ԳլխաւորՅօդուածներ

Գէորգ Փափազեանի Հրաժեշտին Առթիւ

 

Ծ․Խ․- Շաբաթ, 6 Սեպտեմբերին, հողին յանձնուեցաւ Հ․Յ․Դ․-ի հաւատաւոր անդամ՝ Գէորգ Փափազեանը։
Ստորեւ, կը ներկայացնենք դամբանականը, որ Հ․Յ․Դ․ «Արշաւիր Շիրակեան» (Քալիֆորնիա) կոմիտէութեան անունով ներկայացուց ընկ. Սարգիս Տաղտէվիրեանը, յուղարկաւորութեան արարողութեան ընթացքին։

Գէորգը ծնած է Պէյրութ, Լիբանան, 23 մայիս 1952-ին: Անդրանիկ եւ Մարի Փափազեաններու 4 զաւակներէն երրորդն է, կրտսերը Նազելիին եւ Աւետիսին ու երեցը Սարգիսին:

Աւարտած է Պուրճ Համուտի Մեսրոպեան վարժարանը, որմէ ետք 2 տարի յաճախած է Անթիլիասի դպրեվանքը. հակառակ իր քրիստոնէական հաւատացեալ էութեան, իր տաքարիւն բնաւորութիւնը չէ յարմարած կրօնական կարգ ու սարգին եւ անցած է գործի ասպարէզ:

Արհեստի մէջ կը դառնայ վարպետ ոսկերիչ:

17 տարեկանին կ’անդամակցի Հ․Յ․Դ․ Լիբանանի Պատանեկան միութեան «Դանիէլ Վարուժան» մասնաճիւղին, երբ տակաւին գոյութիւն չունէր Լիբանանի երիտասարդական միութիւնը՝ Լ․Ե․Մ․-ը: Հ․Յ․Դաշնակցութեան շարքերը կ’անցնի 1973-ին: Նոյն տարին կը ստեղծուի Հ․Յ․Դ․ Լ․Ե․Մ․-ը թափ տալու Լիբանանահայ երիտասարդութեան Հայ դատի ուղիին վրայ գործօնութեան:

Advertisement Subscribe Today

Կը նշանակուի Լ․Ե․Մ․-ի «Հրայր Դժոխք» մասնաճիւղի վարչական:

Հետագային, կուսակցական կեանքին մէջ, Հ․Յ․Դաշնակցութեան «Ազատութիւն կամ մահ» նշանաբանին ոգիով, անշեղօրէն կատարած է Դաշնակցութեան եւ հետեւաբար հայութեան ծառայութեան ճամբուն ստանձնած բոլոր պարտականութիւնները, շատ անգամ դէմ յանդիման գալով մահուան. ուրիշ խօսքով, հաւատարիմ դաշնակցականի իր երդումին, կանգուն մնացած է պայքարի ճակատին վրայ: «Միացեալ, ազատ եւ անկախ Հայաստան»-ի մեծ տենչանքին ծառայեցուցած է իր ամբողջ էութիւնը, բոլոր կարողութիւններովը:

Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմին ընթացքին, գտնուած է Հ․Յ․Դաշնակցութեան զանազան ակումբներուն մէջ թէ՛ ինքնապաշտպանական պատնէշի եւ թէ՛ նորահաս սերունդին օրուան պահանջներուն պարտադրած դաստիարակութեան ու պատրաստութեան դիրքերուն վրայ: Շատեր տեսած են իր գործը ստանձնած յանձնարարութիւններուն մէջ, բայց ո՛չ Գէորգը, ո՛չ ալ այդ շատերը կրցած են խօսիլ կամ գրել ատոնց մասին, դաշնակցական գաղտնապահութեան անուրանալի ու պողպատեայ աւանդին պատճառով:

Յեղափոխական եւ մտաւորական թէ՛ Ռուբէն Տէր Մինասեանը իր «Հայ Յեղափոխականի Մը Յիշատակները» պատմագրական ու վերլուծական գործին մէջ եւ թէ՛ Կոմսը՝ Վահան Փափազեանը իր «Խոնարհ Հերոսներ»-ը հատորներուն մէջ կատարած են Դաշնակցութեան ազատագրական պայքարի սկզբնական շրջանի ֆետայիներուն, գործիչներուն եւ նուիրեալներուն արժանի անմահացումը: Ներկայի լռակեաց ու խոնարհ հերոսները՝ Գէորգը եւ իր նմանները կը սպասեն իրենց իրագործումներուն հերոսապատումին նոր Ռուբէններու եւ Կոմսերու միջոցաւ:

Այդ տարիներուն եղած է Հ․Յ․Դ․ Բիւրոյի այդ օրերու անդամ եւ Համազգայինի «Նշան Փալանճեան» ճեմարանի տնօրէն ընկ. Հրաչ Տասնապետեանի թիկնապահը. հազուագիւտ տեսանելի պարտականութիւններէն մէկը:

Գէորգը այն դաշնակցականներէն էր, որոնք ազգային որեւէ տագնապի օրերուն իրենց վստահուած գործը անպայման կատարած են:

«Հապիպ ալպի» մակդիրը, այսինքն «սրտիս սիրահարը», որմով ճանչցուած է, իր ընկերներուն համար Գէորգին կողմէ գործածուած այս բառերը շրջուած եւ դարձած են իրեն տիտղոս ու անջնջելի իրականութիւն:

Եղած է շրջապատին իսկական սիրելի անձ, իրեն յատուկ փաղաքշական արարքներով, որ մնացած են զինք ճանչցածներուն յիշողութեան մէջ: Օրինակ, այդ ոճով իր ստիպումներէն մէկն էր.
«Կ’ընե՜ս, կ’ընե՜ս… չե՞ս մը ըներ» խօսքերը, երբ գործի մը պահանջը կը դնէր ընկերներէն որեւէ մէկուն առջեւ:

Ընկերասիրութեան եւ ուղղամտութեան բարձր չափանիշով ապրած է իր ամբողջ կեանքը ու անոր ոգիով սպասած, որ փոխադարձաբար նոյնը ստանայ դէմինէն:

7 Հոկտեմբեր 1984-ին կը պսակուի Աշխէն Տաղտէվիրեանին հետ: Կ’ունենան 3 զաւակներ. 1987-ին՝ Վաչէն (անուանակոչումը ի յիշատակ Լիզպոն 5-ի Վաչէ Տաղլեանին), 1990-ին՝ Մեղրին եւ 1992-ին՝ Վահագնը:

Իր ոսկերիչի կարողութիւններուն շնորհիւ, 1990-ին Միացեալ ազգերու կազմակերպութեան (ՄԱԿ-ի) զարգացման յանձնաժողովի մը կողմէն աշխատանքի կը կանչուի եւ Եմէն կ’ուղարկուի, ոսկերչութիւն սորվեցնելու ծրագրին հետեւող տեղացիներուն: Ընտանիքով մէկուկէս տարի կը մնան Եմէն, ապա, նախ Աշխէնը, երկու զաւակներով 1991-ին, յետոյ Գէորգը՝ 1992-ի սկիզբը կը տեղափոխուին Ամերիկայի միացեալ նահանգներ:

Լոս Անճելըսի մէջ մաս կազմած է նախ Հովիտի Հ․Յ․Դ․ «Ռոստոմ», ապա Հ․Յ․Դ․ «Արշաւիր Շիրակեան» կոմիտէութիւններուն:

Հայաստանի ներկայ իշխանութիւններուն, նաե՛ւ իր բառերով, «դաւաճանական» արարքներուն եւ հողատուութեան մասին զայրոյթով արտայայտուած է. յատուկ խորշանք ունենալով այդ վարչախումբին զօրակցողներուն թէ՛ Հայաստանի ու թէ՛ Սփիւռքի մէջ: Կը փափաքէր Հայաստանի ու սփիւռքահայութեան լրատուական բոլոր նորութիւններուն ծանօթանալ, որ ճշգրիտ կեցուածք ճշդէր:

Սիրած է իր սրտակից ընկերներով ու ընտանիքի մօտիկներով շրջապատուած ըլլալ: Սրամիտ կատակները եւ անկեղծ ու անթաքոյց արտայայտութիւնները տիրական եղած են այդ հանդիպումներուն, այն աստիճան, որ երբեմն նոյնիսկ զարմացողի մը աչքերու մեծնալը կը պատճառէին:

Խստապահանջ կուակցական ըլլալով, նոյնն էր նաեւ ընտանեկան կեանքին մէջ. ըլլալ հայրենասէր, աշխատասէր եւ արդարամիտ:

Կեանքի հաճոյալի կարգ մը վայելքները քիչ մը աւելիով շահագործելը ճակատագրական վնասներ հասցուցած է իր առողջութեան:

Իր աշխատասիրութիւնը առանց յոգնութեան գործածած է, կնոջը Աշխէնին հետ, ապահովելու համար ընտանիքին բարօրութիւնը, երբեմն առանց հանգիստի, ինչ որ նաե՛ւ որոշ բան խլած է իր առողջութենէն:

2022-ին դուստրը՝ Մեղրին կը պսակուի Սարէ Եղիազարեանի հետ եւ զոյգը կը բախտաւորուի երկու սիրուն երեխաներով, որոնք Գէորգին կը պարգեւեն, թէկուզ կարճ ժամանակուան համար, ուրախութիւն եւ գոհունակութիւն:

Վերջին քանի մը տարիներուն ֆիզիքականը տեղի կուտայ եւ առոյգ Գէորգը կը սկսի հալիլ: Աշխէնը եւ զաւակները իրենց կարելին կ’ընեն վերականգնելու իր առողջութիւնը, սակայն անհանգստութիւնը ա՛լ անդառնալի էր: Կը մահանայ 14 օգոստոսին:

Գէորգին խորքապէս ճանչցողներ, իրենց ցաւակցագիրներուն մէջ, կը յայտնեն. «գնաց միանալու Հայ դատի ու հայութեան արդար պահանջներուն համար զոհուած մարտիկներուն»:

Անոնց հետ միացումդ ըլլա՛յ նոյն ուղիին վրայ մարտնչողներուն պահպանութեան ու ներշնչումի ուխտ, սիրելի Գէո՛րգ:

 

 

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Back to top button