Յօդուածներ

ԱՐԱՄ Ա. ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԻՆ ՊԱՏԳԱՄԸ՝ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ Ա. ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ ԱՆԿԱԽՈՒԹԵԱՆ 108-ԱՄԵԱԿԻ ՏՕՆԻՆ ԱՌԻԹՈՎ

ՀԱՒԱՏԱՐԻ՛Մ ՄԱՅԻՍ 28-Ի ՊԱՏԳԱՄԻՆ

Մայիս 28-ը դէպք ու թուական ըլլալէ անդին, խորհրդանիշ է Հայաստանի անկախութեան:

Մայիս 28-ը հոմանիշ է ազգային վեհ իտէալներուն շուրջ համախմբուելու հայ ժողովուրդի հաւաքական կամքին:

Մայիս 28-ը յուշարար է հաւատքի ոյժով ու անմնացորդ նուիրումով ու նո՛յնիսկ արեան նահատակութեամբ հայրենիքին համար պայքարելու ամուր յանձնառութեան:

Այսպէս եղած են մեր պատմութեան խորհրդանիշերը: Անդրանցնելով իրենց ժամանակի նեղ սահմանները, անոնք դարձած են խորհրդանիշ սրբազան արժէքներու, լուսափայլ փարոս՝ մեր կեանքի խաւար ճամբան լուսաւորող, անլռելի զանգակատուն՝ մեզ թմբիրէն արթնցնող, զգաստութեան կոչ՝ կեանքի մոլոր ճամբաներէն զգուշացնող:

Այսպէս է նաե՛ւ Մայիս 28-ը:

Advertisement Subscribe Today

Այս գիտակցութեամբ Մայիս 28-ի ոգիով ու պատգամով սերունդներ կերտուեցան: Եկեղեցի, դպրոց ու ակումբ Մայիս 28-ով խորհրդանշուող Հայաստանի անկախութեան տեսլականով ու գաղափարականով սերունդներ դաստիարակեցին:

Ժամանակները կը փոխուին, սերունդները կը փոխուին, սակայն խորհրդանիշերը կը մնան յաւիտենական: Վա՜յ այն ազգին, որ պատմութեան փոշիներուն տակ կը պահէ իր խորհրդանիշերը: Վա՜յ այն սերունդներուն, որոնք մոռացութեան կը դատապարտեն իրենց ազգային խորհրդանիշերը…:

Կ՚ապրինք անորոշ պայմաններու մէջ: Տագնապներով շրջապատուած ենք Հայաստանի թէ Սփիւռքի մէջ: Բեւեռացումները ներքնապէս կը մաշեցնեն մեր կենսունակութիւնը: Մութ ամպրերով ծածկուած է հայ կեանքի երկինքը:

Կարելի չէ լուռ ու անտարբեր մնալ մեր արմատներէն, արժէքներէն ու իտէալներէն մեզ հեռացնող ներկայ պայմաններուն դիմաց:

Կարելի չէ լուռ ու անտարբեր մնալ մեր կեանքը իմաստաւորած, մեր գոյապայքարը հզօրացուցած,մեր ինքնութիւնը իմաստաւորած խորհրդանիշերուն հանդէպ անտարբերութեան դիմաց:

Նայեցէք մեր պատմութեան:

Մեր ազգային կեանքի ճակատագրական պահերուն ու հայրենիքը դիմագրաւող վտանգներուն դիմաց, մեր ժողովուրդի զաւակները համախմբուած են ի խնդիր հայրենիքի փրկութեան: «Վասն հաւատոյ ու վասն հայրենեաց» սրբազան նշանաբանը սոսկ լոզունգ չէ եղած, այլ զօրաշարժի կոչ եւ պայքարի հրաւէր՝ Աւարայրէն մինչեւ Սարդարապատ եւ Արցախ:

Համախմբուիլ՝ ազգի ու հայրենիքի արժէքներուն ու իտէալներուն շուրջ. համախմբուիլ՝ հայրենիքի անկախութեան ամրապնդման եւ ազգին հզօրացման շուրջ:

Մնալ հաւատարի՛մ Մայիս 28-ի աւանդին ու պատգամին:

ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ

Մայիս 28, 2026

Անթիլիաս

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Back to top button