Լրահոս

Գահիրէի Մէջ Նշուեցաւ Մայիս 28-ը

 

Կիրակի, 31 Մայիսին, Գահիրէի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ Սուրբ եւ Անմահ Պատարագ, որուն ընթացքին կատարուեցաւ Հանրապետական մաղթանք՝ նուիրուած  Մայիս 28-ին Հայաստանի Առաջին Հանրապետութեան անկախութեան հռչակման տարեդարձին։

Սուրբ Պատարագի աւարտին կատարուեցաւ նաեւ հոգեհանգստեան կարգ՝ ի յիշատակ Սարդարապատի ճակատամարտի նահատակներուն հոգիներուն։

Այնուհետեւ խումբ մը հայորդիներ, գլխաւորութեամբ Եգիպտոսի Հ․Յ․Դ․ կազմի, “Յուսաբեր” Մշակութային ընկերակցութեան եւ Հ․Մ․Ը․Մ, Արարատի ներկայացուցիչներուն այցելեցին Մարմինայի Ազգային գերեզմանատուն՝ յարգանքի տուրք մատուցելու Հայաստանի Առաջին Հանրապետութեան վարչապետ Համօ Օհանջանեանի շիրիմին։

Ապա, Թեմի բարեխնամ առաջնորդ Տ. Աշոտ Ս. Եպս. Մնացականեանի հանդիսապետութեամբ կատարուեցաւ հոգեհանգստեան պաշտօն, որմէ ետք Սրբազան Հայրը պատգամ ուղղեց ներկաներուն՝ նշելով, որ թէեւ միշտ կը յիշենք անցեալի մեր հերոսները, սակայն մեր ազգն ու հայրենիքը այսօր եւս կը դիմագրաւեն նոր մարտահրաւէրներ, ուստի այսօր ալ ունինք կարիքը նոր հերոսներու։

Սրբազանը շեշտեց նաեւ, որ պէտք է արժեւորել ու գնահատել այն անհատները, որոնք հաւատքով նուիրուած են հայրենիքի անկախութեան, ազատութեան, խաղաղ ապագային, ինչպէս նաեւ բարգաւաճման տեսլականին, եւ պատրաստ են իրենց կեանքը ընծայելու այդ բարձր արժէքներուն համար։ Ան աւելցուց, որ այսպիսի հայը միշտ ներկայ պիտի ըլլայ իր մայրենի հողին վրայ, որպէսզի կարելի ըլլայ հայրենիք ունենալ, պահպանել ձեռքբերուած յաջողութիւնները եւ դիմագրաւել ապագայի բոլոր մարտահրաւէրները։

Advertisement Subscribe Today

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Back to top button