ՍՈՒՐԲ ՍԱՐ­ԳԻՍ ԵԿԵ­ՂԵՑ­ՒՈՅ “ՍԻՒ­ԶԱՆ ԵՒ ՅՈՎ­ՍԷՓ ՅԱ­ԿՈԲ­ԵԱՆ“ ՇԱ­ԲԱ­ԹՕՐ­Ե­ԱՅ ՎԱՐ­ԺԱ­ՐԱ­ՆԻ ԱՄԱ­ՎԵՐ­ՋԻ ՀԱՆ­ԴԷ­ՍԸ

0 0
Read Time:6 Minute, 53 Second
Նախակրթարանի շրջանաւարտները.- ձախէն աջ` Ռաֆֆի Յակոբեան,Արեւ Եփրէմեան, Ալէքսանտրա Գասպարեան,Ալէքս Գասապեան

ՄԱՐԻԱ ՇԱՄԼԵԱՆ-ԵՓՐԷՄԵԱ

Տակ­լըսթ­նի Սուրբ Սար­գիս եկե­ղեց­ւոյ “Սիւ­զան եւ Յով­սէփ Յա­կոբ­եան“ Շա­բա­թօր­եայ վար­ժա­րա­նի ամա­վեր­ջի հան­դէսն ու վկա­յա­կան­նե­րու բաշ­խու­մը տե­ղի ու­նե­ցաւ, Կի­րա­կի Մա­յիս 6-ին, կ.ե. ժա­մը 1:00-ին եկե­ղեց­ւոյ “Չատրճ­եան“ սրա­հին մէջ:

Ման­կա­պար­տէ­զի շրջա­նա­ւարտ­ներ.- ձա­խէն աջ` Էտի Հա­զար­եան, էրիք Ակիս­թի, Անտ­րիւ Կո­կիս­եան եւ Քար­թըր Թէն­պէքճ­եան

Հան­դի­սու­թեան ներ­կայ էին Առաջ­նոր­դա­կան փո­խա­նորդ Գերշ. Անու­շա­ւան Եպս.Դանի­էլ­եա­նը, եկե­ղեց­ւոյ հո­վիւ Ար­ժա­նա­պա­տիւ Տէր Նա­րեկ Քհնյ. Թրթրեան, հո­գա­բար­ձու­թեան  ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­ներ` Վար­ժա­րա­նի տնօ­րէ­նու­հին ու­սուց­չա­կան կազ­մը, ծնող­ներ, հա­րա­զատ­ներ ու հրա­ւիր­եալ­նե­րու հոծ բազ­մու­թիւն մը:

Սրբա­զան հօր բաց­ման աղօթ­քէն ետք վար­ժա­րա­նի տնօ­րէ­նու­հին Տի­կին Նա­յի­րի Զոհ­րապ­եան, բա­րի գա­լուստ մաղ­թեց ներ­կա­նե­րուն  եւ ջեր­մա­գին բա­րե­մաղ­թու­թիւն­նե­րով շնոր­հա­ւո­րեց ու գնա­հա­տեց ծնող­նե­րու ու­նե­ցած վստա­հու­թիւնն ու հա­ւատ­քը վար­ժա­րա­նին հան­դէպ:

Մե­ծի Տանն Կի­լիկ­իոյ Արամ Ա. Կա­թո­ղի­կոս 2012 տա­րին  հռչա­կած էր Հայ Գիր­քի տա­րի եւ այս առու­մով հան­դէ­սի յայ­տա­գի­րը  նուիր­ուած  էր եւ կը  շեշ­տէր Հայ գիր­քի եւ Հայ լեզ­ուի պահ­պա­նու­մին  մա­սին:

Բա­ցու­մը տե­ղի ու­նե­ցաւ Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պե­տու­թեան  օրհ­ներ­գով, որ­մէ ետք  տնօ­րէ­նու­հին բեմ հրա­ւի­րեց Ու­սուց­չա­կան կազ­մը` ծաղ­կեփուն­ջե­րով  պար­գե­ւատ­րե­լու որը նուիր­ուած էր վար­ժա­րա­նի հո­գա­բար­ձու­թեան ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րու` Տոքթ. Ա. Գա­զէզ­եա­նի եւ Տի­կին Մ. Արս­լան­եա­նի կող­մէ:

Յայ­տագ­րի սկիզ­բը ման­կամ­սու­րի բող­բոջ եւ կո­կոն դա­սա­րան­նե­րու փոք­րիկ­նե­րը բեմ բարձ­րա­ցան իրենց գե­ղա­զարդ հա­գուստ­նե­րով, զուար­ճա­լի երաժշ­տա­կան կտոր­ներ եր­գե­ցին ու  ար­տա­սա­նե­ցին: Ար­տա­սա­նե­ցին “Հայ Լե­զունեւԾի­տիկը  ապա եր­գե­ցին “Լո­րիկ“, “Կար­միր Հնդիկ­ներ“, “Ձեռքձեռ­քիեւՃկոյ­թիկ եր­գե­րը: Թա­տե­րա­կա­նաց­ուած ներ­կա­յա­ցու­ցին “Շող­գամը: Մատ­ղաշ Փոք­րիկ­նե­րը ու­րա­խա­ցու­ցին ներ­կա­նե­րը, իրենց հա­մար­ձակ եւ  յստակ ու ճշգրիտ  առո­գա­նու­թեամբ: Ներ­կա­նե­րը ծա­փող­ջիւն­նե­րով գնա­հա­տե­ցին փոք­րիկ­նե­րուն աշ­խա­տան­քը:

Այս տա­րի ման­կա­պար­տէ­զէն ու­նե­ցանք չորս շրջա­նա­ւարտ­ներ` Անտ­րու Կո­կիս­եան, Էտի Հա­զար­եան, Քար­թըր  Թէն­պէքճ­եան եւ Էրիք Ակիս­թի:

Արեւմ­տա­հա­յե­րէն բաժ­նի Ա.եւ Բ. կար­գի աշա­կերտ­նե­րը ներ­կա­յա­ցու­ցին “Բուն բա­րե­կեն­դանթա­տե­րա­խա­ղը:

Բ. կար­գէն. Մայ­քըլ Մէ­նէշ­եան մաս­նակ­ցե­ցաւ “Հա­մազ­գա­յին“ի աշա­կեր­տա­կան մրցոյ­թի (կար­դալ էջ` 11) անգ­լե­րէ­նէ- հա­յե­րէն բա­ռա­գի­տու­թեան եւ բաժ­նին եւ հինգ հար­ցում­նե­րուն անս­խալ պա­տաս­խա­նե­լով պար­գե­ւատր­ուե­ցաւ թէ  դպրո­ցէն եւ թէ “Հա­մազ­գա­յին“էն:

Նա­խակր­թա­րա­նէն  Մայ­քըլ Մէ­նէշ­եան եւ Ճի­ո­վա­նա Մէ­յօ (Բ.կարգ),  իսկ   Սիւ­զան­նա եւ  Էտ­ուարտ Սար­գիս­եան­ներ (Ա. կարգ) իրենց մաս­նակ­ցու­թիւնը բե­րին դաշ­նա­մուր նուա­գե­լով:

Արե­ւե­լա­հա­յե­րէ­նի բաժ­նի Ա. եւ Բ. կար­գի աշա­կերտ­նե­րը                         աս­մուն­քե­ցին առան­ձին եւ խմբո­վին հե­տեւ­եալ­նե­րը:

Ա. Ծա­տուր­եա­նէն` “Կար­դա՛“, Յ. Թու­ման­եա­նէն “Այբ­բե­նա­րան“, Սիլ­վա­Կա­պու­տիկեա­նէն “Հայ Լեզու“, Կ.Պաս­տարճ­եա­նէն “Մես­րոպ­եան տա­ռեր եւ Ա. Ստե­փան­եա­նէն “Մայ­րե­նի Լե­զու:

Արեւմ­տա­հա­յե­րէ­նի  բաժ­նի Գ. եւ Դ. կար­գե­րու աշա­կերտ­նե­րը ար­տա­սա­նե­ցին “Մեր Լե­զուն եւ “Ա.Բ.Գ“-ը:

Ե. եւ Զ. կար­գե­րու աշա­կերտ­նե­րը ար­տա­սա­նե­ցին Պա­րոյր Սե­ւա­կէն Մօր Ձեռ­քե­րը եւ Հա­մօ  Սահ­եա­նէն Մեր Լե­զուն:

Նա­խա­պէս շրջա­նա­ւարտ չորս աշա­կերտ­ներ` Քրիս­տա­փոր Մկրեան, Սե­ւակ Եփ­րեմ­եան, Սե­ւակ Յա­կոբ­եան եւ Շանթ Մկրեան կար­դա­ցին Արամ Ա. Կա­թո­ղի­կո­սի պատ­գա­մէն` Հայ գիր­քի մա­սին հա­մար­ներ: Այս չորս աշա­կերտ­նե­րը եւս մաս­նակ­ցե­ցան “Հա­մազ­գա­յին“ի կազ­մա­կեր­պած աշա­կեր­տա­կան մրցոյ­թին հայ­կա­կան գի­տե­լիք­նե­րու բաժ­նին մա­սին եւ չորսն ալ անս­խալ պա­տաս­խա­նե­լով ստա­ցան նուէր­ներ դպրո­ցէն եւ Հա­մազ­գա­յի­նէն: ԱՊ­ՐԻ՛Ք տղաք:

Յայ­տագ­րի յա­ջոր­դող բա­ժի­նով նա­խակր­թա­րա­նի աշա­կերտ­նե­րը ներ­կա­յա­ցու­ցին փունջ մը եր­գեր ղե­կա­վա­րու­թեամբ եր­գի ու­սուց­չու­հի տիկ. Զեփիւռ Արծիւ­եա­նի, դաշ­նա­կի  ըն­կե­րակ­ցու­թեամբ տիկ. Հայ­կու­հի Մկրեա­նի:

Մայքլ Մենէշ­եան, Քրիս­տա­փոր Մկրեան, Սե­ւակ Յա­կոբ­եան, Սե­ւակ Եփ­րէմ­եան, Շանթ Մկրեան

Անոնք եր­գե­ցին “Դպրո­ցա­կան Քայ­լերգ“, “Շո­ղեր Ջան“, “Արիւ­նոտ Դրօշ“, “Կե­նաց ԵրգեւՀրա­ժեշ­տի Երգ:

Վե­ցե­րորդ դա­սա­րա­նի չորս շրջա­նա­ւարտ­ներ` Արեւ Եփ­րեմ­եան, Ալեքս Գա­սապ­եան,  Ալեք­սանտ­րա Գաս­պար­եան եւ Ռաֆ­ֆի Յա­կոբ­եան, իրենց աւար­տա­կա­նի յա­տուկ կա­պոյտ տա­րա­զով խան­դա­վառ ու պա­տաս­խա­նա­տու կեց­ուած­քով եր­գե­ցին եւ ըն­թեր­ցե­ցին  իրենց հրա­ժեշ­տի խօս­քե­րը հա­յե­րէ­նով:

Վկա­յա­կան­նե­րու բաշխ­ման հան­դի­սա­ւոր արա­րո­ղու­թիւնը կա­տա­րեց Ար­ժա­նա­պա­տիւ` Տէր Նա­րեկ Քհն. Թրթրեան: Ան շնոր­հա­կա­լու­թիւն յայտ­նեց տնօ­րէ­նու­թեան, ու­սուց­չա­կան կազ­մին, Ծնո­ղաց Միու­թեան, որոնք ձեռք-ձեռ­քի կը գոր­ծակ­ցին ամ­բողջ տար­ուայ ըն­թաց­քին եւ որուն ար­գա­սիքն է այ­սօր­ուայ այս շքեղ հան­դէ­սը: Ան շնոր­հա­ւո­րեց բո­լոր շրջա­նա­ւարտ­նե­րը եւ ուղ­ղեց իր սրտի խօս­քը  ըսե­լով.-Այս վար­ժա­րա­նը ձեր տուն էայ­ցե­լե­ցէ՛ք զայն: Աւար­տին  իւ­րա­քան­չիւր շրջա­նա­ւարտ ստա­ցաւ նուէր­ներ նուիր­ուած վար­ժա­րա­նիս հո­գա­բար­ձու­թեան`  Տոքթ. Արամ Գա­զէզ­եա­նի եւ տի­կին Մէյ­րի Արս­լան­եա­նի կող­մէ:

Հան­դէ­սի աւար­տին խտա­սա­լի­կով  ցու­ցադր­ուե­ցան վար­ժա­րա­նի կեան­քէն առն­ուած լու­սան­կար­ներ: Բա­րե­մաղ­թու­թիւն­նե­րով վերջ գտաւ հան­դէ­սը:

Ն

 

 

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles