Գլխաւոր
«Հայաստան» Խմբակցութեան Հերթական Մարզային Հանդիպումը Աբովեան Քաղաքին Մէջ
January 26, 2026Վերջին թարմացումը January 26, 2026
0 Less than a minute
Յունուար 25-ին, Հ.Հ. Ազգային Ժողովի «Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւորները հանդիպում ունեցան Աբովեան քաղաքի բնակիչներուն հետ։
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան երկրի մէջ ստեղծուած իրավիճակը եւ յառաջիկայ ընտրութիւններուն առնչուած ընելիքները։ Պատգամաւորները պատասխանեցին քաղաքացիները յուզող հարցերուն։
Հանդիպումին մասնակցեցան խմբակցութեան մեծ թիւով պատգամաւորներ։
Հանդիպումէն ետք Հ.Յ.Դ. Հայաստանի Գերագոյն Մարմինի ներկայացուցիչ, «Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւոր Իշխան Սաղաթելեան յայտնեց.-«Աբովեանին մէջ ալ քաղաքացիներու դիրքորոշումը յստակ էր՝ պէտք է ազատիլ այս իշխանութենէն, եւ միասնաբար այդ կարելի է իրականացնել։ Պէտք է հասնինք իշխանափոխութեան, պէտք է կանխենք այս իշխանութեան վերարտադրութիւնը»:

