց պատմութեան սկիզբը, սակայն, հազարամեակներու ներխուժումներու, զանգուածային կոտորածներու եւ նոյնիսկ Ցեղասպանութեան ենթարկուելէ ետք, պէտք է ենթադրել, թէ անոնք վերջապէս կը սթափին եւ, տեսնելով, որ ոչ մէկ օտար ուժ երբեւէ իրենց փրկութեան եկած է, կ՛եզրակացնեն` ոչ ոք իրենց պիտի օգնէ:
Ցաւօք, հայերը երբեք անհրաժեշտ դասեր չեն քաղած իրենց ողբերգական պատմութենէն: Նոյնիսկ այսօր անոնք կը սպասեն, որ օտար երկիր մը պիտի պաշտպանէ զիրենք: Վերջին տասնամեակներուն հայերը ի զուր յոյսեր կը տածէին, որ Ռուսիան պիտի պաշտպանէ զիրենք, կարծէք թէ ան պարտաւոր էր նման բան ընել: Բոլոր երկիրները միմիայն իրենց անձնական շահերը կը պաշտպանեն, ոչ թէ՝ ուրիշներուն: Լիովին հիասթափած ըլլալով 2020-ի Արցախեան պատերազմի ատեն Ռուսիոյ անտարբերութենէն, եւ առաւել եւս` 2021 եւ 2022 թուականներուն Հայաստանի Հանրապետութեան տարածքին մէկ մասին նկատմամբ Ազրպէյճանի ներխուժումէն եւ բռնագրաւումէն ետք՝ հայերուն մեծ մասը սկսաւ ապարդիւն այլ տեղեր փնտռել իր երկրի պաշտպանութիւնը: Անոնց յուսախաբութիւնը հիմնուած էր այն փաստին վրայ, որ Հայաստանն ու Ռուսիան, խորհրդային քանի մը այլ նախկին հանրապետութիւններու հետ, ստորագրած էին փոխադարձ պաշտպանութեան պայմանագիր` ՀԱՊԿ (Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագիրի կազմակերպութիւն): Այդ պայմանագիրը պէտք է պաշտպանէր Հայաստանի Հանրապետութիւնը: Սակայն հայերը կը մոռնան, որ պայմանագիրները յաճախ կը նկատուին ընդամէնը թուղթի կտորներ: Բոլոր երկիրներն ալ իրենց ազգային շահերը գերիվեր կը դասեն որեւէ պայմանագրային պարտաւորութենէ, զոր կրնան ունենալ։
Ռուսիայէն՝ հասկնալի պատճառներով ամբողջովին յուսախաբ ըլլալէ ետք, կարելի էր ենթադրել, թէ հայերը պիտի եզրակացնէին, որ ոչ ոք պիտի գայ Հայաստանին օգնութեան, ուստի պիտի դադրին նոր փրկիչ փնտռելէ: Աւա՜ղ, անոնք շարունակեցին իրենց յաւերժական փնտռտուքը: Այժմ անոնք յոյս ունին, որ Ֆրանսան, Եւրոպական Միութիւնը կամ Միացեալ Նահանգները պիտի ըլլան իրենց նոր փրկիչները: Սակայն, եթէ Հայաստան յարձակման ենթարկուի, ո՛չ Եւրոպական Միութիւնը, ո՛չ ալ Միացեալ Նահանգները պիտի գան անոր օգնութեան: Միամտութիւն է ակնկալել, որ այդ օտար երկիրները պիտի վտանգեն իրենց զինուորներուն կեանքը` Հայաստանի սահմանները պաշտպանելու համար: Ասիկա Հայաստանի ղեկավարութեան պարտականութիւնն է:
Արեւելքի եւ Արեւմուտքի միջեւ տատանելու փոխարէն, Հայաստանի շահերէն կը բխի փոխշահաւէտ յարաբերութիւններ հաստատել աշխարհի բոլոր երկիրներուն հետ` առանց ակնկալելու, որ անոնցմէ ոեւէ մէկը պիտի գայ իրեն փրկելու: Սակայն, նման կարեւոր խնդիր իրագործելու համար Հայաստան կարիք ունի հմուտ ղեկավարութիւն:
Ես կ՛առաջարկեմ հայերուն` անտեսել Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի, փոխնախագահ Ճէյ. Տի. Վանսի եւ արտաքին գործոց նախարար Մարքօ Ռուպիոյի՝ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանին աջակցելու անօգուտ յայտարարութիւնները, որոնք Հայաստանի ներքին ընտրութիւններուն արտաքին միջամտութեան բացայայտ օրինակ են: Յոյսով եմ` անոնց աջակցութիւնը պիտի արժանանայ նոյն ճակատագիրին, ինչ որ ունեցաւ Վանսի անձնական այցելութիւնը Հունգարիոյ մայրաքաղաք Պուտափեշտ` ապրիլեան ընտրութիւններու նախօրեակին սատարելու վարչապետ Վիքթոր Օրպանին, որ ջախջախիչ պարտութիւն կրեց:
Հայ ժողովուրդը այսօր կարիք ունի գործնական քայլերու, ոչ թէ դատարկ խօսքերու:
Թրամփը, Վանսը եւ Ռուպիոն իրենց մատը մատին չդպցուցին` 2023 թուականէն ի վեր Պաքուի բանտերուն մէջ ապօրինիաբար պահուող Արցախի ղեկավարները ազատ արձակելու համար: Անոնք նաեւ չդատապարտեցին Հայ Առաքելական եկեղեցւոյ դէմ Փաշինեանի հալածանքները: Ասիկա ցոյց կու տայ, որ ամբողջ աշխարհին մէջ քրիստոնեաները պաշտպանելու վերաբերող անոնց բազմաթիւ յայտարարութիւնները լոկ սին խօսքեր են։

