Հ.Յ.Դ. Արեւմտեան Եւրոպայի Կեդրոնական Կոմիտէն Կը Գուժէ Մահը Հայ Դատի Անխոնջ Պաշտպան Ժիւլ Մարտիրոսեանի 

Փետրուար 9-ին, խոր ցաւով տեղեկացանք մեր ընկեր Ժիւլ Մարտիրոսեանի մահուան մասին: Ժիւլ Մարտիրոսեան ծնած է 1938-ին, Իզերի Վիէն քաղաքը: Ան միացած է Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան 1963-ին, երբ արդէն կը ղեկավարէր...

Հայկազեան Հայագիտական Հանդէսի 2022 Տարուան Զոյգ Գիրքերուն Շնորհահանդէսը

Յունուար 19-ի երեկոյեան, Հայկազեան համալսարանի հանդիսասրահին մէջ տեղի ունեցաւ Հայկազեան հայագիտական հանդէսի 2022 տարուան (42-րդ հատոր) զոյգ գիրքերուն (42/1 եւ 42/2) շնորհահանդէսը, ներկայութեամբ Հայկազեան համալսարանի նախագահ վեր. դոկտ. Փoլ Հայտոսթեանի,...

ԴՈԿՏ. ԱԲԷԼ  ՔՀՆՅ. ՄԱՆՈՒԿԵԱՆԻ ԶՈՅԳ  ԳԻՐՔԵՐՈՒՆ ՆՈՒԻՐՈՒԱԾ  ՇՆՈՐՀԱՆԴԷՍ

Ուրբաթ, 13 Յունուարին, ի ներկայութիւն  Մեծի Տանն  Կիլիկիոյ  Ն.Ս.Օ.Տ.Տ.  Արամ  Ա.  Վեհափառի  ներկայացուցիչ գերաշնորհ Կոմիտաս Արք. Օհանեանի, Լիբանանի Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Շահէ Արք. Փանոսեանի, Գերապայծառ Գէորգ Ասատուրեանի, պետական երեսփոխան տիար...

«ՄԱՇՏՈՑ»-Ի ՉՈՐՐՈՐԴ ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆԸ ԼՈՅՍ ՏԵՍԱՒ

  Արամ Ա. Կաթողիկոսին Հայրապետական օրհնութեամբ եւ հրամանաւ, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Մայրավանքի տպարանէն լոյս տեսաւ հայ եկեղեցւոյ խորհրդակատարութեանց գիրքը (ծիսարան)՝ «Մաշտոց»-ը, քննարկուած ու վերստին կարգաւորուած Կաթողիկոսութեան Ազգային Կեդրոնական Վարչութեան...

Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի Ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր Խաչատուրեան Այցելեց Իրան

Վերջերս, Հ․Յ․Դ․ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր Խաչատուրեան ժամանեց Իրան եւ այցելեց շրջանի գաղութները։ 16 Դեկտեմբերին Յակոբ Տէր Խաչատուրեան այցելեց Զէյթուն եւ Սասուն քաղաքամասերուն մէջ գործող  «Նայիրի» եւ «Սիփան» միութիւններ, ծանօթացաւ...

Հայկազեան Համալսարանի Հայկական Սփիւռքի Ուսումնասիրութեան Կեդրոնի «Հայերը Արաբական Ծոցի Երկիրներուն Մէջ» Գիտաժողովը Աւարտեց Իր Աշխատանքները

ՊԷՅՐՈՒԹ․- Յատուկ հաղորդագրութեամբ մը Հայկազեան Համալսարանի Հայկական Սփիւռքի Ուսումնասիրութեան Կեդրոնը կը տեղեկացնէ, թէ  «Հայերը Արաբական Ծոցի Երկիրներուն Մէջ» գիտաժողովը աւարտած է իր աշխատանքները: Պաշտօնական բացման հանդիսութիւնը տեղի ունեցաւ Երեքշաբթի, Դեկտեմբեր...

Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան 132-Ամեակի նշում Պուէնոս Այրէսի մէջ

[metaslider id=54264] Հարաւային Ամերիակայի Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը Նոյեմբեր 26-ին Պուէնոս Այրէսի Հայ Մշակութային Միութեան սրահին մէջ նշեց իր հիմնադրութեան 132-ամեակը: Միջոցառման ընթացքին, որը վարեց Ալմա Թորոսեանը, ցուցադրուեցան Հ.Յ.Դ.-ի եւ Պատանեկան...

Գամիշլիի Համազգայինի մշակութային կեդրոնի եւ Ահարոնեանի կիսանդրիի բացում

Հովանաւորութեամբ Ճեզիրէի Առաջնորդական Փոխանորդ Հոգշ. Տ. Լեւոն Վրդ. Եղիայեանի, Ներկայութեամբ Հ.Յ.Դ. Բիրոյի անդամ, ՀՅԴ Հայ դատի եւ քաղաքական հարցերու գրասենեակի պատասխանատու Կիրօ Մանոյեանի, Արժ. Տ. Պսակ Քհնյ. Պէրպէրեանի, Համազգայինի Սուրիոյ...

Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր Խաչատուրեանի Այցը Շուէտ

  [metaslider id=54042] Շաբաթ, Նոյեմբեր 12-ին, Հ․Յ․Դ․ ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր Խաչատուրեան այցելեց Շուէտ եւ տեղւոյն կոմիտէութեան եւ Հայ դատի յանձնախումբին կազմակերպութեամբ տեղի ունեցան շարք մը քաղաքական հանդիպումներ, յատկապէս Ընկերվար-Ժողովրդավար կուսակցութեան...

Հ․Մ․Ը․Մ․-Ֆրանսին Շնորհուեցաւ Մարզական Համալիր ՄԸ

Հ․Մ․Ը․Մ․-Ֆրանսի Մեկուսի Վարչութիւնը եւ մարզական համալիրի կառուցման յանձնախումբը յատուկ հաղորդագրութեամբ մը կը տեղեկացնեն, թէ Ուրբաթ Հոկտեմբեր 28-ի առաւօտեան, Փարիզի արուարձաններէն Իսի Լէ Մուլինոյի մէջ ստորագրուեցաւ պայմանագիր մը, որ տեղւոյն քաղաքապետութեան...
Social profiles