ՓՐՈ­ՎԻ­ՏԷՆ­ՍԻ ՄԷՋ ԳՈՒ­ՄԱՐ­ՈՒԵ­ՑԱՒ Ա.Մ.Ն. ԱՐԵ­ՒԵԼ­ԵԱՆ ԹԵ­ՄԻ ԱԶ­ԳԱ­ՅԻՆ ԵՐԵՍ­ՓՈ­ԽԱ­ՆԱ­ԿԱՆ 54-ՐԴ ԺՈ­ՂՈ­ՎԸ

0 0
Read Time:11 Minute, 2 Second

 Մի­աց­եալ Նա­հանգ­նե­րու Արե­ւել­եան թե­մի Ազ­գա­յին երես­փո­խա­նա­կան ժո­ղո­վը, գու­մա­րեց իր 54-րդ ժո­ղո­վը` Փրո­վի­տէն­սի մէջ, Մա­յիս 10-էն 12: Հա­մա­ձայն տա­րի­նե­րու ըն­կալ­եալ սո­վո­րու­թեան, Թե­մի Ազ­գա­յին Վար­չու­թեան զոյգ ժո­ղով­նե­րը` Կրօ­նա­կան եւ Վար­չա­կան, գու­մար­ուե­ցան մի­ա­սին, իսկ Կրօ­նա­կան Ժո­ղո­վը ու­նե­ցաւ առան­ձին եօ­թը նիս­տեր եւ խորհր­դակ­ցա­կան հան­դի­պում­ներ, ինչ­պէս նա­եւ հե­ռա­ձայ­նա­յին ժո­ղով­ներ` նա­խա­գա­հու­թեամբ Թե­մի բա­րե­ջան Առաջ­նորդ Սրբա­զան Հօր:

Հո­վա­նա­ւո­րու­թեամբ շրջա­նի Սուրբ Վար­դա­նանց եկե­ղեց­ւոյ եւ նա­խա­գա­հու­թեամբ Թե­մի Բա­րե­ջան Առաջ­նորդ Օշա­կան Արք. Չօ­լոյ­եա­նի, երեք օրե­րու վրայ տե­ւո­ղու­թիւն ու­նե­ցող այս ժո­ղո­վը քննար­կեց Առաջ­նոր­դա­րա­նին, Կրօ­նա­կան ժո­ղո­վին ու Ազ­գա­յին վար­չու­թեան մի­ամ­եայ աշ­խա­տանք­ներն ու ար­ձա­նագր­ուած ար­դիւնք­նե­րը:

Ներ­կայ էին ազ­գա­յին երես­փո­խան­նե­րուն մեծ մա­սը, հո­գե­ւոր դա­սի ան­դամ­ներ, ազ­գա­յին վար­չու­թեան ան­դամ­ներ, հո­գա­բար­ձու­թեանց ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­ներ եւ հրա­ւիր­եալ­ներ:

Կրօ­նա­կան ժո­ղո­վի նոր ան­դամ ընտր­ուե­ցաւ Տէր Կո­մի­տաս Աւագ Քհնյ. Պաղ­սար­եան (Փրո­վի­տէնս): Ազ­գա­յին վար­չու­թեան ան­դամ վե­րընտր­ուե­ցան Ստե­փան Յա­կոբ­եան (Կրա­նիթ Սի­թի), Յա­կոբ Անդ­րա­նիկ­եան (Ուայ­թընզ­վիլ, Մա­սա­չու­սէց), Ռաֆ­ֆի Ուրլ­եան (Տիթ­րոյթ, Մի­շի­կըն): Նոր ան­դամ ընտր­ուե­ցաւ Սար­գիս Օհան­նէս­եան (Նիւ Ճըր­զի):

Մշակ­ուե­ցաւ յա­ռա­ջի­կայ տար­ուան ծրա­գի­րը, ապա կա­տար­ուե­ցան կրօ­նա­կան ժո­ղո­վի եւ ազ­գա­յին վար­չու­թեան ընտ­րու­թիւն­նե­րը:

Անց­եալ տար­ուայ տե­ղե­կագ­րին մէջ, նշուած է թէ Առաջ­նորդ Սրբա­զան Հայ­րը կա­նո­նա­ւոր եւ հե­տե­ւո­ղա­կան կեր­պով կապ պա­հած է Արամ Ա. Վե­հա­փառ Հայ­րա­պե­տին հետ` նա­մա­կագ­րու­թեամբ եւ հե­ռա­ձայ­նա­յին հա­ղոր­դակ­ցու­թեամբ:

Անց­նող տա­րեշր­ջա­նի ըն­թաց­քին Սրբա­զան Հայ­րը երեք առիթ­նե­րով գտնուած է Վե­հա­րան: Մի­աս­նա­բար քննուած են զա­նա­զան հար­ցեր: Մարտ 7-21-ին, Սրբա­զան Հայ­րը ըն­կե­րակ­ցու­թեամբ Ազ­գա­յին Կեդ­րո­նա­կան Վար­չու­թեան ան­դամ Տոքթ. Տրդատ Ման­կիկ­եա­նին եւ Տի­ար Ճէք Մար­տոյ­եա­նին, Ան­թիլ­ի­ա­սի մէջ մաս­նակ­ցե­ցաւ Ազ­գա­յին Կեդ­րո­նա­կան Վար­չու­թեան լի­ա­կա­տար նիս­տե­րուն եւ Կի­լիկ­իոյ Կա­թո­ղի­կո­սու­թեան առաջ­նորդ­նե­րու եւ Թե­մա­կան ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րու ժո­ղո­վին: Առանձ­նա­պէս քննարկ­ուե­ցան Թե­մի կապ­ուած հար­ցեր եւ Վե­հա­փառ Հայ­րա­պե­տին Հոկ­տեմ­բեր 2012-ին Թե­մի տա­լիք հով­ուա­պե­տա­կան այ­ցե­լու­թեան առնչ­ուած ման­րա­մաս­նու­թիւն­նե­րը:   Նա­եւ, Առաջ­նորդ Սրբա­զան Հայ­րը մնա­յուն կա­պի մէջ մնաց Ամե­նայն Հա­յոց Կա­թո­ղի­կոս Նո­րին Սուրբ Օծու­թիւն Տ. Տ. Գա­րե­գին Բ. Հայ­րա­պե­տին հետ, քննար­կե­լով Հայ Եկե­ղեց­ւոյ ներ­կայ կա­ցու­թեան դի­մագ­րա­ւած մար­տահ­րա­ւէր­նե­րը եւ ծի­սա­կան ու կա­նո­նա­կան հար­ցե­րը:

 Մե­ծի Տանն Կի­լիկ­իոյ Կա­թո­ղի­կո­սու­թիւնը եւ Ամե­րի­կա­յի Արե­ւել­եան Թե­մը բծախնդ­րու­թեամբ առաջ կը տա­նին միջ-եկե­ղե­ցա­կան յա­րա­բե­րու­թիւն­ներ: Անց­նող տար­ուան ըն­թաց­քին այդ յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րը պահ­ուե­ցան կա­նո­նա­ւոր կեր­պով` Առաջ­նորդ Սրբա­զան Հօր ջան­քե­րով ու մա­նա­ւանդ Թե­մի Առաջ­նոր­դա­կան Փո­խա­նորդ` Գե­րաշ­նորհ Տ. Անու­շա­ւան Եպիս­կո­պոս Դանի­էլ­եա­նի աշ­խա­տան­քով, որ իր Առաջ­նոր­դա­կան Փո­խա­նոր­դի պաշ­տօ­նին առըն­թեր Մե­ծի Տանն Կի­լիկ­իոյ Կա­թո­ղի­կո­սու­թեան միջ-եկե­ղե­ցա­կան յա­րա­բե­րու­թեանց ներ­կա­յա­ցու­ցիչն է Ամե­րի­կա­յի Մի­աց­եալ Նա­հանգ­նե­րուն մէջ եւ կը մաս­նակ­ցի Հա­մաշ­խար­հա­յին Եկե­ղե­ցի­նե­րու Խոր­հուր­դի Ամե­րի­կա­յի բա­ժան­մուն­քի` WCC-ի Faith and Order Commission-ի ժո­ղով­նե­րուն:

Առաջ­նորդ Սրբա­զան Հայ­րը ներ­կա­յաց­նե­լով Մե­ծի Տանն Կի­լիկ­իոյ Կա­թո­ղի­կո­սու­թիւնը, Օգոս­տոս 24-29, 2011-ին մաս­նակ­ցե­ցաւ Աս­սիզիի (Իտալ­իա) մէջ գու­մար­ուած միջ-կրօ­նա­կան Խա­ղա­ղու­թիւն եւ Ար­դա­րու­թիւն Հա­մա­գու­մարին, հրա­ւէ­րո­վը քա­հա­նա­յա­պետ Բե­նե­տիկ­տոս 16-րդի: Աշ­խար­հի բո­լոր կրօն­նե­րու ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րուն հետ, աղօ­թա­կան պա­հե­րով եւ մարդ­կու­թեան եղ­բայ­րու­թեան սկզբունք­նե­րով, բո­լոր ներ­կա­նե­րը շեշ­տե­ցին կա­րե­ւո­րու­թիւնը խա­ղաղ գո­յակ­ցու­թեան, ար­դա­րու­թեան հաս­տատ­ման եւ փո­խա­դարձ յար­գան­քի:

Արե­ւել­եան Ամե­րի­կա­յի եւ Գա­նա­տա­յի Թե­մե­րուն մէջ ծա­ռա­յող հո­գե­ւո­րա­կան­նե­րու Սրբոց Ղե­ւոնդ­եանց տօ­նի մի­աց­եալ հա­մա­գու­մա­րը տե­ղի ու­նե­ցաւ Փետր­ուար 13-16, 2012-ին, նա­խա­գա­հու­թեամբ` Առաջ­նորդ` Բարձ­րաշ­նորհ Տ. Օշա­կան Ս. Ար­քե­պիս­կո­պոս Չօ­լոյ­եա­նի եւ Գա­նա­տա­յի Թե­մին Առաջ­նորդ` Բարձ­րաշ­նորհ Տ. Խա­ժակ Ս. Ար­քե­պիս­կո­պոս Յա­կոբ­եա­նի, եւ հիւ­րըն­կա­լու­թեամբ` Նիւ Ճըրզիի Սրբոց Վար­դա­նանց Եկե­ղեց­ւոյ Հովիւին ու Հո­գա­բար­ձու­թեան: Հա­մա­գու­մա­րի խորհր­դա­ծու­թեան գլխա­ւոր նիւթն էր Նո­րին Սուրբ Օծու­թիւն Տ. Տ. Արամ Ա. Վե­հա­փա­ռի հայ­րա­պե­տա­կան պատ­գա­մը, որով 2012 թուա­կա­նը կը հռչա­կէր “Հայ Գիր­քի Տա­րի“: Քննարկ­ուե­ցան նա­եւ հով­ուա­կան կեան­քի հետ առնչ­ուած զա­նա­զան հար­ցեր եւ մտա­հո­գու­թիւն­ներ:

Թե­մի մէջ ծա­ռա­յող եկե­ղե­ցա­կան­նե­րու չոր­րորդ հո­գե­ւոր հա­ւա­քը տե­ղի ու­նե­ցաւ Հոկ­տեմ­բեր 9-12 , 2011-ին, Ղպտի Եկե­ղեց­ւոյ Սուրբ Կոյս Մար­ի­ամ հո­գե­ւոր կեդ­րո­նին մէջ (Չարլ­թըն, Մասաչու­սէց), մաս­նակ­ցու­թեամբ Թե­մի եկե­ղե­ցա­կան հայ­րե­րուն:

Կրօ­նա­կան եւ դաստ­ի­ա­րակ­չա­կան աշ­խա­տանք­ներն ու ծրա­գիր­նե­րը կ՛իրա­կա­նաց­ուին Ազ­գա­յին Առաջ­նոր­դա­րա­նի Կրօ­նա­կան Դաստ­ի­ա­րա­կու­թեան գրա­սեն­եա­կին կող­մէ, որուն վա­րիչ քար­տու­ղարն է Բա­րեշ­նորհ Շանթ Աւագ Սար­կա­ւագ Գա­զանճ­եա­նը: Կրօ­նա­կան դաստ­ի­ա­րա­կու­թիւնը կը հան­դի­սա­նայ Առաջ­նոր­դա­րա­նի կա­րե­ւոր առա­քե­լու­թիւն­նե­րէն մէ­կը, որուն հա­մար թէ՛ Առաջ­նոր­դա­րա­նը եւ թէ՛ մեր բո­լոր հա­մայնք­նե­րը կը գոր­ծադ­րեն ու կ՛իրա­կա­նաց­նեն ծրագր­ուած բո­լոր աշ­խա­տանք­նե­րը: Ըլ­լա՛յ Աւե­տա­րա­նի ճշմար­տու­թեանց տա­րա­ծու­մը եւ այս նպա­տա­կով նուիր­եալ ան­ձե­րու պատ­րաս­տու­թիւնը, ըլ­լա՛յ պա­տա­նի­նե­րու մօտ հա­ւատ­քի նե­րար­կու­մը եւ ըլ­լա՛յ գործ­նա­կան նպա­տակ­նե­րով օգ­տա­կար գիր­քե­րու հրա­տա­րա­կու­թիւնը կո­րի­զը կը կազ­մեն այն կեն­սա­կան աշ­խա­տան­քին, որով Թեմ կը ջա­նայ քրիս­տո­նէ­ա­կան հա­ւատ­քը վառ պա­հել եւ տա­րա­ծել մեր հա­ւա­տաց­եալ­նե­րուն մէջ:

Կի­րա­կի, Մարտ 25-ին, Նիւ Եոր­քի մէջ նշուե­ցաւ Առաջ­նոր­դա­կան Փո­խա­նորդ Գերշ. Տ. Անու­շա­ւան Եպիս­կո­պոս Դանի­էլ­եա­նի քա­հա­նա­յա­կան ձեռ­նադ­րու­թեան 40-ամ­եա­կը: 1984-ին Մի­աց­եալ Նա­հանգ­ներ ժա­մա­նե­լէ ի վեր, Անու­շա­ւան Սրբա­զան հո­գե­ւո­րա­կան, մտա­ւո­րա­կան եւ անձ­նա­կան իր ձիր­քե­րը ի սպաս դրած է մեր թե­մին: Անոր գոր­ծու­նէ­ու­թիւնը միշտ բարձր գնա­հատ­ուած է հա­ւա­տաց­եալ­նե­րուն կող­մէ, որոնք փու­թա­ցած էին խուռ­նե­րամ ներ­կայ գտնուե­լու թէ՛ Ս. Պա­տա­րա­գի արա­րո­ղու­թեան Տակ­լըս­թը­նի Ս. Սար­գիս եկե­ղեց­ւոյ մէջ, որուն հո­գե­ւոր հովիւը եղած էր Անու­շա­ւան Սրբա­զան իր վար­դա­պե­տու­թեան շրջա­նին, եւ թէ՛ յո­բե­լի­նա­կան ճաշ­կե­րոյ­թի մը` Terrace on the Park ճա­շա­րա­նի շքեղ վեր­նա­յար­կին մէջ (Ֆլա­շինկ, Նիւ Եորք): Շնոր­հա­ւո­րան­քի ու գնա­հա­տան­քի իր խօս­քը բե­րաւ նա­եւ Մի­աց­եալ Ազ­գե­րու Կազ­մա­կեր­պու­թեան մօտ Հա­յաս­տա­նի մշտա­կան ներ­կա­յա­ցու­ցիչ` դես­պան Կա­րէն Նա­զար­եա­նը: Ցու­ցադր­ուե­ցաւ յա­տուկ տե­սե­րիզ մը` յո­բել­եա­րի կեան­քին ու վաս­տա­կին մա­սին:

Հրա­մա­նաւ եւ կար­գադ­րու­թեամբ Թե­մի Առաջ­նորդ Հօր եւ հա­ւա­նու­թեամբ Առաջ­նոր­դա­րա­նիս Ազ­գա­յին Վար­չու­թեան, Տ. Հրանդ Քա­հա­նայ Գէ­որգ­եան ստանձ­նեց Րէյ­սի­նի Սուրբ Յա­կոբ Եկե­ղեց­ւոյ եւ Ուո­քի­կը­նի Ս. Պօ­ղոս Եկե­ղեց­ւոյ հո­գե­ւոր հովիւի իր պաշ­տօ­նը Նո­յեմ­բեր 1, 2011-ին:

Ս. Գրի­գոր Տա­թե­ւա­ցի ամառ­նա­յին լսա­րա­նի 25-րդ տար­ուան դա­սըն­թացք­նե­րը տե­ղի ու­նե­ցան Յու­լիս 3-10, 2011-ին, Էլ­վըր­սըն, Փեն­սիլ­վան­իա­յի մէջ: Տա­սը հա­մայնք­նե­րէ եկած ու­սա­նող­նե­րուն ընդ­հա­նուր թիւն էր 56:

Յու­լիս 4-ին, Ամե­րի­կա­յի Ան­կա­խու­թեան Տօ­նին առի­թով, տե­ղի ու­նե­ցաւ աւան­դա­կան դաշ­տա­հան­դէ­սը, որուն սե­ղա­նա­կից դար­ձան Առաջ­նորդ Սրբա­զան Հայ­րը, շրջա­նիս ազ­գա­յին­նե­րը եւ հա­մա­գու­մա­րի կեդ­րո­նի բնա­կիչ­նե­րը: Քսան տա­րի­նե­րու գո­վե­լի սո­վո­րու­թեան հա­մա­ձայն, ու­սա­նող­նե­րու եւ կեդ­րո­նի բնա­կիչ­նե­րուն հա­մար պատ­րաստ­ուած հա­մա­դամ ճա­շե­րը պատ­րաստ­ուած եւ նուիր­ուած էին Armenian Delight-ի սե­փա­կա­նա­տէր` Տի­կին Աստ­ղիկ Գա­զանճ­եա­նին կող­մէ:

2011-ին Ս. Գրի­գոր Տա­թե­ւա­ցի լսա­րա­նը բո­լո­րեց իր 25-րդ ամ­եա­կը: Այս առի­թով Առաջ­նորդ Սրբա­զան Հայ­րը նշա­նա­կած էր յանձ­նա­խումբ մը, բաղ­կա­ցած լսա­րա­նի 20 շրջա­նա­ւարտ­նե­րէ` գլխա­ւո­րու­թեամբ Տոքթ. Ար­սէն Մի­քա­յէլ­եա­նի եւ Տոքթ. Ճորճ Պէր­պէր­եա­նի: Ար­ծա­թեայ յո­բել­եա­նի տօ­նա­կա­տա­րու­թիւնը տե­ղի ու­նե­ցաւ Յու­լիս 9, 2011-ին Ֆի­լա­տելֆ­իա­յի Ս. Գրի­գոր Լու­սա­ւո­րիչ Եկե­ղեց­ւոյ սրա­հին մէջ:

Առաջ­նորդ Սրբա­զան Հայ­րը բարձր գնա­հա­տեց Առաջ­նոր­դա­կան Փո­խա­նորդ Անու­շա­ւան Եպիս­կո­պո­սի Տես­չա­կան 25-ամ­եայ անմ­նա­ցորդ ծա­ռա­յու­թիւնը: Նոր Տե­սուչ նշա­նակ­ուե­ցաւ Տէր Նա­րեկ Քա­հա­նայ Թրթրեա­նը:

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles