Լրահոս

Հ.Օ.Մ.-Ի “ԼԷ­Օ­ԼԱ ՍԱ­ՍՈՒ­ՆԻ“ ՄԱՍ­ՆԱ­ՃԻՒ­ՂԻ ՀԱ­ՐԻՒ­ՐԱՄ­ԵԱԿ

Հ.Օ.Մ.ի ``Լէօլա Սասունի`` եւ ``Շուշի`` մասնաճիւղերու ընկերուհիներ

Հ.Օ.Մ.-ի Ուա­թըր­թաու­նի (Մա­սա­չու­սէց) “Լէ­օ­լա Սա­սու­նի“ մաս­նա­ճիւ­ղը իր աւան­դա­կան Գո­հա­բա­նու­թեան Տօ­նի առ­թիւ ձեռ­նար­կած 100-ամ­եա­կի Ճաշ­կե­րոյ­թը տե­ղի ու­նե­ցաւ Կի­րա­կի, Նո­յեմ­բեր 20-ին Հայ Մշա­կու­թա­յին եւ Կրթա­կան կեդ­րո­նէն ներս: 230-է աւե­լի հիւ­րեր քա­ջա­լե­րե­ցին մաս­նա­ճիւ­ղի ձեռ­նար­կը, վա­յե­լե­լով ան­դամ­նե­րուն պատ­րաս­տած հա­մա­դամ ճաշն ու հիւ­րա­սի­րու­թիւնը: Օր­ուան յայ­տագ­րին մաս կազ­մեց Եր­գիչ Վա­չէ Սար­գիս­եան եւ իր նուա­գա­խում­բը, հին ու նոր եր­գե­րով ճո­խա­ցուց մթնո­լոր­տը:

Տէր Հայր Անդ­րա­նիկ Պալճ­եան ընթ­րի­քին իր օր­ուան պատ­գա­մը փո­խան­ցեց եւ օրհ­նեց ներ­կա­նե­րը գո­հա­բա­նա­կան աղօթք­նե­րով ու փա­ռա­բա­նեց Հ.Օ.Մ.-ի առա­քե­լու­թիւնը աշ­խար­հաց­րիւ: Հ.Օ.Մ.-ի Արե­ւել­եան Մի­աց­եալ Նա­հանգ­նե­րու Շրջա­նա­յին Վար­չու­թիւն ներ­կա­յա­ցու­ցիչ` Քա­րոլ Ճա­ֆար­եան, “Շու­շի“ մաս­նա­ճիւ­ղի ըն­կե­րու­հի­ներ, Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Պոս­թընի մաս­նա­ճիւ­ղի վար­չու­թեան ներ­կա­յա­ցու­ցիչ Ստե­փան Չի­լոյ­եան, “Սար­դա­րա­պատ“ Կո­մի­տէի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ Գէ­որգ Ապ­տալ­եան, Հ.Ե.Դ.-ի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ Կա­րէն Չի­լոյ­եան իրենց ներ­կա­յու­թեամբ քա­ջա­լե­րե­ցին “Լէ­օ­լա Սա­սու­նի“ մաս­նա­ճիւ­ղի Հա­րիւ­րամ­եա­կի նուիր­ուած գո­հա­բա­նու­թիւն-մո­մա­վա­ռու­թիւն այս ձեռ­նար­կը:

Ընկհ. Սիրան Չէքիճեան եւ Մարի Պազարեան մոմավառութեան ընթացքին

Մաս­նա­ճիւ­ղի ատե­նա­պե­տու­հի` Մա­րի Պա­զար­եան, իր խօս­քին մէջ անդ­րա­դար­ձաւ Հ.Օ.Մ.-ի նպա­տակ­նե­րուն, ինչ­պէս նա­եւ մաս­նա­ճիւ­ղի մա­կար­դա­կի վրայ աշ­խա­տանք­նե­րուն որոնք կը սա­տա­րեն ծրա­գիր­նե­րու իրա­կա­նաց­ման, ըլ­լան անոնք կրթան­պաստ­ներ, կամ նիւ­թա­կան օժան­դա­կու­թիւն Հայ Վար­ժա­րան­նե­րու, Քէմփ Հա­յաս­տա­նի եւ կամ Հա­յաս­տա­նի ծրա­գիր­նե­րուն, ինչ­պէս Հ.Օ.Մ.-ի Մօր ու Ման­կան Ծննդա­տան Կեդ­րո­նին, Ման­կա­պար­տէզ­նե­րուն, Որ­բախ­նամ ծրագ­րին, Կա­րի­քը մեծ է ու ժա­մա­նակն է առա­ւել ներդ­րում ու­նե­նալ, յայտ­նեց Պա­զար­եան, որ բազ­միցս ստանձ­նած է մաս­նա­ճիւ­ղի վար­չա­կան աշ­խա­տանք­ներ:  Ան շնոր­հա­կա­լու­թիւն յայտ­նեց ու բարձր գնա­հա­տեց ան­դամ­նե­րուն ան­շա­հախն­դիր մօ­տե­ցումն ու զո­հո­ղու­թիւնը իրա­գոր­ծե­լու Հ.Օ.Մ.-ի առա­քե­լու­թիւնը:  Ան շնոր­հա­կա­լու­թիւն յայտ­նեց բո­լոր ներ­կա­նե­րուն իրենց առա­տա­ձեռն նուի­րա­տուու­թեան, որուն ար­դիւնք կը վստա­հեց­նենք, թէ Հ.Օ.Մ.-ը պի­տի շա­րու­նա­կէ հա­րիւր տա­րի­ներ եւս.

Հ.Օ.Մ.-ի ըն­կե­րու­հի­ներ եւ ներ­կա­ներ մաս­նակ­ցե­ցան մո­մա­վա­ռու­թեան ու Հ.Օ.Մ.-ի հա­րիւ­րամ­եա­կը նշող կար­կան­դա­կին, որուն ար­դիւնք ներ­կա­ները խան­դա­վառ­ուած ու ազդ­ուած իրենցառա­տա­ձեռն նուի­րա­տուու­թեամբ մաս­նա­ճիւ­ղի ձեռ­նար­կը յա­ջո­ղու­թեան գա­գաթ­նա­կէ­տին հաս­ցու­ցին:

Որ­մէ ետք վի­ճա­կա­հա­նու­թիւնը քաշ­ուե­ցաւ, գե­ղե­ցիկ ոս­կե­ղէն­նե­րը ճիշդ ժա­մա­նա­կին էին Ծնուն­դի Տօ­նին:

Հայ Օգ­նու­թեան Միու­թիւնը հիմն­ուած է Մի­աց­եալ Նա­հանգ­նե­րու Նիւ Եորք նա­հան­գի Նիւ Եորք քա­ղա­քին մէջ 1910ին:  Հ.Օ.Մ.-ը իր առա­ջին Պատ­գա­մա­ւո­րա­կան Ժո­ղո­վը գու­մար­ած է Մա­յիս 30, 1915ին, Մի­աց­եալ Նա­հանգ­նե­րու Մա­սա­չու­սեց Նա­հան­գի Պոս­թըն քա­ղա­քին մէջ, մաս­նակ­ցու­թեամբ 33 մաս­նա­ճիւ­ղե­րու: Այս կազ­մա­կեր­պու­թիւնը որ սկիզ­բը կը ճանչց­ուէր Հայ Կար­միր Խաչ անու­նով, հիմն­ուած է ի սփիւռս ցրուած Հայ Ժո­ղո­վուր­դին ծա­ռա­յե­լու, որ­պէս նպաս­տա­մա­տոյց հաս­տա­տու­թիւն:

Հայ Օգ­նու­թեան Միու­թիւնը այ­սօր ու­նի 15,000 աշ­խոյժ ան­դամ­ներ 27 եր­կիր­նե­րու մէջ. բա­րե­սի­րա­կան այս կազ­մա­կեր­պու­թիւնը ոչ հա­սու­թա­բեր, ինք­նա­վար, ոչ-կա­ռա­վա­րա­կան եւ ոչ-դա­ւա­նա­կան մար­դա­սի­րա­կան կազ­մա­կեր­պու­թիւն մըն է, որ կը ծա­ռա­յէ հայ ժո­ղո­վուր­դի մարդ­կայ­նա­կան կա­րիք­նե­րուն եւ կը ձգտի պաշտ­պա­նել Հայ Ազ­գին մշա­կու­թա­յին ինք­նու­րոյ­նու­թիւնը: Անոր գե­րա­գոյն նպա­տակ­նե­րէն է օժան­դա­կել Հայ Ժո­ղո­վուր­դի ըն­կե­րա­յին, կրթա­կան, առող­ջա­պա­հա­կան եւ բա­րե­սի­րա­կան շի­նիչ ճի­գե­րուն:

Հ.Օ.Մ-ի Արե­ւել­եան Ա.Մ.Ն.-ի մա­սին յա­ւել­եալ տե­ղե­կու­թիւն ու­նե­նա­լու  հա­մար այ­ցե­լե­ցէք www.arseastusa.org

 

Լ. ՄՍԸՐԵԱՆ

(թարգմ.` անգլերէնէ)

 

Hairenik Media Hairenik Media

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Back to top button