ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ «ԿՐՕՆՔԸ»… ՄԻԱՑՆՈՂ ՈՅժ ՄԸ՝ ԱՒԵԼԻ ՈՒԺԵՂ ՔԱՆ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԵԿԵՂԵՑԻՆ ԵՒ ԼԵԶՈՒՆ

  Քրիշչըն Կարպիս (թարգմանեց՝ Հ.Գ.)   ՀԱՅՐԵՆԻՔ Ապրիլ 2014-ի բացառիկ Ստորեւ, թարգմանաբար լոյս կ՛ընծայենք անգլերէն լեզուով պատրաստուած, Ք. Կարպիսի այս յօդուածը, որ գրուած է 2007-ին: Անմերժելի իրականութիւն մըն է որ...

ԻՆՉՈ՞Ւ ԱՌԱՋՆԱՀԵՐԹ ՊԷՏՔ Է ԴԱՌՆԱՅ ԱՐՏԱ-ԴՊՐՈՑԱԿԱՆ ՀԱՅԵՑԻ ԴԱՍՏԻԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆԸ

  Տոքթ. Շահէ Ենիգոմշեան   ՀԱՅՐԵՆԻՔ Ապրիլ 2014-ի բացառիկ Հայեցի դաստիարակութիւնը կը հանդիսանայ ազգային օրակարգներու կարեւորագոյններէն մէկը: Այս գծով Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսարանը երեք համասփիւռքեան կրթական համագումարներ կազմակերպած էր, վերջինը...

ՍԵՐՈՒՆԴԷ ՍԵՐՈՒՆԴ…

  ՀԱՅՐԵՆԻՔ Խմբագրական - Ապրիլ 2014-ի բացառիկ ``Ամէն մարդու ծննդավայրը, հոգ չէ թէ ան խոպան ու անջրդի տեղ մը եղած ըլլայ, քաղցր է իրեն համար: Անոր համար, որ մէկըիր առաջին քայլերը անոր հողին վրայ կ՛առնէ, ու երբ վար իյնայ, իր ճակատը կը զարնէ անոր քարերուն, թէ ոչ` ուրիշ պատճառ մըկայ, չգիտեմ, բայց իմինն ալ, ուրիշներու ունեցածին պէս, քաղցր է ինձ համար``:                                                                                             Արամ Հայկազ Տարագիր, հալածուած ու ցիրուցան եղած հայութիւնը թօթափած է իր ողբեգութիւնը: Բարդոյթ մը, որուն կամայ թէ ակամայիրատես եղած ենք եւ դեռ ալ կ՛ըլլանք: Սերունդները կը փոխուին, ինքնաբերաբար իրենց հետ նաեւ կատարելով փոփոխութիւններ: Այսպէս բոլորովին տարբերպայմաններու մէջ ստեղծուեցաւ նաեւ հայորդիին նոր կենցաղը, մտայնութիւնն ու բարոյականը: Պատահածը սպասուած իրականութիւն մըն էր: Սփիւռքահայ զանազան գաղթօճախներէ ներս, բնական է որ հայորդին քայլպահէր տեղւոյն ապրելակերպին հետ: Այսպէս, հայ գիւղացին փոխած էր իր տեղն ու վայրը եւ դարձած վաճառական,արհեստաւոր, ճարտարագէտ եւայլն: Այո՛, նաեւ փոխուած էին բարոյական ըմբռնումները: Հայորդին քաղքենիացած է: Բարոյական նոր ըմբռնում` յաջողիլ, տեղգրաւել քաղքենիներու շարքին: Այս գծով, տեղին է անգամ մը եւս յիշել ու նկարագրել Արամ Հայկազի այդ տպաւորիչ եւ յուզիչ խօսքերը, ուրան…``համաշխարհայնացում`` կոչեցեալ արհաւիրքէն շատ առաջ, նկատելով Արեւմտեան Աշխարհիչափազանցութիւնները, մեծ յուսախաբութեամբ կ՛արտայայտուէր անփառունակ ``Սանթա Քլոզ``ին մասին, եւինքզինք մանուկի մը տեղ դնելով կը պահանջէր … խորհուրդի, առասպելներու, եւ հրաշքի մէջ թաթխուածԿաղանդ պապը, որ իր հէքիաթներով, մրրիկներու շունչով, դէպի աղբիւր վազքով, մխացող օճախներով, գիտէրգաղտնիքը ծխնելոյզներէն անշշուկ վար իջնալու եւ տղոց գուլպաներն ու կօշիկները լեցնելու:Այսպէս…Հայութեան եւ առ հասարակ հայ մշակոյթի եւ պարզ սովորութիւններու պահպանման եւ յաւերժացման  հարցը,յաճախ կը դրուէր մասնաւորաբար հայ ղեկավարութեան եւ մտաւորականութեան առջեւ, որոնք կրցան վերակառուցել փուլեկածն ու քանդուածը:Եւ այսօր, այդ աշխատանքը կը շարունակուի սերունդէ սերունդ: Հայեցի դաստիարակութիւն` դպրոցական թէ արտա-դպրոցական բնագաւառներէ ներս, նոյնքան կարեւորութեամբ:Կապուած ու կամրջուած է հայը իր անցեալին հետ: Դպրոց, լեզու, գիր, մշակոյթ, գաղափարական երիտասարդութիւն, որ տէր դարձած է իր պատմութեան, հարուստժառանգութեան եւ տոհմին:Սերունդէ սերունդ…աշխատանքը կը շարունակուի Հայոց Ցեղասպանութեան սեմին: Հայրենահանուած հայը դիմած էհայրենադարձութեան, եւ այդ ալ ոչ թէ միայն Հայաստան եւ Արցախ, այլ նաեւ` Արեւմտահայաստան: Ծանօթ.- Կողքի նկարը կը պատկանի ֆրանսացի հանրածանօթ լուսանկարիչ Հանրի Քարթիէ Պրըսոնի (1908-2004), որ կընկատուի ``Ֆօթորեփորթաժ``ի հայրը: Անոր ոսպնեակին իւրայատուկ նկարներէն մէկն է, Սեւանի ափին, 1972 թուականինառնուած այս ակնթարթը: Ակնթարթ մը, որ ընբոշխնելու համար, կարելի է ժամեր տրամադրել:

ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ԱԶԴԵՑՈՒԹԻՒՆԸ ԱՄՆ-Ի ԱՐՈՒԵՍՏԱԳԷՏՆԵՐՈՒ ՎՐԱՅ

 Աւօ Գաթրճեան Հալէպ - Սուրիա Ուսումնասիրական այս աշխատանքը փորձ մըն է խորանալու եւ ուսումնասիրելու Ցեղասպանութեան ազդեցութիւնը եւ անդրադարձը ``Ապրիլեան երգ-երաժշտութեան`` վրայ` երաժշտութեան այն բնագաւառին, որ Հայոց Ցեղասպանութենէն ետք ծնունդ առաւ,...

ՄՇԱԿՈՅԹ, ԳՐԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ,ԱԶԳԱՅԻՆ ԳՈՅԱՏԵՒՈՒՄ

Արմէն Տօնոյեան Լոս Անճելըս - Գալիֆորնիա Տակաւին այն օրերուն, երբ հազիւ իրականացուցած էինք մեր քաղաքական միութիւնը` կը կորսնցնէինք միութիւնը մեր հայրենիքին, բայց մշակոյթն ու գրականութիւնը (հայ դպրութեան հայացումով) օգնութեան հասան...

ԱՐՈՒԵՍՏ.- ԵՂԵՌՆԻ 100-ԱՄԵԱԿԻ ՍԵՄԻՆ

Մովսէս Ծիրանի ``Կերպարուեստը զէնք է թշնամիին վրայ յարձակելու եւ անկէ պաշտպանուելու համար`` -Փապլօ Փիքասօ [caption id="attachment_9596" align="aligncenter" width="300" caption="Նաթալի Լապաքի - ``Վերածնունդ``"][/caption] Պատմութեան ընթացքին ցեղասպանութիւնները իրագործուած են այնպիսի մարդոց ձեռքով,...

“ՀԱՄԱ-ԵՒՐՈՊԱԿԱՆ ԹՐՔԱԿԱՆ ՏԵՂԱՇԱՐԺ ՄԸ ՏԵՂԻ ՈՒՆԵՑԱՒ…ՖՐԱՆՍԱՅԻ ՄԷՋ“ ԿԸ ՅԱՅՏՆԷ ԵՒՐՈՊԱՅԻ ՀԱՅ ԴԱՏԻ ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ԳՐԱՍԵՆԵԱԿԻ ՄԱՄԼՈՅ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉ ՊԵՏՕ ՏԷՄԻՐՃԵԱՆ

 Ծ.Խ.- Անկասկած որ Ֆրանսայի մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան ժխտումը քրէականացնող օրինագծի որդեգրման հարցը, ամիսներ շարունակ մելան հոսեցուց եւ եղաւ վերջին ամիսներու կիզակէտը: Այս առթիւ, յաւելեալ տեղեկութիւններ ստանալու համար, նաեւ աշխարհի հին...
Social profiles