Սուրիական Երկխօսութիւն Եւ Ապա՝ Ջարդ
«Հայրենիք» – Պոսթըն
Խմբագրական
Ազգային երկխօսութիւն, հաշտութիւն եւ համերաշխութիւն․․․ Այս բոլորը որոշ տեսադաշտի մը մէջ ի դերեւ ելած են։ Սուրիա մխրճուած է լուրջ եւ բարդ կացութեան մը մէջ։ «Քորդեան հանգոյց» մըն է ստեղծուածը, որ կրնայ տարածուիլ շրջանին մէջ, դէպի Միջին Արեւելեան այլ երկիրներ։
Մօտաւորապէս երեք ամիսէ առաջ տապալեցաւ Ասատի վարչակարգը եւ հակառակ տրուած խոստումներուն, բացայայտ է որ կարելի չէ եղած անդորրութիւն հաստատել երկրի տարածքին։ Երկրին մօտաւորապէս 15 առ հարիւրը կազմող ալեւիներու հարցը չէ, որ կը զբաղեցնէ նոր – եւ ժամանակաւոր – իշխանութիւնը, որովհետեւ կան բազմաթիւ այլ փոքրամասնութիւններ եւ հոսանքներ, որոնց կարգին՝ Իսրայէլի սահմանամերձ շրջանի տիւրզիներն ու հիւսիս-արեւելեան շրջանին մէջ ինքնավարութիւն հաստատած քիւրտերը։ Թէեւ Դամասկոսի իշխանութիւնը քիւրտերուն հետ համաձայնութիւն մը կնքեց այս շաբաթ, սակայն անիկա ի՞նչ տարազումով պիտի գործնականանայ՝ կը սպասէ յաւելեալ յստակացումի: Եւ ուշագրաւ էր, որ սա յաջորդեց քիւրտերու մէկ ազդեցիկ ղեկավարին՝ Օճալանի (բանտարկուած՝ Թուրքիոյ մէջ) այն կոչին, որ քիւրտերը պէտք է զէնքերը վար դնեն Թուրքիոյ մէջ, եւ անոր կուսակցութիւնը՝ Քիւրտ Աշխատաւորականները (PKK) պատրաստակամութիւն յայտնեց ընդառաջելու…
Ծանրակշիռ ու արիւնալի ճակատումը պատահեցաւ ալեւիներով բնակուած ծովեզերեայ շրջաններու մէջ, յատկպէս մեծագոյն քաղաքին՝ Լաթաքիոյ, ու մօտակայ նաւահանգիստներուն՝ Թարթուսի ու Պանիասի, եւ անշուշտ Ասատի ծննդավայր Քըրտահայի մէջ։
Արդեօք այս դէպքերը Դամասկոսի ներկայ իշխանութեան հակակշիռէն դո՞ւրս էին, իշխանութիւնը կրնա՞ր կանխարգիլել նման արիւնահեղութիւն։ Բազմաթիւ տեսերիզներ ցոյց կու տան, թէ անիշխանութիւն տիրած է եւ առիթէ օգտուելով՝ կատարուած են «վանտեթա»-ները (վրէժխնդրութիւն)։
Օրին, այսինքն 11 Դեկտեմբերին, երբ Ալ Շարաա ստանձնեց երկրին ղեկը, նշեց եւ ապա կրկնեց, որ պիտի մոռցուի անցեալը եւ նոր էջ մը բացուի Սուրիոյ պատմութեան մէջ։
Այս դէպքերը նշա՞ն են, որ երկիրը հեռու է այդ երազային ապագայէն։
Ներկայ իրավիճակը աչքի առջեւ ունենալով, կարելի է որոշ հետեւութիւններ ընել: Օրինակ՝
1. Փուլ եկած է, ընդհանուր առումով, Սուրիոյ պաշտպանական կարողութիւնը։ Մեծ մասամբ կազմալուծուած է, առնուազն թուլացած՝ ցամաքային, ծովային եւ օդային պաշտպանութիւնը։ Հրոյ ճարակ դարձած են, մեծ մասամբ, ամենէն գերարդիական հալածիչներէն մինչեւ տարրական զէնքերը։ Սուրիոյ բանակը կարծէք թէ վերաորակաւորուած «միլիս»-ներու՝ զինեալներու խումբի նման կը գործէ։ Երկրին սահմանները լրջօրէն վտանգուած են։ Հիւսիսէն՝ Թուրքիա, հարաւէն՝ Իսրայէլ:
2. Կոլանի ճակատն ու կարմիր գիծը իրողապէս պատմութեան անցած են։ Իսրայէլ իր հակաշիռը տարածած է Կոլանի որոշ շրջաններու մէջ, որոնք առաւելաբար տիւրզիներով բնակուած են եւ ունին ռազմավարական նշանակութիւն։ Իսրայէլեան ուժերը մայրաքաղաք Դամասկոսէն հազիւ 13 մղոն հեռու կը գտնուին: Պարզ բառերով՝ բարձր շէնքէ մը կարելի է տեսնել իսրայէլեան աստղակիր դրօշակը:
3. Իրանեան ազդեցութեան նահանջը ու յատկապէս շիի համայնքի տկարացումն ու մեկուսացումը։ Ալեւիները այս յարանուանութեան հետ սերտ կապ ունին (եւ սա միայն Սուրիոյ չի վերաբերիր, այլ նաեւ՝ Լիբանանի):
4. Եւ ամենէն ահաւորը՝ նէօ-օսմանական շարժումի մը ստեղծումը, ղեկավարութեամբ սուլթանամէտ Էրտողանի, որ երեք ամիս առաջ ոգի ի բռին գործի լծուեցաւ հեռացնելու Ասատն ու իրանեան ներկայութիւնը։
Երէկ՝ ազգային երկխօսութիւն, հիմա՝ ջարդ ու ճակատումներ (յուսալով, որ իշխանութեան հաւաստիքը, թէ բախումները դադրած են՝ ըլլայ մնայուն)։ Այս խորապատկերին դիմաց, տեղւոյն հայ գաղութն ալ մատնուած է անապահով եւ դժուարին կացութեան, եւ սա հրամայական կը դարձնէ գործի լծուիլ եւ նիւթաբարոյական օժանդակութիւն հասցնել անոր։