Արեւելեան Ա․Մ․Ն․-ի Հ․Մ․Ը․Մ․-ի Սկաուտները Տիթրոյթի Մէջ Աւարտեցին Ճամպորիի Վերջին Նախապատրաստական Սեմինարը

Մայիս 29-31-ին, Արեւելեան Ա․Մ․Ն․-ի Հ․Մ․Ը․Մ․-ի 76 սկաուտները համախմբուեցան Տիթրոյթի մէջ՝ մասնակցելու ընդհանուր բանակումի՝ ճամպորիի նախապատրաստական երրորդ եւ վերջին սեմինարին, որ կազմակերպուած էր Շրջանային Սկաուտական Խորհուրդին կողմէ եւ հիւրընկալուած՝ Հ․Մ․Ը․Մ․ Տիթրոյթի մասնաճիւղին կողմէ։ 13-րդ Համա-Հ․Մ․Ը․Մ․-ական Ճամպորիին ընդառաջ, շաբաթավերջը առիթ հանդիսացաւ, որպէսզի Պոսթընէն, Փրուիտեսէն, Նիւ Ճըրզիէն, Շիքակոյէն, Ուաշինկթընէն եւ տեղւոյն Տիթրոյթէն, ժամանած սկաուտները աւարտեն իրենց վերջին պատրաստութիւնները։
Շաբաթավերջի հիմնական նպատակն էր ամրապնդել արեւելեան շրջանի մասնակիցներուն միջեւ եղբայրական կապերը, վերջնականացնել Հայաստանի մէջ նախատեսուած ձեռնարկներու ծրագիրները՝ ներառեալ տաղաւարի օրը, խարոյկահանդէսը եւ շրջանի աշտարակը, ինչպէս նաեւ բարձրացնել սկաուտներու խանդավառութիւնն ու պատրաստակամութիւնը։
Շաբաթ առաւօտեան տեղի ունեցաւ սեմինարի առաջին օրուան բացումը։ Խօսքերով հանդէս եկան շրջանային խմբապետներ՝ Թինա Պարսումեան եւ Շանթ Միհրանեան։
Օրուան ընթացքին սկաուտները մասնակցեցան բազմաթիւ գործունէութիւններու, որոնք նպատակ ունէին զարգացնելու անոնց սկաուտական հմտութիւնները եւ խորացնելու կապը՝ Հ․Մ․Ը․Մ․-ի առաքելութեան հետ։ Անոնք ներգրաւուեցան յանձնախումբերու աշխատանքներու, ծանօթութեան եւ համախմբման խաղերու, ինչպէս նաեւ արշաւի մը, ուր գործնական ձեւով մարզուեցան արտակարգ իրավիճակներու դիմագրաւման մէջ, մասնաւորաբար այն պարագաներուն, երբ վիրաւորի մը օգնութիւն պէտք է ցուցաբերուի առանց համապատասխան բժշկական պարագաներու։
Իւրաքանչիւր գործունէութիւն՝ ըլլայ կանչերու երգեցողութիւն, թէ աշխատանքներու վարժողութիւն, վերահաստատեց Հ․Մ․Ը․Մ․-ական սկաուտական դաստիարակութեան հիմնական արժէքներն ու սկզբունքները։
Շաբաթավերջը աւարտեցաւ փակման արարողութեամբ։ Եզրափակիչ խօսքեր արտասանեցին Թինա Պարսումեան, Շանթ Մեհրանեան եւ շրջանային վարչութեան անդամ Շանթ Ժամկոչեան։ Իր խօսքին մէջ Ժամկոչեան ընդգծեց, թէ որքան հպարտ է Արեւելեան Շրջանի սկաուտներով։ Ան անդրադարձաւ Հայաստանի մէջ գտնուելու ընթացքին սկաուտներուն կրած պատասխանատուութեան եւ քաջալերեց զանոնք շարունակելու իրենց նուիրուած ծառայութիւնը՝ նպաստելով Հ․Մ․Ը․Մ․-ի յետագայ աճին ու զարգացման։
Արարողութեան ընթացքին Տիթրոյթի մասնաճիւղի Փաթիլ Ժամկոչեանին շնորհուեցաւ իր վկայեալ կարգը, որ բարձրագոյնն է շրջանին կողմէ։
Երեկոն աւարտեցաւ խարոյկի շուրջ, ուր սկաուտները վերջին անգամ փորձեցին իրենց Խարոյկահանդէսի ծրագիրը՝ պատրաստուելով Ճամպորիի անմոռանալի օրերուն։

