Կարօ Արմէնեանի «Մարմին Եւ Արիւն» Գիրքին Շնորհահանդէսը
«Համազգային» հայ կրթական եւ մշակութային միութեան Երեւանի գրասենեակի նախաձեռնութեամբ, Երեւանի պետական համալսարանի հայ բանասիրութեան բաժանմունքի դահլիճին մէջ կայացաւ ամերիկաբնակ գրող, հասարակական գործիչ Կարօ Արմէնեանի բանաստեղծութիւններու ժողովածուին շնորհահանդէսը:
«Մարմին եւ արիւն» ժողովածուն ընթերցողին կը ներկայացնէ հեղինակին վերջին շրջանին ստեղծագործութիւնները: Գիրքի խմբագիրն է գրող, հասարակական գործիչ Յարութիւն Պէրպէրեանը:
Շնորհահանդէսին բացումը կատարուեցաւ «Համազգային»ի Երեւանի գրասենեակի տնօրէն Ռուզան Առաքելեանի ողջոյնի խօսքով: Ան ներկայացուց Կարօ Արմէնեան գրողին, գաղափարակից ընկերոջ, մտաւորականի, հասարակական գործիչին դերն ու գործունէութիւնը ո՛չ միայն գրականութեան, այլեւ` հայ հասարակական-քաղաքական կեանքին մէջ: Ան յայտնեց, որ Արմէնեան մինչեւ օրս կը շարունակէ գրել հայրենիքի եւ հայրենիքին մէջ տեղի ունեցած անցուդարձին մասին, թէկուզ հեռու ըլլայ, կ՛ապրի հայրենիքին ու անոր տագնապներուն հետ: «Մարմին եւ արիւն» աստուածաշնչեան այս խորհուրդը գիտակցաբար վերնագիր ընտրած է Կարօ Արմէնեան, եւ, ինչպէս ինք կ՛ըսէ, ոեւէ մէկը, որուն գործը խարսխուած է բարոյականութեան եւ խիղճի վրայ, անիկա անպայման պիտի ծառայէ հայրենիքին», ընդգծեց ՌուզանԱռաքելեան:
Գրողին ստեղծագործական գործունէութեան եւ նորընծայ ժողովածուին մասին խօսքեր արտասանեցին` «Համազգային»-ի Կեդրոնական վարչութեան անդամ Արտաշէս Շահբազեանը, գրականագէտներ Դաւիթ Գասպարեանը, Սամուէլ Մուրատեանը, Սուրէն Դանիէլեանը, Աբգար Ափինեանը, գրող Ռոլանտ Շառոյեանը, մտերիմ ընկեր Վահան Զանոյեանը, հրապարակախօս Վաչէ Բրուտեանը, պատմաբան Աշոտ Մելքոնեանը, ԵՊՀ հայ բանասիրութեան բաժանմունքի նախագահ Արշալոյս Գալստեանը:
Գրականագէտ Դաւիթ Գասպարեան դիտել տուաւ, որ Կ. Արմէնեանի ոճը նորարական է, իսկ նիւթը հայ մարդն է, նաեւ` ժամանակին մէջ կորսուած մարդը, որ վստահաբար իր պատմութիւնն ու անցեալը իրեն հետ կը կրէ:
Արշալոյս Գալստեան նշեց, որ Կարօ Արմէնեան առաւելաբար ծանօթ է իբրեւ հասարակական բեղուն գործունէութիւն ծաւալող անձ, սակայն ոչ գրող, «մինչդեռ անոր գրականութիւնը արժանի է լաւագոյնս ներկայացուելու»: Ան վկայեց, որ անոր գրական ոճը ազատ է, նիւթերը` հոգեհարազատ, մարդու, հայրենիքի հանդէպ սիրոյ դրսեւորում:
Արտաշէս Շահբազեան յայտնեց «Կարօ Արմէնեանի բանաստեղծութիւնը բանաստեղծի եւ հաւաքական մարդու, հայու հանդիպումն է` խօսելու համար յիշողութեան, սեփական վարքի, ըրածին ու չըրածին, ներկային ու ապագային դիմաց պատասխանատուութեան, պարտքի ու հաւատարմութեան մասին»: Ան աւելցուց, որ կը թուի, թէ արմէնեանական բանաստեղծութիւնը մարդու կռիւ է ճակատագիրին ու աշխարհին հետ, բայց նաեւ սիրոյ խոստովանութիւն է անհանգիստ ու վտանգուած աշխարհին, հայրենի եզերքին, բնութեան ու մարդուն:
Շնորհահանդէսին ներկայ գտնուեցան` հասարակական, քաղաքական գործիչներ, մտաւորականներ, գաղափարակից ընկերներ, ուսանողներ եւ ուրիշներ:

Հայրենիքի ճակատագրով մտահոգ, խօսքը գործի վերածող գրողը միշտ եղած է հայկական պահանջատիրութեան, հայկական ինքնութեան պահպանման առաջնագիծին վրայ: Այս կարեւոր առաքելութեան կողքին, ան իր հաստատուն քայլերը առած է նաեւ գրականութեան ասպարէզին մէջ ընթերցողին ներկայացնելով խորը փիլիսոփայութեամբ, պատկերաւորման առանձնայատկութիւններով եւ ինքնատիպ դրսեւորումներով հարուստ ստեղծագործութիւններ:
Շնորհահանդէսի աւարտին ներկաները կարելիութիւն ունեցան իբրեւ նուէր ձեռք բերելու հեղինակի ժողովածուն, որմէ ետք ձեռնարկը ամփոփուեցաւ հիւրասիրութեամբ:


