Գլխաւոր
Գագիկ Ծառուկեանը Ձերբակալուեցաւ
եՐԵՒԱՆ.- «Բարգաւաճ Հայաստան» կուսակցութեան առաջնորդ, գործարար Գագիկ Ծառուկեանը ձերբակալուեցաւ: Ան փոխադրուեցաւ քննչական բաժին, ապա՝ դատարան, ուր կալանքի միջնորդութիւն պիտի կատարուի: Խուզարկուեցան անոր բնակարանը եւ առեւտրական կեդրոնները։ Պաշտպան փաստաբան Երեմ Սարգսեան՝ Ծառուկեանին ուղղուած մեղադրանքները անհեթեթ եւ ծիծաղելի նկատեց:

