Լրահոս

Բաց Նամակ՝ Աջակցելու Հայ Գերիները Ազատ Արձակելու Ջանքերուն

Աշխարհի հայկական  եկեղեցիներու միացեալ ներկայացուցիչները միասնաբար դիմեցին աշխարհի քրիստոնեաներուն` Ատրպէյճանի մէջ բանտարկուած ռազմագերիները եւ քաղաքացիները անյապաղ ու անվերապահօրէն ազատ արձակելու հրատապ կոչով: Կը նշուի, որ ասիկա կ՛արտայայտէ խոր  հաւատարմութիւնը քրիստոնէական արժէքներուն եւ մարդկային արժանապատուութեան նկատմամբ, կ՛ընդգծէ  խաղաղութեան ու հաշտեցման հրատապ անհրաժեշտութիւնը:  Կոչը կ՛ընդգծէ բռնութիւնը եւ անմարդկային վերաբերմունքը դադրեցնելու կարեւորութիւնը, անկախ ազգութենէն, բոլոր մարդոց բնածին արժանապատուութեան հանդէպ յարգանքի դրսեւորումը: Լուսարձակի տակ կ՛առնուի այն, որ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ տեւական խաղաղութեան ճամբան կրնայ հարթուիլ միայն մարդասիրական հարցերու լուծումով` ռազմագերիներու եւ այնտեղ պահուող քաղաքացիներու հայրենադարձման միջոցով:

«Սա պարզապէս անմեղ մարդկանց ազատ արձակելու կոչ չէ, այլ, արդարութեան, արժանապատուութեան եւ մարդկութեան վերականգնման խնդրանք: Այս անձինք, որոնց ձերբակալել են հակամարտութեան ընթացքում, ենթարկւում են աներեւակայելի տառապանքների, եւ նրանց շարունակական կալանքը մարդկային պարկեշտութեան եւ քրիստոնէական կարեկցանքի բոլոր սկզբունքների ոտնահարում է: Յանուն մեր ընդհանուր հաւատքի` մենք այլեւս չենք կարող լռել: Հիմա գործելու ժամանակն է:… Մենք կոչ ենք անում կառավարութիւններին, միջազգային կազմակերպութիւններին եւ բոլոր բարի կամքի տէր մարդկանց` դատապարտել ցուցադրական այս դատավարութիւնը` որպէս քաղաքական եւ ոչ օրինական, եւ ճնշում գործադրել դրանում ներգրաւուած իշխանութիւնների վրայ` վերադարձնելու այս անմեղ մարդկանց իրենց հարազատ տները: Երես մի թեքէ՛ք այլոց տառապանքներից: Կանգնէ՛ք մեր կողքին: Կանգնէ՛ք յանուն արդարութեան եւ խաղաղութեան», կը նշուի նամակ-կոչին մէջ, որ ստորագրած են Ամէնայն Հայոց եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւններու զանազան թեմերէն առաւել քան հարիւր հոգեւորականներ։

Hairenik Media Hairenik Media

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Back to top button