Լրահոս

Եգիպտոսի Արտաքին Նախարարութիւնը Մեծարեց Եգիպտահայերու Երկդարեայ Ներդրումը

ԳԱՀԻՐԷ․- Եգիպտոսի արտաքին նախարարութիւնը Հինգշաբթի, 17 Սեպտեմբերին, հիւրընկալեց եգիպտահայ համայնքի կազմակերպութիւններու եւ հաստատութիւններու ներկայացուցիչներ, Եգիպտոսի արտաքին, միջազգային համագործակցութեան եւ արտերկրի եգիպտացիներու նախարար դոկտ․ Պատր Ապտէլ Աթիի նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած հանդիպումին ընթացքին՝ արժեւորելով հայազգի եգիպտացիներու երկարամեայ ներդրումը եգիպտական պետութեան կառուցման ու զարգացման մէջ։

Այցելութեան ընթացքին հայ համայնքի ներկայացուցիչները ծանօթացան նախարարութեան կազմակերպած փաստագրական ցուցահանդէսին, որ նուիրուած է Եգիպտոսի նորագոյն պատմութեան մէջ եգիպտահայերու ունեցած դերակատարութեան։ Ցուցադրուած լուսանկարները, պետական փաստաթուղթերն ու պատմական իրերը կը ներկայացնեն ոչ միայն հայ համայնքի պատմութիւնը, այլեւ հայազգի պետական գործիչներու մասնակցութիւնը ժամանակակից Եգիպտոսի պետական հաստատութիւններու կազմաւորման։

Ցուցահանդէսը առանձնայատուկ նշանակութիւն ունի, որովհետեւ կը զուգադիպի Եգիպտոսի արտաքին գործերու պետական համակարգի սկզբնաւորման 200-ամեակին։

1826-ին Մոհամմէտ Ալի փաշա ստեղծեց առեւտուրի եւ եւրոպական հարցերու դիւանը՝ անոր ղեկավարութիւնը վստահելով հայազգի Պօղոս Պէյ Եուսուֆեանին։ Այս կառոյցը հետագային դարձաւ Եգիպտոսի կազմակերպուած արտաքին յարաբերութիւններու պետական համակարգին կորիզը։

Advertisement Donate Today

Այս պատճառով ցուցահանդէսին մէջ Պօղոս պէյ Եուսուֆեան կը ներկայացուի իբրեւ Եգիպտոսի արտաքին առաջին նախարար եւ ժամանակակից եգիպտական պետական վարչամեքենայի կազմաւորման մէջ կարեւոր դեր ունեցած հայազգի գործիչ։

Եգիպտոսի Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութիւնը այս առիթով արտաքին նախարարութեան թանգարանին նուիրած է Պօղոս Պէյ Եուսուֆեանի կիսանդրին՝ եգիպտահայ ծանօթ քանդակագործ Սարգիս Թոսունեանի գործը։

Ցուցահանդէսը կը ներկայացնէ նաեւ արտաքին պետական համակարգին մէջ բարձր պաշտօններ ստանձնած ուրիշ հայազգի գործիչներ՝ Արթին Պէյ Չրաքեան, Ստեփան Պէյ Տէմիրճեան, Նուպար Փաշա Նուպարեան եւ Տիգրան Տ’Ապրօ Փաշա։

Նուպար Փաշայի դերակատարութիւնը արտաքին յարաբերութիւններով չէ սահմանափակուած։ 1878-ին, Եգիպտոսի առաջին նախարարաց խորհուրդի կազմութեան ժամանակ, ան դարձած է երկրի առաջին վարչապետը՝ միաժամանակ վարելով արտաքին նախարարի պաշտօնը։

Ցուցահանդէսին արժէքը նաեւ այն է, որ հայերու ներդրումը կը ներկայացուի վաւերական փաստաթուղթերով եւ պատմական իրերով։

Ցուցադրուած են Պօղոս Պէյ Եուսուֆեանի լուսանկարը, 1892-ին Եգիպտոսի եւ Իտալիոյ միջեւ առեւտուրի եւ նաւարկութեան համաձայնագիրին վրայ Տիգրան Տ’Ապրօ փաշայի ստորագրութիւնը, Գահիրէի Հ․Բ․Ը․Մ․-ի պատմական փաստաթուղթերն ու կնիքները, Պօղոս Նուպարի անունով 1898-ին Փարիզի մէջ տրուած գիւտի արտօնագիրը, ինչպէս նաեւ Նուպար Փաշայի նամակագրութեան, յուշերուն եւ գործունէութեան վերաբերող նիւթեր։

Առանձին եւ պատուաւոր տեղ յատկացուած է նաեւ եգիպտահայ նշանաւոր ծաղրանկարիչ Ալեքսանտր Սարուխանի գործերուն։ Սարուխան իր արուեստով տասնամեակներ շարունակ արձանագրած ու մեկնաբանած է Եգիպտոսի եւ աշխարհի քաղաքական, ընկերային ու մշակութային կեանքը՝ կարեւոր հետք ձգելով եգիպտական մամուլի եւ ծաղրանկարչութեան պատմութեան մէջ։

Ցուցադրուած գործերը նախարարութեան տրամադրած են Սարուխանի ընտանիքն ու թոռնուհին՝ Սիլվա Պալատեան։

Եգիպտոսի Հայ դատի ատենապետ բժ․ Արմէն Մազլումեան, անդրադառնալով ցուցահանդէսին նշանակութեան, ընդգծեց եգիպտահայ փորձառութեան առանձնայատկութիւնը՝ նշելով, որ Եգիպտոսի մէջ հայկական ներկայութիւնը պարզապէս համայնքի մը պատմութեան մէկ գլուխը չէ, այլ Եգիպտոսի նորագոյն պատմութեան եւ ազգային ուղիին մէկ մասը։

Ան շեշտեց, որ եգիպտահայերու փորձառութիւնը հիմնուած է փոխադարձ յարգանքի, քաղաքացիութեան եւ երկրի կառուցման գործուն մասնակցութեան վրայ։ Հայերը կարողացած են պահպանել իրենց լեզուն, եկեղեցիները, դպրոցներն ու մշակութային հաստատութիւնները՝ միաժամանակ ամբողջական մասնակցութիւն ունենալով եգիպտական պետութեան ու հասարակութեան կեանքին։

Մազլումեան այս գաղափարը ամփոփեց հետեւեալը յայտնելով.- «Իսկական քաղաքացիութիւնը չի նշանակեր ինքնութենէն հրաժարիլ, ինչպէս ինքնութեան պահպանումը չի նշանակեր հայրենիքէն առանձնանալ»։

Անոր համաձայն՝ եգիպտահայ փորձառութիւնը ցոյց տուած է, որ կարելի է միաժամանակ հպարտանալ սեփական արմատներով, հաւատարիմ մնալ հայրենիքին, պահպանել մշակութային առանձնայատկութիւնը եւ ամբողջական մասնակցութիւն ունենալ հասարակութեան կեանքին։

Մազլումեան յատուկ նշանակութիւն տուաւ այն հանգամանքին, որ այս պատմութիւնը այժմ փաստագրուած ու ցուցադրուած է Եգիպտոսի արտաքին նախարարութեան իսկ մէջ, այսինքն՝ Պօղոս Պէյ Եուսուֆեանի, Նուպար Փաշայի, Արթին Չրաքեանի, Ստեփան Տէմիրճեանի եւ Տիգրան Տ՛Ապրօ փաշայի ներդրումը այլեւս կը ներկայացուի իբրեւ եգիպտական պետութեան հաստատութենական յիշողութեան մէկ մասը։

200-ամեակին առիթով Եգիպտոսի փոստը նաեւ թողարկած է Պօղոս պէյ Եուսուֆեանի նկարով յուշադրոշմաթուղթ։

Եգիպտոսի Հայ կաթողիկէ թեմի առաջնորդ Գերապայծառ Գրիգոր Օգոստինոս Գուսա իր խօսքին մէջ շնորհաւորեց Եգիպտոսի արտաքին նախարարութիւնը՝ պետական այս համակարգի հիմնադրութեան 200-ամեակին առիթով, մաղթելով անոր շարունակական յաջողութիւն Եգիպտոսի շահերու պաշտպանութեան եւ միջազգային յարաբերութիւններու զարգացման մէջ։

Եգիպտահայ համայնքի ներկայացուցիչները իրենց շնորհակալութիւնը յայտնեցին Եգիպտոսի պետութեան, արտաքին նախարար դր․ Պատր Ապտէլ Աթիին եւ նախարարութեան պատասխանատուներուն՝ հայազգի եգիպտացիներու պատմական ներդրումը արժեւորելու եւ ցուցահանդէսը կազմակերպելու համար։

Յատուկ գնահատանք արտայայտուեցաւ նաեւ ցուցադրութեան պատմական նիւթերու հաւաքման եւ փաստագրման աշխատանքին համար, որ կատարուած է եգիպտահայ հաստատութիւններուն, մասնաւորաբար Հ․Բ․Ը․Մ․-ի Եգիպտոսի կառոյցին հետ համագործակցաբար։

Այս նախաձեռնութեան հիմնական պատգամը կարելի է ամփոփել նիւթին իսկ եզրափակիչ միտքով՝ Եգիպտոսը ընդունեց հայերը, իսկ հայերը մասնակցեցան Եգիպտոսի կառուցման։ Երկդարեայ այս պատմութիւնը այլեւս ոչ միայն եգիպտահայ համայնքի, այլեւ Եգիպտոսի պետութեան փաստագրուած ազգային յիշողութեան մէկ մասն է։

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Back to top button