ՊԱՀԱՆՋՔ ԱՐԴԱՐՈՒԹԵԱՆ… ՈԳԵԿՈՉՈՒՄ ՏԻԹՐՈՅԹԻ ՄԷՋ

0 0
Read Time:6 Minute, 57 Second

Անդրանիկ Գարատօլեան

Նա­խա­ձեռ­նու­թեամբ  Տիթ­րոյ­թի  Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թեան Մի­աց­եալ Յանձ­նա­խում­բին, Շա­բաթ, Ապ­րիլ 19-ի, երե­կոյ­եան ժա­մը 7:00ին, Տիր­պորն քա­ղա­քի Հա­յոց Առա­քե­լա­կան Սուրբ Սար­գիս եկե­ղեց­ւոյ յա­րա­կից “Լիլի­ըն-Առա­քել­եան“ սրա­հին մէջ տե­ղի ու­նե­ցաւ Եղեռ­նի ոգե­կոչ­ման 97-րդ ամ­եա­կին նուիր­ուած քա­ղա­քա­կան ձեռ­նար­կը: Ներ­կայ էր Սէնտր Լա­ւը­նի ներ­կայ­ցու­ցիչ` Պրն. Ճէմս Ճէք­սըն: Ան կա­րդաց Լա­ւը­նի գրու­թիւնը, որո­ւն մէջ, ան իր զօ­րակ­ցու­թիւնը կը յայտ­նէր Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թիւնը պե­տա­կա­նօ­րէն ճա­նաչ­ման գոր­ծըն­թաց­քին, ինչ­պէս նա­եւ Հա­յաս­տա­նի եւ Ար­ցա­խի յատ­կաց­ուե­լիք նիւ­թա­կան օժան­դա­կու­թեան: Իսկ Մարք Շու­շան­եան կը ներ­կա­յաց­նէր Տիր­պորն քա­ղա­քա­պե­տը: Ներ­կայ էր Սուրբ Սար­գիս եկե­ղեց­ւոյ հո­գե­ւոր հո­վիւ Արժպ. Տէր Տա­րօն Քհնյ. եւ Հայ Աւե­տա­րա­նա­կան եկե­ղեց­ւոյ պատ­ուա­կալ հո­գե­ւոր հո­վիւ վե­րա­պատ­ուե­լի Դոկտ. Վա­հան Թու­թիկ­եան եւ շուրջ 450 ներ­կա­ներ:

Օր­ուան հնդի­սա­վարն էր Տիթ­րոյ­թի Հ.Յ.դաշ­նակ­ցու­թեան “Ազա­տա­մարտ“ կո­մի­տէ­ու­թեան հեր­թա­պահ ընկ. Րաֆ­ֆի Ուրլ­եան: Ան իր բա­րի գա­լուս­տի խօս­քէն ետք, սրահ հրա­ւի­րեց Հ.Ե.Դաշ­նակ­ցու­թեան “Կո­պեռ­նիկ Թանտրճ­եան“ մաս­նա­ճիւ­ղի եւ Հ.Մ.Ը.Մ. գայ­լիկ­նե­րու եւ մրջնիկ­նե­րը որոնք կա­տա­րե­ցին Ամե­րի­կա­յի, Հա­յա­սանի եւ Ար­ցա­խի Դդօ­շակ­նե­րու տե­ղադ­րու­մը: Որ­մէ ետք տիկ. Հէ­լէն Մով­սէս­եա­նի դաշնա­կի ըն­կե­րակ­ցու­թեամբ Էմը­լի Մով­սէս­եան եր­գեց Ամե­րի­կա­յի եւ Հա­յաս­տա­նի քայ­լերգ­նե­րը:

Ապա, յոտն­կայս մէկ վայրկ­եան յար­գե­լէ ետք Մեծ Եղեռ­նի նա­հա­տակ­նե­րուն յի­շա­տա­կը, Րաֆ­ֆի Ուրլ­եան կար­դաց անուն­նե­րը Մեծ Եղեռ­նէն վե­րապ­րած ու տա­կա­ւին կեն­դա­նի ան­հատ­նե­րու անուն­նե­րը.- Ար­մե­լա Գար­ման, Հէ­լէն Տայ­եան, Օղիկ Մու­րատ­եան, Աս­եա Սէր­ճէ­վան Բոս­թուն­եան-Թի­րօ­վա, Սար­գիս Տէ­միրճ­եան եւ Սի­մոն Թաշճ­եան:

Օր­ուան բա­նա­խօսն էր “Պա­հա­պան Հրեշ­տակ­ներ“ կազ­մա­կեր­պու­թեան հիմ­նա­դիր ու ղե­կա­վար Քրթըս Սլիուան: Նա­եւ բեմ հրա­ւիր­ուե­ցաւ պրն. Դա­ւիթ Թէր­զի­պաշ­եա­նը, որ­պէս­զի հա­յե­րէն լե­զուով տայ իր պատ­գա­մը: Ան ըսաւ.- “97-տա­րի­ներ առաջ թուրք կա­ռա­վա­րու­թեան կող­մէ ի գործ դրուած Ցե­ղաս­պա­նու­թիւնը տա­կա­ւին կը շա­րու­նակ­ուի Թուրք­իոյ տա­րած­քին տար­բեր ձե­ւե­րով վե­րապ­րող հա­յե­րու նկատ­մամբ: Ար­մա­շի Դպրե­վան­քի տե­սուչ Մա­ղա­քի Արք. Օր­մա­նեան իր ազ­գա­պա­տու­մի գրքին մէջ ման­րա­մասն նկա­րագ­րած է թուրք կա­ռա­վա­րու­թեան կող­մէ ի գործ դրուած Հայ հո­գե­ւո­րա­կա­նաց դա­սուն նկատ­մամբ հա­լա­ծան­քը ու ապա նա­հա­տակու­թիւնը, որոնց թիւը 4.-հա­զա­րէ աւե­լի է: Կ՛անդ­րա­դառ­նայ նա­եւ Սե­բաստ­իոյ Ս. Նշան վա­քէն 300 ման­րան­կար­չու­թեան ձե­ռա­գիր­նե­րու կո­ղո­պու­տը, որոնք անխ­նայ բճա­ցան թուրք հա­սա­րա­կու­թեան կող­մէ որ­պէս փաթթ­ուե­լիք թուղթ գո­ծած­ուե­ցան նպա­րա­վա­ճառ­նե­րու կող­մէ: Հա­մաշ­խար­հա­յին երկ­րորդ պա­տե­րազ­մի նա­խօր­եա­կին, Մուս­թա­ֆա Քե­մա­լի բա­նա­կին թնդա­նօթ­նե­րու կող­նէ որ­պէս նշա­նա­կէտ թի­րախ դար­ձան հայ ճար­տա­րապե­տու­թեան թան­կա­գին եւ անն­ման կո­թող­ներ, բեր­դեր, վանքեր ու եկե­ղե­ցի­ներ: Պղծուե­ցան ու տա­կա­ւին կը շա­րու­նակ­ուի սրբա­տե­ղի­նե­րու, գե­րեզ­մա­նա­տու­նե­րու ու բիւ­րա­ւոր խաչ­քա­րե­րու պղծումն ու ան­հե­տա­ցու­մը: …Այ­սօր հա­ւաք­ուած ենք հա­ւա­քա­բար յար­գե­լու եւ ոգե­կո­չե­լու Մեծ Եղեռ­նի նա­հա­տակնե­րու յի­շա­տա­կը: Անոնց ոգին ու պահա­նջա­տի­րա­կան պատ­գա­մը մեր մէջ մնա­յուն ներ­կա­յու­թեան վե­րա­ծենք, չդադ­րի ղօ­ղան­ջը մեր ականջ­նե­րուն, որ­պէս­զի դառ­նայ մղիչ ուժ պա­հե­լու մեր լե­զուն, ինք­նու­թիւնը, մշա­կոյ­թը, հա­ւատ­քը եւ ազ­գա­յին ար­ժա­նիք­նե­րը:

Հինգ տա­րի­ներ առաջ շրջա­նէն ազ­գա­յին մը` Էտ­կար Յա­կոբ­եան գե­ղե­ցիկ գա­ղա­փար մը յղա­ցած էր “Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նութեան“ ճա­նաչ­ման քա­րոզ­չա­կան մար­զէն ներս հիմ­նած էր “Յա­կոբ­եան“ հիմ­նադ­րամ մը, որուն կը մաս­նակ­ցին Տիթ­րո­յի­թի պե­տա­կան երկ­րոր­դա­կան վար­ժա­րան­նե­րու աշա­կեր­տու­թիւնը, շա­րադ­րու­թեան նիւթ ու­նե­նա­լով “Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թիւն“ը:

Հինգ տա­րի­ներէ ի վեր առանց ընդ­մի­ջու­մի Մեծ Եղեռ­նի ոգե­կոչ­ման քա­ղա­քա­կան հան­դի­սու­թեան առ­թիւ կը շա­րու­նակ­ուի նիւ­թա­կան պար­գե­ւատ­րու­մը: Այս տա­րի ձե­ռամբ իր տղուն Պրն. Էտ­մընտ Յա­կոբ­եա­նի սոյն նի­թա­կան պար­գեւ­նե­րը ստա­ցան հե­տեւ­եալ երեք աշա­կերտ­ներ….:

Ա.-Մրցա­նա­կը $.500 տո­լար ստա­ցաւ  Պլում­ֆիլտ Հիլզ քա­ղա­քի Էն­տո­վըր պե­տա­կան երկ­րոր­դա­կան վար­ժա­րա­նի12-րդ դա­սա­րա­նի աշա­կեր­տու­հի Աշ­լի Փի­քու­լա:

Բ.- Մրցա­նա­կը $.250 տո­լար ստա­ցաւ Պրրմինկ­հէմ քա­ղա­քի Սի­հոլմ պե­տա­կան երկ­րոր­դա­կան վար­ժա­րա­նի 10-րդ դա­սա­րա­նի աշա­կեր­տու­հի Անն Քիւ­րէճ­եան:

Գ.-Մրցա­նա­կը $.150 տո­լար ստա­ցան Պլում­ֆիլտ Հիլզ քա­ղա­քի Էն­տո­վըր պե­տա­կան երկ­րոր­դա­կան վար­ժա­րա­նի 11-րդ դա­սա­րա­նի աշա­կեր­տու­հի  Նա­ղէմ Ալ­պիր: Ձեռ­նար­կը ճոխ էր գե­ղար­ուես­տա­կան յայ­տագ­րով, ուր ելոյթ ու­նե­ցան ջու­թա­կա­հար Հէ­րի Յո­վա­կիմ­եան եւ աս­մուն­քող Անի Գարճ­եան: Առա­ջի­նը  նուա­գեց կտոր­ներ  Կո­մի­տա­սէն, իսկ երկ­րոր­դը ար­տա­սա­նեց եղեռ­նի նա­հա­տած բա­նաս­տեղծ Սի­ա­ման­թո­յի “Ափ Մը Մո­խիր“ բա­նաս­տեղ­ծու­թիւնը:

Օր­ուայ հան­դի­սու­թիւնը իր աւար­տին հա­սաւ Հո­գե­ւոր հայ­րե­րու “Պահ­պա­նի­չով“:

Նա­խանց­եալ տա­րի­նե­րու նման, այս տա­րի ալ, Ապ­րիլ 24-ին, Տիթ­րոյ­թի երեք յա­րան­ուա­նու­թեան հո­գե­ւոր հայ­րե­րու մաս­նակ­ցու­թեամբ, երե­կոյ­եան ժա­մը 6:30ին, Սուրբ Սար­գիս եկե­ղեց­ւոյ մէջ, ի յի­շա­տակ Մեծն Եղեռ­նի նա­հա­տակնե­րուն մա­տուց­ուե­ցաւ Սուրբ պա­տա­րագ:

Օր­ուան պա­տա­րա­գիչն Սուրբ Սար­գիս եկե­ղեց­ւոյ հո­գե­ւոր հո­վիւ Արժպ. Տէր Տա­րօն Քհնյ. Ստե­փան­եան: Ըն­թացս պա­տա­րա­գին անգ­լե­րէն լե­զուով իր պատ­գա­մը փո­խան­ցեց Պատ­ուե­լի Տա­րաուի:

 

 

 

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles