ԱՐՑԱԽԵԱՆ ՎԵՐՋԻՆ ՊԱՏԵՐԱԶՄԻ ԱՄԷՆԷՆ ՑԱՒՈՏ ՀԵՏԵՒԱՆՔՆԵՐԷՆ ՄԷԿԸ՝ ՄՇԱԿՈՒԹԱՅԻՆ ՅՈՒՇԱՐՁԱՆՆԵՐՈՒՆ ՃԱԿԱՏԱԳԻՐԸ
«Հայրենիք»
2020-ի Արցախեան 44-օրեայ պատերազմին ամէնէն ցաւոտ հետեւանքներէն մէկը ատրոէյճանական բռնագրաւման տակ անցած շրջաններուն մէջ գտնուող հայկական սրբավայրերուն եւ պատմամշակութային յուշարձաններուն հետագայ ճակատագիրն է: Նոյեմբեր 9 2020-ի յայտնի յանձնուողական եռակողմանի յայտարարութեան հիմամբ Ատրպէյճանին յանձնուեցան բացի նախկին Լեռնային Ղարաբաղի Ինքնավար Մարզին շուրջ գտնուող արցախեան պատմական տարածքներէն, նաեւ Հատրութի եւ Շուշիի շրջանները, իսկ հիւսիսէն՝ Թալիշ եւ Մատաղիս գիւղերը:
Այս բոլոր շրջաններուն ընդհանուր տարածութիւնը կը գնահատուի շուրջ 8500 քառ. քմ-ով: Բոլոր բռնագրաւուած շրջաններուն մէջ ալ կան (կամ կային) հայկական մշակութային ժառանգութիւնը հաստատող կոթողներ, պատմամշակութային յուշարձաններ՝ վանական համալիրներ, եկեղեցիներ, քաղաքացիական եւ զինուորական պատմական շինութիւններ: Անոնց թիւը հարիւրներով է եւ նկատի ունենալով ատրպէյճանական նկրտումներն ու ալիեւեան վարչակարգի հակահայ վարքագիծը մենք՝ հայերս ամէն պատճառ ունինք մտահոգուելու պատմամշակութային այդ յուշարձաններու ճակատագիրով: Արցախեան բռնագրաւեալ հողերուն հայապատկանելիութիւնը ապացուցող յուշարձաններ են անոնք, եւ վստահաբար Ատրպէյճանը ոչ մէկ ճիգ պիտի խնայէ ջնջելու համար պատմական յիշողութիւնը այդ շրջաններէն:
Մեր այս խօսքերուն ճշմարտացիութիւնը շեշտելու համար բերենք ցայտուն ապացոյց մը:
Արցախեան Ակնայ շրջանին մէջ (Աղտամ) բլուրի մը վրայ անցնող տասնամեակներուն ընթացքին մեր հայ մասնագէտ պատմաբանները եւ հնագէտները յայտնաբերեցին մեր աշխարհակալ թագաւոր Տիգրան Մեծի կառուցած արցախեան Տիգրանակերտը: Հսկայական հնագիտական նիւթ պեղուեցաւ քաղաքին կառուցուածքին մասին, եւ այդ ժամանակաշրջանէն աներեւակայելի քանակութեան փաստացի նիւթ հաւաքուեցաւ: Ափսոս է, որ այս հսկայական հնագիտական աշխատանքը, որ ցոյց կու տայ այդ աշխարհագրական շրջանի հազարաւոր տարիներու վրայ երկարող հայկական պատկանելիութիւնը, մնացած է ատրպէյճանական բռնագրաւումին ներքեւ:



Ինծի համար Արցախեան վերջին պատերազմին ամէնէն ցաւոտ հետեւանքներէն մէկը բնութեան պագեւած Արցախի զուլալ ջուրն էր։