24 Յունուար 1961. Գերյ. Հ. Պօղոս Ծ. Վրդ. Արիսի վախճանման 65-ամեակը
Սօսէ Փիլաւճեան
Զմմառ – Լիբանան
Նուիրումի եւ զոհողութեան ասպետ, այսպէս կարելի է բնութագրել Լիբանանի եւ Լիբանանահայութեան պատմութեան մէջ իր նշանակալի դրոշմը թողած` հայազգի Մեծ բարերար, հոգեւորական-քաղաքական գործիչ, Զմմառու Պատրիարքական Կղերի Միաբան` Գերյ. Հ. Պօղոս Ծ. Վրդ. Արիս, որուն կեանքի սկիզբն ու վախճանը Յունուար ամսուայ հետ առընչուած է։ 25 Յունուար 1889-ին՝ Հալէպ ծնած, 24 Յունուար 1961-ին՝ Պէյրութ վախճանած, ուր 26 Յունուարին թաղման կարգը կատարուելէ ետք` համալիբանանեան մեծաշուք թափօրով դագաղը դէպի Զմմառ ուղուելով` միաբաններու դամբարանին մէջ փառաշուք յուղարկաւորութեամբ ամփոփուած է, միաբանակից եղբայրներուն մօտ։
65-տարիներ անցած են անոր երկրաւոր կեանքի վախճանմանը, սակայն լիբանանահայութեան ստուար մէկ զանգուածը ցայսօր կը պատսպարուի իր կառուցած յարկաբաժիններուն մէջ, կ’աղօթէ իր կանգնեցուցած եկեղեցիներուն մէջ, կը յաճախէ իր բարձրացուցած վարժարաններուն մէջ եւ տակաւին շատ եւ շատ բարեգործական հաստատութիւններ կարելի է թուարկել, որոնք Գերյ. Հ. Արիսի նախաձեռնութիւններն են, սակայն ցաւ ի սիրտ շատեր նոյնիսկ տեղեակ չեն, որ այդ կեդրոններու բարերարը նոյնինքն Զմմառու միաբան հայրն է։
Ուշագրաւ է այն, որ 17 Մարտ 1912-ին, Մարտինէն` երկու Զմմառու Պատրիարքական Կղերի Միաբաններ` Հ. Վարդան Սապպաղեան, Հ. Օգոստինոս Պաղտասարեան եւ Հալէպէն Հ. Պօղոս Արիս ձեռնադրուէին նոյն օրը, Մարտինի հրաժարեալ առաջնորդ` Արհ. Յուսիկ Արք. Կիւլեանի ձեռամբ, իսկ նախախնամութեան միջամտութեամբ միեւնոյն ձեռնադրութեան ներկայ գտնուած եւ իր օրհնութիւնը տուած ըլլար նաեւ Մարտինի նորանշանակ առաջնորդ` Արհ.Իգնատիոս Արք.Մալոյեան։ Պատմական այդ օրը կարծէք կանխորոշուած էր, որ ձեռնադրուողներէն երկու մարտինցիներու նահատակութիւնը իրենց առաջնորդին` Արհ. Իգնատիոս Արք. Մալոյեանի հետ ըլլար, իսկ ինք` Հ.Պօղոս Արիս (ծագումով մարտինցի, բայց Հալէպ ծնած) թրքական եաթաղանէն հրաշքով փրկուած եւ Լիբանան ապաստանած, ցեղասպանութենէն մազապուրծ եղած հայութեան բեկորները ի մի բերելով պատսպարած է եւ անոնց բարօր կեանք մը ապահովելու ելքերը որոնելով նպաստած է գաղութակազմութեան նուիրական գործին։
Գերյ. Հ. Պօղոս Ծ. Վրդ. Արիս` արմատներով մարտինցի, ծնած է Հալէպ, 25 Յունուար 1889-ին։
1902-ին, մեկնած Կ.Պոլիս, ուր յաճախած է Սէն Լուիզ ֆրանսական դպրեվանքը, երկրորդական ուսումը եւ իմաստասիրութիւնը աւարտելէ ետք` վերադարձած է ծննդավայրը:
1910-ին, ընդունուած է Զմմառու Ս. Միքայէլ ընծայարան, հետեւելով հայերէն լեզուի եւ եկեղեցական ուսմանց:
1912-ին, ստանձնած է Պէյրութի եկեղեցւոյ հոգաբարձութիւնը: Պատերազմէն ետք ամբողջովին նուիրուած է ազգային կեանքի, իր անխոնջ գործունէութեամբ համայն Լիբանանահայութեան վստահութիւնն ու համակրանքը վայելած։
Ցեղասպանուած հայու բեկորները երբ ֆրանսական շոգենաւով Լիբանանի առափնեայ նաւահանգիստը հասան` իրենց դէմ Լիբանանի դռները փակ գտան։
Յորժամ ազգին օգնութեան փութացին Զմմառու միաբաններ` Հ. Պօղոս Արիսն ու Հ. Յակոբ Նեսիմեանը։
Անոնք թախանձագին աղերսով մը դիմեցին`օրուան հեղինակաւոր եւ ազդու մարոնի Հուայէք Պատրիարքին, որ ասպնջականութիւն ցուցաբերէ անօթեւան հայուն, պատրիարքը մերժեց, ըսելով` «Թշուառը թշուառին փոխ չի տար։ Չեմ ուզեր, որ Լիբանանը հայութեան որպէս գերեզման ծառայէ։ Թող երթան ուրիշ երկիրներու մէջ մահանան»։
Ազգասէր Հ. Պօղոս Արիսի պատասխանը կ’ըլլայ «Ամենապատիւ Տէր, հայը անօթի չի մեռնիր, կրնայ քարէն իսկ ջուր հանել, բացէք ձեր երկրին դռները անոնց առջեւ, գոհ պիտի մնաք անոնցմէ»։ Պատրիարքը այս յուզիչ արտայայտութիւնը լսելով` անսաց Մեծ Հայուն խնդրանքին եւ հրահանգը հաղորդեց Կուսակալին։ Այսպիսով հայերը շնորհիւ Հ.Պօղոս Արիսի ջանքերուն` հաստատուեցան հիւրընկալ Լիբանան։
Հ. Պօղոս Արիս յատկանշուած է իր բարեհամբոյր վերաբերմունքով եւ անմիջականութեամբ, այսպիսով սերտ կապեր հաստատած է պետական բարձրաստիճան այրերու հետ, եւ որպէս արաբագէտ յաջողած է օժանդակել հայրենազուրկ իր ժողովուրդին` տեղական լեզուին եւ պայմաններուն ընտելանալու աշխատանքին մէջ։


Անոր փխրուն եւ դիւրաբեկ սիրտը չէր կրնար անտարբեր գտնուիլ` Կիլիկիան Հայաստանէն տեղահանուած բազմահազար որբուկներ անօթեւան եւ թափառական տեսնելով, որոնք Ժպէիլ հասնելով` փրկութեան յոյսեր կը փայփայէին։
Ան՝ Հ. Պօղոս Պզտիկեանի հետ Ժիպէյլ ուղղուելով բազմահարիւր որբերու խումբ մը առած վերադարձած է Էշրեֆիէ Սիուֆիի կողմերը, ուր Ֆրանսացիներու եւ ժողովուրդի օգնութեամբ հիմնած է Էշրեֆիէի որբանոցը` պատսպարելով 300 որբուկներ։
Հ. Արիս` նշանակուած է «Ազգային Միութեան» քարտուղար եւ վարիչ Լիբանանի Քարանթինայի հայկական աւանին։
Պէյրութի Սիուֆի թաղի մէջ հիմնած է որբանոց (1923-1935), ուր համախմբուած են շուրջ 300 հայ որբուկներ, որոնք զինք կոչած են «Հայրիկ»։
Այնտեղ պետական կրթական ծրագրի դասաւանդման կողքին, գործած է նաեւ արհեստից վարժարան, որպէսզի ուսման մէջ ունակ չեղող երեխաները, արհեստ մը ձեռք բերելով` հետագային կարողանան աշխատանքի ասպարէզի մէջ գործ հայթայթել։
Մանչերուն համար հիմնած է արհեստանոցներ, իսկ աղջկանց համար տնային աշխատանքներու եւ ձեռագործի վարժարաններ։
Սաներու աշխատանքներու արդիւնաբերութիւնները վաճառելով որբանոցը ինքնաբաւ վիճակի մէջ յայտնուած է։
Մօտաւորապէս 200 երախաներ,որոնք պատսպարուած են Զմմառու մայրավանքի մէջ: 1923-ին, Հ.Արիս զանոնք եւս փոխադրած է Պէյրութ, ապա Պուրճ Համուտ՝ իր հիմնած «Սեն Կրեկուար» (Saint Grégoire) Սուրբ Գրիգոր լուսաւորիչ երկրագործական բնոյթի որբանոցը:
1925-ին,հիմնած է կոյրերու վարժարան մը եւս։
Հ. Պօղոս Արիս` իր խոհեմ, շրջահայեաց եւ դիւանագէտի հնարամտութեամբ` հիմնած եւ կազմակերպած է Պուրճ Համուտի քաղաքապետութիւնը: Ան իր ամբողջ հնարաւորութիւններն ու կարողականութիւնը ի սպաս դնելով` հայկականացուցած, զարգացուցած, ծաղկեցուցած է խոպան աւանը` դարձնելով Լիբանանի առաջատար առեւտրական եւ վաճառականական շրջաններէն կարեւորագոյնը։
Հ. Պօղոս Արիսի վկայութիւնը` Պուրճ Համուտի քաղաքապետութեան գործունէութեան մասին հետեւեալն է` քաղաքապետարանը․-
Ա-Հայթայթեց շրջանի ըմպելի ջուրի մատակարարումը։
Բ-Կոյուղիներու շինութիւնը յաջողցուց։
Գ-Ճամբաները օրինաւոր կերպով կարգաւորեց։
Դ- 77 յարմարաւէտ շէնքեր կառուցելով` 770 հիւղաւաններու բնակիչներէն ամենակարիքաւորները տեղաւորեց։
Ե-Գիշերապահեր տրամադրեց ապահովութիւնը երաշխաւորելու։
Զ-Ոստիկանութիւն նշանակեց անվտանգութեան համար։
Է-Առողջապահական պայմանները բարելաւեց։
Ը-Սպանդանոցներու մաքրութիւնը հսկողութեան ենթարկեց։
Հ. Արիս` իր բարեհամբոյր, հոգեհարազատ եւ մարդամօտ բնաւորութեամբ` կարողացած է ժողովուրդին վստահութիւնը, սէրն ու համակրանքը նուաճել։
Ան անձամբ շրջելով Պուրճ Համուտի փողոցները, մօտէն հետաքրքրուած է ժողովուրդի կենցաղով, դժուարութիւններով եւ առողջապահական հարցերով: Իր նախաձեռնութեամբ` Պուրճ Համուտի թաղամասերու բաժանումը կատարուած է։
Ան եղած է մտաւորական, դաստիարակ եւ գրիչի մարդ: Բազմաթիւ յօդուածներ ստորագրած է «Մասիս»-ի մէջ եւ որոշ ժամանակ եղած է խմբագրակազմէն:
1939-ին, հիմնած է Մեսրոպեան Բարձրագոյն վարժարանը, որու տնօրէնի պաշտօնը վարած է 1951-1952 տարեշրջանին։
1953-ին, հիմնած է Պուրճ Համուտի Սուրբ Փրկիչ եկեղեցին՝ ազդուած Հ. Պօղոս Պզտիկեանի հետեւեալ խօսքէն «Վարդապետ դուն որբերուն հայր եղար եւ իրենց տուն հայթայթեցիր, աղքատներուն օգնեցիր, դպրոցներուն նպաստեցիր: Եթէ անդի աշխարհ երթաս, Հայր Աստուած քեզի հարց պիտի տայ, թէ դուն, որ ամենուն տուն շինեցիր եւ օգտակար եղար, բայց ինչո՞ւ Աստուծոյ համար տուն մը չի շինեցիր»:
Զմմառու Պատրիարքական Կղերի Միաբան` Գերյ. Պօղոս Ծ. Վրդ. Արիս լիբանանահայութեան բնութագրմամբ որակուած է որպէս մաքրամաքուր հայ, օրինապահ լիբանանցի, անխոնջ շինարար, ձեռնհաս տնտեսագէտ, շրջահայեաց դիւանագէտ, ողջամիտ մտաւորական, որբերու Հայր, անձնուէր դաստիարակ եւ անբասիր վարդապետ։
Լիբանանեան մամուլը բազմիցս անդրադարձած է անոր բարեգործութեան մասին։
Զմմառու Պատրիարքական Կղերի Միաբան` Գերյ. Հ. Արիս կեանքի վերջին տարիներուն` 1953-1957 ընտրուած է Զմմառու վանքի մեծաւոր։ Տուեալ ժամանակաշրջանին ան զարկ տուած է դպրեվանեցիներուն հոգեւոր, ազգային, կրթական եւ գիտական ուսմանց։
Անզուգական միաբանը` իր մահկանացուն կնքած է 24 Յունուար 1961-ին:

