Գլխաւոր

Թուրքիոյ 700 Միլիոն Տոլարի Վաճառքը Արգելակելու Նախաձեռնութիւն

 

Հայ Դատի յանձնախումբը միացած է յունական-ամերիկեան կազմակերպութիւններուն եւ Միացեալ Նահանգներու Քոնկրէսի երկկուսակցական խումբին` արգելակելու Թրամփի վարչակազմի առաջարկած` աւելի քան 700 միլիոն տոլարի «Ճեներըլ Էլեքթրիք»-ի Էֆ-110 կործանիչներու շարժիչներու վաճառքը Թուրքիոյ:

Յանձնախմբի Ուաշինկթընի գրասենեակի գործադիր տնօրէն Արամ Համբարեան յայտարարեց, որ Էրտողանը զինելը չի նշանակեր պաշտպանել դաշնակիցը, այլ` զինել եւ խրախուսել հակառակորդը` յարձակելու Միացեալ Նահանգներու բարեկամներուն վրայ:

Միացեալ Նահանգներու վարչակազմը Քոնկրէսը գործարքին մասին պաշտօնապէս տեղեակ պահած է 24 յունիս 2026-ին, որմէ ետք Քոնկրեսը ունի 15 օր` զայն արգելակելու համար: Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբը կոչ կ՛ուղղէ ամերիկահայերուն դիմելու իրենց ներկայացուցիչներուն` աջակցելու քոնկրէսական Տինա Թայթըսի նախաձեռնած երկու քայլերուն:

Առաջինը միացեալ մերժման բանաձեւն է, որով կը նախատեսուի ամբողջութեամբ արգելակել «Էֆ-110» շարժիչներու վաճառքը Թուրքիոյ: Երկրորդը նամակ է Ներկայացուցիչներու տան ղեկավարութեան` պահանջելով կանխել Թուրքիոյ վերադարձը «Էֆ-35» ծրագիրին:

Advertisement Subscribe Today

Քոնկրէսականներ Տինա Թայթըս, Քրիս Փափաս, Ճոշ Կոթհայմըր, Նիքոլ Մալիոթաքիս, Մայք Լոլըր եւ Ֆրենք Փալոն քննադատած են վարչակազմի քայլերը` նշելով, որ Թուրքիոյ ամերիկեան յառաջատար ռազմական զինուորական սարքաւորումներ տրամադրելը կը հակասէ Միացեալ Նահանգներու օրէնքներուն եւ շրջանային անվտանգային շահերուն:

Նախաձեռնութեան հեղինակները նաեւ կ՛ընդգծեն Թուրքիոյ ապակայունացնող գործողութիւնները շրջանին մէջ, ներառեալ Ատրպէյճանի ռազմական արշաւներուն ցուցաբերած աջակցութիւնը Հայաստանի դէմ:

Թուրքիան «Էֆ-35» ծրագիրէն զրկուած էր 2019 թուականին` ռուսական «Էս-400» հակաօդային պաշտպանութեան համակարգը ձեռք բերելէ ետք: Միացեալ Նահանգներու օրէնսդրութիւնը կը շարունակէ արգիլել «Էֆ-35»-երի փոխանցումը Թուրքիոյ, քանի տակաւին Անգարան կը պահպանէ այդ համակարգը:

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Back to top button