ԱՐԵՒԵԼԵԱՆ Ա․Մ․Ն․ ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԻ ՀՈՎԱՆԱՒՈՐԱԾ «ՅԱՆՈՒՆ ՀԱՅԻ ՅԱՐԱՏԵՒՄԱՆ» ՀԱՏՈՐԸ

ԵՐԵՒԱՆ․- 2 Յուլիսին, տեղի ունեցաւ Ազգային Առաջնորդարանի եւ Հայաստանի Գրողներու Միութեան հովանաւորած 2026-ի գրական մրցոյթի մրցանակաբաշխութիւնը Գրողներու Միութեան սրահին մէջ։ Այդ առիթով ներկայացուեցաւ «Յանուն հայի յարատեւման» 2025-ի հաւաքածոն, որ կը պարունակէ արձակի, բանաստեղծութեան եւ մանկապատանեկան գրականութեան այն գործերը, որոնք պարգեւատրուած էին անցեալ տարուան մրցանակաբաշխութեան։ Նոր հատորը (223 էջ) խմբագրուած է Լիլիթ Գալստեանի կողմէ եւ լոյս տեսած՝ «Մեծն Ներսէս» բարեգործական կազմակերպութեան հրատարակութեամբ ու Ազգային Առաջնորդարանի հովանաւորութեամբ։
Ա․Մ․Ն․ Արեւելեան Թեմի բարեջան Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Անուշաւան Արքեպիսկոպոս Դանիէլեանի եւ Հայաստանի Գրողներու Միութեան նախագահ՝ Եդուարդ Միլիտոնեանի ներածական խօսքերէն ետք, ներկայացուած են 12 հեղինակներու գործերը՝ Աշոտ Յովսէփեան, Ներսէս Խառատեան, Նանէ Ղազարեան, Ժաննա Յակոբեան (արձակ), Նորայր Գրիգորեան, Յակոբ Յարութիւն, Սամուէլ Կոսեան, Ալիսա Բաղդասարեան (բանաստեղծութիւն), Շանթ Մկրտչեան, Գագիկ Խաչատրեան, Ալվարդ Յովսէփեան եւ Սաթենիկ Ղազարեան ( (մանկապատանեկան գրականութիւն)։

