ԳլխաւորԽմբագրական

All Quiet on the Eastern Front! …Սակայն Մինչեւ Ե՞րբ

«Հայրենիք» – Պոսթըն
Խմբագրական

Թարգմանութեան կարիքը չկայ։ Հանրածանօթ է գերմանացի վիպագիր Էրիխ Մարի Ռըմարքի (1898-1970) All Quiet on the Western Front (Ամէն բան խաղաղ է Արեւմտեան ճակատին վրայ եւ Կէօթէի լեզուով բնօրինակը՝ Im Westen nichts Neues) վէպը, որ հրատարակուած է 1928-ին եւ ապա քանի մը անգամ ալ բեմադրուած` եօթներորդ արուեստի աշխարհէն ներս, նոյնքան հռչակ սփռելով։

Նիւթը՝ Ա. Աշխարհամարտի օրերուն, գերմանացի զինուորներուն պատերազմի ընթացքին կրած ծայրայեղ ֆիզիքական եւ հոգեկան տառապանքն է, ինչպէս նաեւ պատերազմէն տուն վերադարձէն ետք անոնցմէ շատերուն զգացած դառն օտարացումն ու արտասովոր անջատուածութիւնը քաղաքացիական կեանքէն։

Յիշատակելի է, որ այս գործին նորագոյն բեմադրութիւնը կատարած է 2022-ին, գերմանացի Էտուարտ Պերկըրը, գրեթէ 90 տարի ետք, երբ հիթլըրեան օրերուն արգիլուեցաւ եւ ապա, 1933-ի համալսարանական գիրքերու հրկիզումներուն ընթացքին, գրեթէ անգտանելի՝ ամբողջութեամբ վերածուեցաւ մոխիրի։

Վերջին ամիսներուն, քաղաքական աշխարհի կիզակէտն է Միջին Արեւելքը, ուր բուռն եւ քանդիչ ռմբակոծումներ շնչահեղձ ըրին, ո՛չ թէ միայն տեղւոյն բնակիչը, այլ մղոններ հեռու անցուդարձերուն հետեւող ընթերցողը։ Այսպէս, կողմնացոյցը ուղղելով արեւելք, այս օրերուն կարելի է Ռըմարքի գրած բոլոր ժամանակներու մեծագոյն պատերազմական վէպը յիշել եւ փոքր փոփոխութեամբ մը նշել՝ All Quiet on the Eastern Front եզրոյթը։

Advertisement Subscribe Today

Փետրուար 28-ին ծայր առաւ այս պատերազմը, երբ ամերիկեան եւ իսրայէլեան ուժերը լայնածաւալ օդային յարձակում մը կատարեցին Իրանի վրայ։ Թիրախաւորուած էին հրթիռային կայաններ, հակաօդային համակարգեր, հրամանատարական կեդրոններ եւ հիւլէական ենթակառոյցներ։

Իրան շուտով հակադարձեց հրթիռային եւ անօդաչու սարքերու յարձակումներով՝ Իսրայէլի տարածքին եւ Միջին Արեւելքի մէջ գտնուող ամերիկեան ռազմական դիրքերու դէմ։ Հակամարտութիւնը արագօրէն ընդարձակուեցաւ եւ յատկապէս ներառեց Լիբանանը, որ անգամ մը եւս եղաւ քաւութեան նոխազը։

Այսքանը ռազմաճակատներու առնչութեամբ  էր, սակայն ոչ ոք կը սպասէր, որ Իրանի հսկողութեան տակ գտնուող Հերմուզի նեղուցը պիտի ստեղծէր տնտեսական ահաւոր կացութիւն մը՝ կնճռոտ թնճուկ մը, որ ցայսօր կը ցնցէ աշխարհը։

Իրան ծայր աստիճան խստացուցած է Հորմուզի նեղուցով անցնող ծովային երթեւեկութեան վերահսկողութիւնը։ Վերջին հետաքննութիւններու համաձայն, ստեղծուած է ստուգումներու, արտօնութիւններու եւ արտածման տուրքի համակարգ մը, զոր շատ մը դէտեր կը բնորոշեն որպէս Իրանի փաստացի վերահսկողութիւնը՝ աշխարհի կարեւորագոյն նաւային ուղիներէն մէկուն վրայ։

Փխրուն զինադադարը կը շարունակուի։ Մերթ ընդ մերթ Ուաշինկթըն, կամ աւելի ճիշդը՝ Սպիտակ Տան վարձակալ Թրամփ, իր իւրայատուկ ամբոխահաճ խօսքերով կը սպառնայ, թէ պիտի վերսկսի սաստիկ կերպով ռմբակոծել եւ քար ու քանդ ընել Իրանը։

Թեհրանն ալ ժամանակ կը շահի։ Ռուսիոյ եւ Չինաստանի հետ հետզհետէ աւելի ամրապնդելով իր դիւանագիտական համակարգումը, Փաքիստանի ճամբով Ա․Մ․Ն․-ի եւ Իսրայէլի տեղեակ կը պահէ, թէ պիտի չյանձնէ իր հիւլէական ծրագիրը ռազմական սպառնալիքներու տակ։

Հպանցիկ կերպով, այս նիւթը արծարծուեցաւ, երբ վերջերս Թրամփ պաշտօնական այցելութիւն մը տուած էր Պէյճինկ եւ տեսակցած Չինաստանի նախագահ Շի Ճինփինկի հետ։

Ներկայ դրութեամբ իրավիճակը կը մնայ ծայր աստիճան պայթուցիկ։ Թէեւ, փակ դռներու ետին, դիւանագիտական ջանքերը կը շարունակուին Իսլամապատի միջնորդութեամբ, սակայն Միջին Արեւելքի ամբողջ տարածքին մէջ ռազմական ուժերը կը մնան ահազանգային վիճակի մէջ։

Մինչ այդ, All Quiet on the Eastern Front! …Սակայն մինչեւ ե՞րբ։

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Back to top button