Ուստըրի Սուրբ Փրկիչ Եկեղեցւոյ 135-ամեակի Նշում

Շաբաթ, Նոյեմբեր 21-ին նշուեցաւ Ա․Մ․Ն․-ի մէջ հիմնուած առաջին հայ եկեղեցւոյ՝ Ուստըրի (Մասաչուսէց) Սուրբ Փրկիչին 135-ամեակը։
Յոբելինական ընթրիքը համախմբեց ծխականներու, բարեկամներու եւ Մասաչուսէցի տարբեր վայրերէն ժամանած հայ հոգեւորականներու սերունդներ։ Ներկայ էին Եպիսկոպոս Ռապըրթ Ճ. ՄըքՄանուս, քոնկրէսական Ճիմ ՄըքԿաուըն, քաղաքապետ Ճոզէֆ Մ. Փեթի եւ այլ հիւրեր։

