ԹՐՈՅԻ ՍՈՒՐԲ ԽԱՉ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ 68-ԱՄԵԱԿԻ ՆՇՈՒՄ

Կիրակի, 8 Նոյեմբերին, Թրոյի (Նիւ Եորք) Սուրբ Խաչ եկեղեցին յատուկ հաւաքոյթով մը նշեց հիմնադրութեան 68-րդ տարեդարձը։

Տօնախմբութեան յայտագիրը յատկապէս կեդրոնացած էր ծուխի մանուկներուն վրայ։ Երեխաները խանդավառ մեկնաբանութիւններով բանաստեղծութիւններ ու շարականներ ներկայացուցին։

Քարին Քարթինօղլու իր երգերով եւ Նանօր Գարակէօզեան իր պարերով խանդավառեցին ներկաները։ Կարօ Սրկ. Մինասեանի խորհրդածութիւնները յատուկ արձագանգ ունեցան լսարանին մէջ։ Հանդիսութեան ներկայ էր Ազգային Վարչութեան ատենադպրուհի Թամար Քանարեան, որ խօսեցաւ իր մեծ հօր՝ լուսահոգի Տ. Թորգոմ Ա. Քհն. Յակոբեանի վաստակին մասին իբրեւ Սուրբ Խաչ եկեղեցւոյ առաջին հոգեւոր հովիւ։

Advertisement Donate Today

Տօնախմբութեան աւարտին, մանուկ ծխականները Պարոյր Սեւակի հայերէն բանաստեղծութիւն մը արտասանեցին։ Անոնք նաեւ մասնակցեցան բացման աղօթքին, «Տէր Ողորմեա»յի, ինչպէս եւ ազգային քայլերգերու երգեցողութեան։ Իր փակման խօսքին մէջ, եկեղեցւոյ այցելու հովիւ՝ Արժպ. Տ. Վահան Քհն. Գույումնճեան, շեշտեց Մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի եւ Եկեղեցւոյ հետ խոր յարաբերութեան պահելու կարեւորութիւնը, ինչպէս եւ իւրաքանչիւր ծխականի պատասխանատուութիւնը՝ տալու, իրերօգնութեամբ զբաղելու եւ եկեղեցւոյ համայնքի կենսունակութեան սատարելու։

Already a subscriber? Log in here

This story is FREE for you...

Create a free account to access this article and get more of our top stories sent to you by newsletter.

Or, subscribe now for unlimited access
By submitting your email address you agree for Hairenik Weekly to send you communication by email
Back to top button