Գլխաւոր
Հ.Հ. Վարչապետ Փաշինեան Ստորագրեց Ամօթալի Համաձայնագիրը
ԵՐԵՒԱՆ.- Նոյեմբեր 9-ի ուշ երեկոյեան, Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան յայտարարեց, որ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի եւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ ստորագրեց պատերազմի դադրեցման համաձայնագիրը, հակառակ անոր, որ ամբողջ օրուան ընթացքին Արցախի մէջ բոլոր ռազմաճակատներուն վրայ կը շարունակուէին բուռն բախումները:

