Լրահոս

Լոյս Տեսաւ․- «Դրօշակ» Թիւ 7, 2026

 

ԵՐԵՒԱՆ.- Լոյս տեսաu Հ.Յ.Դ. պաշտօնաթերթ «Դրօշակ»-ի 2026 թուականի Յուլիս ամսուան համարը (թիւ 7), որ կը ներառէ Հայաստանի ներքին կեանքին, արտաքին մարտահրաւէրներուն, Արցախի պատմութեան եւ տարածաշրջանային զարգացումներուն նուիրուած բազմաթիւ հրապարակումներ։

Առաջնորդող յօդուածը կ՚անդրադառնայ Հայաստանի մէջ Յունիսի սկիզբը կայացած ընտրութիւններէն ետք ստեղծուած կացութեան՝ նշելով, որ ընտրութիւնները ոչ միայն չնուազեցուցին ներքաղաքական եւ հասարակական լարուածութիւնը, այլեւ աւելի խորացուցին զայն։ Միաժամանակ, արտաքին մարտահրաւէրները եւ Հայաստանի կախուածութիւնը օտար ուժերէ շարունակած են աճիլ։

Նոր հրատարակուած թիւին մէջ արեւելագէտ Լիանա Պետրոսեան կը ներկայացնէ Հայաստանի նկատմամբ Ատրպէյճանի հետընտրական ճնշումներուն աճը, իսկ քաղաքագէտ Վահէ Դաւթեան կը քննէ Հայաստանի դէպի Եւրոպա աշխարհատնտեսական շրջադարձին հետեւանքներն ու ուժանիւթային աւանդական կապերէն հեռանալու վտանգները։

Պատմաբան Տարօն Յակոբեան կը շարունակէ Արցախի Հանրապետութեան կազմաւորման շրջանին վերաբերող իր յօդուածաշարը, իսկ Մարի Յովհաննիսեան կը ներկայացնէ 1992-ի ատրպէյճանական յարձակումներուն ընթացքին Մարտակերտի Հաթերք գիւղի հայ բնակչութեան դէմ գործադրուած ցեղասպանական բնոյթի ոճրագործութիւնները։

Advertisement Subscribe Today

Այս համարը կը պարունակէ նաեւ պատմական, քաղաքական եւ վերլուծական այլ հետաքրքրական հրապարակումներ։

Կարդալու համար, սեղմել.- «Դրօշակ» թիւ 7, 2026

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Back to top button