ԱզգայինԼրահոս

Հայ Դատի Յանձնախումբին Դէմ Ատրպէյճանական Արշաւ՝ Լոնտոնի «Ափոլլօ» Հիմնարկին Միջոցաւ

 


Լոնտոն հաստատուած Apollo Strategic Communications հիմնարկին կողմէ 2 Մարտին, ամերիկեան լրատուամիջոցներուն ուղարկուած նամակով մը, վերջիններուն խմբագիրները առաջարկած են իրականացնել «ոչ հրապարակային քննարկումներ»՝ նպատակ ունենալով արատաւորել Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը, ինչպէս նաեւ արժեզրկել եւ վարկաբեկել անոր գործունէութիւնը։

Ամերիկեան լրատուամիջոցներուն ուղարկուած նամակը բացայայտուած է Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբին կողմէ։ Ուշագրաւ է, որ Հայ Դատի յանձնախումբին վերաբերեալ խոստացուող «տեղեկատուութիւն»ը ամբողջութեամբ կը համապատասխանէ Հայ Դատի համակարգին դէմ պայքարին մէջ Ատրպէյճանի եւ Թուրքիոյ կողմէ օգտագործուող կեղծ պնդումներուն։

Նաեւ, հետապնդումները ցոյց կու տան, որ Apollo Strategic Communications-ի գլխաւոր ընկերութեան՝ RSK Group-ին կը պատկանի naeu Azerbaijan Environment and Technology Centre Ltd. ընկերութիւնը, որ լայնածաւալ ծրագիրներ կ՛իրականացնէ Ատրպէյճանի տարածքին, մասնաւորապէս՝ Կասպեան ծովու տարածաշրջանին մէջ, իսկ Apollo-ն 2009էն ի վեր կը գործէ քանի մը անուններով՝ Red Public Relations Limited եւ Apollo Public Relations Limited։

Ատրպէյճանի ակնյայտ առաջնորդութեամբ մղուող այս արշաւին համար օգտագործուած են են նաեւ հայեր եւ Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքացիներ, ներառեալ Հայաստանի Ազգային ժողովի պատգամաւոր մը։

2 Մարտ թուակիր նամակով ամերիկեան մամուլի պատասխանատուներուն կ՛առաջարկուի Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը վարկաբեկող տեղեկատուութեան փոխանցում հետեւեալ անձերուն հետ հանդիպումներու միջոցով.

Advertisement Subscribe Today

1. Եւրոպայի ապահովութեան եւ համագործակցութեան հարցերու ամերիկեան յանձնաժողովէն բարձրաստիճան աշխատակից մը,

2. Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի «Քաղաքացիական Պայմանագիր» իշխող խմբակցութեան պատգամաւոր Մարիա Կարապետեան,

3. Պատմաբան Նժդեհ Յովսէփեան,

4. «Քարնըկի» հիմնարկի այցելու ուսումնասիրող եւ Թուրքիոյ խորհրդարանի նախկին անդամ Կարօ Փայլան։

Աւելի ուշ, Կարօ Փայլան հերքեց այս արշաւին իր մասնակցութիւնը՝ գրելով. «Լրագրողներուն իմ անունով ուղարկուած են գրութիւններ Հայաստանի վերաբերեալ, զորս ես չեմ լիազօրած»։

Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը Apollo Strategic Communications-էն կը պահանջէ՝ անյապաղ բացայայտել այս հակաքարոզչական արշաւին պատասխանատուները։

Յաւելեալ տեղեկութիւններու համար այցելել anca.org կայքը:

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Back to top button