Լրահոս

ԹՈՒՐՔԻԱ.- ՆԱԽԱԳԱՀԱԿԱՆ ԹԵԿՆԱԾՈՒ ՏԵՄԻՐԹԱՇ ԿԸ ԽՈՍՏԱՆԱՅ ԽԱՆՉՆԱԼ ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԻՒՆԸ

demirtas  Թուրքիոյ նախագահական թեկնածու Սալահետտին Տեմիրթաշ, խոստացած է նախագահ ընտրուելու պարագային ճանչնալ Հայկական Ցեղասպանութիւնը եւ ամէն տարի Ապրիլի 24-ին յարգել 1915-ի հայ զոհերու յիշատակը:

՝՝Ես 1915-ը կը ճանչնամ որպէս Հայոց ցեղասպանութիւն եւ իմ նախագահութեան տարիներուն ամէն տարի Ապրիլի 24-ին պիտի կատարեմ իմ պարտքս՝ յիշեցնելով հայ ժողովուրդին դէմ գործադրուած Ցեղասպանութիւնը: Սակայն այդ արարքը թուրք ժողովուրդին յանցանքը չեմ նկատեր: Այդ ժամանակաշրջանի իշխանութլան դատապարտելի քաղաքականութեան արդիւնք էր Հայկական Ցեղասպանութիւնը՝՝, ըսաւ ազգութեամբ քիւրտ թեկնածուն, «Ակօս» թերթին հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին: Ան աւելցուց թէ, հայ ժողովուրդին դէմ 1915-ին տեղի ունեցածը ծրագրուած կոտորած էր, ազգի մը ոչնչացման քաղաքականութիւն, որուն հետագային զոհ դարձան նաեւ քիւրտերը:

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Back to top button