Գլխաւոր

«Արամ Մանուկեան » Ռազմավարական Ծրագրի Հիմնարկը Հրապարակեց Եկեղեցի–Պետութիւն Բաժանման Վերաբերեալ Կարեւոր Տեղեկագիր Մը

Ուաթըրթաուն, Մասաչուսէց — «Արամ Մանուկեան » Ռազմավարական Ծրագրի Հիմնարկը հրապարակած է նոր քաղաքականութեան փաստաթուղթ մը, որ կ՚ուսումնասիրէ Հայաստանի մէջ եկեղեցի–պետութիւն յարաբերութիւններու վատթարացումը եւ այն, ինչ որ հեղինակները կը բնորոշեն իբրեւ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի կառավարութեան կողմէ Հայ Առաքելական Սուրբ Եկեղեցւոյ դէմ հետզհետէ սաստկացող արշաւ։

«Պաշարուած Եկեղեցի մը. Հայաստանի Անօրէն Արշաւը՝ Հայ Առաքելական Սուրբ Եկեղեցին Լռեցնելու Դէմ» խորագրով՝ 2026-ի Օգոստոսին հրապարակուած 32 էջերէ բաղկացած այս տեղեկագիրը պատրաստած են դոկտ. Ճոն Էյպները, դոկտ. Ժոէլ Վելտքեմփը եւ դոկտ. Փիթըր Ֆլուն։

Տեղեկագիրը կ՚ուսումնասիրէ եկեղեցւոյ կարգավիճակը Հայաստանի Սահմանադրութեան, ներքին օրէնսդրութեան եւ Մարդու Իրաւունքներու Եւրոպական Համաձայնագրի շրջանակներուն մէջ, ապա կառավարութեան վերջին գործողութիւնները կը գնահատէ, համեմատելով այդ իրաւական չափանիշներուն։ Տեղեկագիրը կը պնդէ, թէ եկեղեցւոյ ներքին կառավարմանը միջամտելու փորձերը, ներառեալ Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը պաշտօնէ հեռացնելու նախաձեռնութիւնները, բարձրաստիճան հոգեւորականներու ձերբակալութիւնն ու դատական հետապնդումը, ինչպէս նաեւ ներքին պառակտումներ խրախուսելու փորձերը, կը հանդիսանան կրօնական ինքնավարութեան նկատմամբ անթոյլատրելի պետական միջամտութիւն։

«Այս հարցին նշանակութիւնը շատ աւելի անդին կ՚անցնի կառավարութեան եւ եկեղեցւոյ յարաբերութենէն», կը նշուի զեկոյցին մէջ։ Հայ Առաքելական եկեղեցին կը շարունակէ մնալ Հայաստանի պատմականօրէն ամէնէն կարեւոր եւ հանրութեան կողմէ վստահութիւն վայելող հաստատութիւններէն մէկը։ Տեղեկագրին մէջ վկայակոչուած վերջին հարցախոյզը ցոյց կու տայ, որ հարցախոյզին մասնակցողներուն 77,7 տոկոսը դրական վերաբերմունք ունի Եկեղեցւոյ նկատմամբ։ Հեղինակները կը պնդեն, որ նման հաստատութեան անկախութեան թուլացումը աւելի լայն հետեւանքներ ունի բազմակարծիք ըլլալու, քաղաքացիական հասարակութեան, քաղաքական իշխանութեան նկատմամբ ժողովրդավարական հակակշիռներու եւ Հայաստանի ազգային համախմբուածութեան վրայ։

Սպիտակ թուղթը եկեղեցի–պետութիւն յարաբերութիւններու վատթարացումը կը կապէ 2018-ի թաւշեայ յեղափոխութենէն անմիջապէս յետոյ սկսած ժամանակաշրջանին հետ եւ կը փաստագրէ այն, ինչ որ ան կը բնորոշէ իբրեւ Եկեղեցւոյ քաղաքական ու հռետորական լուսանցքայնացումէն դէպի անոր ղեկավարութեան ինքնավարութեան ուղղակի մարտահրաւէրներու աստիճանական փոխանցում։

Advertisement Donate Today

Զեկոյցը կ՚անդրադառնայ նաեւ նշանաւոր հոգեւորականներու եւ աշխարհական համակիրներու ձերբակալութիւններուն ու կալանաւորումներուն եւ կը պնդէ, թէ այդ գործողութիւնները միասին դիտուած՝ առանձին իրաւապահական դէպքեր չեն, այլ մաս կը կազմեն թիրախաւորուած քաղաքականութեան։

Յատկապէս մտահոգիչ համարելով՝ տեղեկագիրը կառավարութեան կողմէ ներկայացուած ազգային անվտանգութեան եւ քաղաքական հիմնաւորումները կը քննէ Մարդու Իրաւունքներու Եւրոպական Համաձայնագրի 9-րդ յօդուածով սահմանուած չափանիշներու լոյսին ներքեւ։ Հեղինակները կ՛եզրակացնեն, որ Հայաստանի իշխանութիւնները չեն ներկայացուցած այն իրաւական անհրաժեշտութեան կամ համաչափութեան հիմնաւորումները, որոնք կրնային արդարացնել կրօնական կազմակերպութեան ներքին գործերուն պետական միջամտութիւնը։ Զեկոյցը կը նշէ, որ մարդու իրաւունքներու եւրոպական դատական նախադէպերը առանձնայատուկ կարեւորութիւն կու տան կրօնական համայնքներու՝ առանց կամայական պետական միջամտութեան իրենք զիրենք կառավարելու կարողութեան։

Տեղեկագիրը վէճը կը տեղադրէ նաեւ Հայաստանի ազգային ուղղութեան շուրջ աւելի լայն բանավէճի մը մէջ։ Ան կ՚ուսումնասիրէ վարչապետ Փաշինեանի «Իրական Հայաստան» գաղափարը եւ մտահոգութիւններ կը յայտնէ, թէ հայկական ազգային ինքնութիւնը վերասահմանելու, Սահմանադրութիւնը փոխելու եւ Եկեղեցւոյ հանրային դերը նուազեցնելու փորձերը կրնան թուլացնել այն հաստատութիւնները, որոնք պատմականօրէն Հայաստանի Հանրապետութիւնը կապած են համահայկական իրականութեան եւ Սփիւռքին հետ։

Հեղինակները նաեւ կը պնդեն, որ այս զարգացումները պէտք է դիտարկել Ատրպէյճանի եւ Թուրքիոյ շարունակուող ճնշումներուն, ինչպէս նաեւ 2020-էն ետք Հայաստանի անվտանգային միջավայրի վերափոխման գործընթացին մէջ։

Այս տեղեկագիրը մասնաւորապէս քննադատական վերաբերմունք կը ցուցաբերէ արեւմտեան կառավարութիւններու եւ հաստատութիւններու սահմանափակ արձագանգին նկատմամբ։ Մինչ Հայաստանի ժողովրդավարական զարգացումը եւ Եւրոպայի ու Միացեալ Նահանգներու հետ աւելի սերտ յարաբերութիւնները արժանացած են արեւմտեան զգալի աջակցութեան, հեղինակները կը պնդեն, որ կրօնական ազատութեան, ինքնավարութեան եւ օրէնքի գերակայութեան չափանիշները պէտք է հետեւողականօրէն կիրառուին, ներառեալ այն պարագային, երբ խախտումներու մեղադրանքները կը վերաբերին կառավարութեան մը, որ աշխարհաքաղաքական առումով կը դիտուի իբրեւ Արեւմուտքին մօտ։

Զեկոյցը նաեւ կը շեշտէ Christian Solidarity International-ի կողմէ Հայաստանի հետընտրական կառավարութեան համար առաջարկուած քաղաքականութեան հինգ առաջնահերթութիւնները. յարգել Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ կրօնական ազատութիւնն ու ինքնավարութիւնը, աշխատիլ Պաքուի մէջ պահուող հայ քրիստոնեայ պատանդներու անվերապահ ազատ արձակման ուղղութեամբ, պաշտպանել Արցախի մէջ հայկական քրիստոնէական ժառանգութեան պահպանումը, ազատ արձակել Հայաստանի քաղաքական բանտարկեալները եւ աջակցիլ Զուիցերիոյ՝ Արցախի խաղաղութեան նախաձեռնութեան։

Այս տեղեկագիրը ի վերջոյ կը պնդէ, որ Հայաստանի առջեւ դրուած հարցը աւելի մեծ է, քան վարչապետ Փաշինեանի եւ Կաթողիկոսի միջեւ վէճը։ Անիկա կը հանդիսանայ փորձաքար մը՝ պարզելու համար, թէ արդեօք անկախ հաստատութիւնները, ներառեալ կառավարութեան քաղաքականութիւնը վիճարկելու կարողութիւն ունեցող կառոյցները, պիտի շարունակե՞ն ժողովրդավարական պետութեան մը մէջ վայելել իրենց անհրաժեշտ իրաւական ինքնավարութիւնը։

Ինչպէս զեկոյցը կը եզրակացնէ, Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ թուլացումը չի զօրացներ Հայաստանի ինքնիշխանութիւնը, եթէ անոր հետեւանքը ըլլայ եւս մէկ անկախ ազգային հաստատութեան թուլացումը եւ քաղաքական իշխանութեան հետագայ կեդրոնացումը։

Ամբողջական զեկոյցը՝ «Պաշարուած Եկեղեցի մը. Հայաստանի Անօրէն Արշաւը՝ Հայ Առաքելական Սուրբ Եկեղեցին Լռեցնելու Դէմ», հասանելի է, այցելելով կայքէջը․-

https://arammanoukianinstitute.org

***

Ռազմավարական Ծրագրաւորման Արամ Մանուկեան Հաստատութիւնը ստեղծուած է՝ տարբեր բնագաւառներու մասնագէտներու հետ համագործակցելով Հայաստանի, Արցախի եւ Սփիւռքի հայութեան ապագային վերաբերող ծրագիրներ մշակելու նպատակով։

Հաստատութեան հիմնական տեսլականն է աշխատիլ Հայաստանի, Արցախի եւ հայկական Սփիւռքի մէջ բարգաւաճ եւ արդար հասարակութիւն մը ստեղծելու ուղղութեամբ, ուր բոլոր անհատներու իրաւունքներն ու արժանապատուութիւնը կը յարգուին, եւ ուր կը հաստատուին խաղաղութիւն, ժողովրդավարութիւն եւ կայուն զարգացում։

Հաստատութիւնը պիտի որոշէ համապատասխան թիրախային լսարանները, ներառեալ պետական պաշտօնեաներ, քաղաքացիական հասարակութեան կազմակերպութիւններ, ակադեմական շրջանակներ, գործարարներ եւ հասարակութեան լայն խաւերը, որպէսզի իր աշխատանքը հասնի շահագրգիռ կողմերու լայն շրջանակի մը։

Ան նաեւ պիտի ձեւաւորէ բազմազան կազմով մասնագիտական խումբ մը՝ ներգրաւելով տարբեր ոլորտներու ակադեմականներ, գործնական մասնագէտներ, հայկական Սփիւռքի ներկայացուցիչներ եւ երիտասարդներ՝ ազգային մարտահրաւէրներու լուծման ամբողջական տեսակէտ մը ապահովելու համար։

Հաստատութիւնը կը շեշտէ նաեւ կառավարական կառոյցներու, ոչ կառավարական կազմակերպութիւններու, հետազօտական հաստատութիւններու, գործարար շրջանակներու, միջազգային կազմակերպութիւններու եւ սփիւռքեան կառոյցներու հետ գործընկերութիւններու եւ համագործակցութեան կարեւորութիւնը՝ միջոցներն ու գիտելիքը արդիւնաւէտ կերպով համադրելու համար։

Հաստատութեան օրակարգը պիտի կեդրոնանայ հրատապ հարցերու վրայ, ինչպէս են ազգային անվտանգութիւնը, տնտեսական զարգացումը, կրթութիւնը, լաւ կառավարումը, առողջապահութիւնը, Սփիւռքի հետ յարաբերութիւնները եւ շրջակայ միջավայրի կայունութիւնը։

Այս մարտահրաւէրներուն հետազօտութեան վրայ հիմնուած տեսակէտներով եւ քաղաքականութեան առաջարկներով անդրադառնալով՝ Հաստատութիւնը պիտի նպաստէ հայ ժողովուրդի բարելաւման եւ զարգացման։

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Back to top button