Եւրոխորհրդարանի Կոչը՝ Ազատ Արձակելու Պաքուի Մէջ Բանտարկուած Հայերը
ՍԹՐԱԶՊՈՒՐԿ․- Եւրոխորհրդարանը, Մարտ 13-ին, 523 թեր, 3 դէմ եւ 84 ձեռնպահ ձայներով որդեգրեց «Ատրպէյճանի կողմէ հայ պատանդներու, ներառեալ Լեռնային Ղարաբաղի բարձրաստիճան քաղաքական ներկայացուցիչներու ապօրինի ձերբակալութիւնը եւ անոնց դէմ շինծու դատավարութիւնները» խորագիրով բանաձեւը՝ դատապարտելով հայ պատանդներուն հանդէպ անմարդկային վերաբերմունքը եւ պահանջելով անոնց անյապաղ ու անվերապահ ազատ արձակումը։
Եւրոխորհրդարանը շեշտեց հայ գերիները ազատ արձակելու, անոնց դէմ դաժան վերաբերմունքի համար պատասխանատու անձեր հաշուետուութեան ենթարկելու դիւանագիտական ջանքերու հրատապ անհրաժեշտութիւնը, եւ Եւրոպական խորհուրդին կոչ ուղղեց՝ պատժամիջոցներ կիրարկելու Ազրպէյճանի մարդու իրաւունքներու խախտումներու պատասխանատու պաշտօնատարներուն դէմ, որոնց շարքին, դատաւորներ Զէյնալ Աղայեւի, Ժամալ Ռամազանովի եւ Անար Ռըզայեւի դէմ։
«