Լրահոս

Հայաստանի Անկախութեան 35-ամեայ Յոբելեանի Նշում

Ընկալեալ սովորութեանց համաձայն` այս տարի եւս Հայաստանի Հանրապետութեան 35-ամեայ յոբելեանը` յաւուր պատշաճի նշեցին` Զմմառու Սուրբ Իգնատիոս Մալոյեան դպրեվանքի ժառանգաւորները։
Դպրեվանքի տեսչութիւնը` յանձինս Հայր Կարապետ Վրդ.Գլընճեանի` Հայաստանի պետական, ազգային եւ եկեղեցական տօներն ու հանրապետութիւններու հիմնադրման յոբելեանները միշտ կը յիշատակէ մեծ շուքով եւ յատուկ հանդիսաւորութեամբ։
Այս տարի եւս` 21 Սեպտեմբերի, յետմիջօրէի ժամը 2-ին, դպրեվանքի ժողովասրահին մէջ ոգեկոչուեցաւ աւանդական դարձած պատմական մեծ իրադարձութեան տարեդարձը` բանախօսութիւն-զրոյցի ոճով` զոր ներկայացուց դպրեվանքի հայրենագիտութեան ուսուցչուհի` Սօսէ Փիլաւճեան, ուր ժառանգաւորները իրենց աշխոյժ մասնակցութիւնը բերին` վերանկախացած Հայաստանի վերաբերող պատմական հարցերու շուրջ եւ հայրենիքի ներկայ իրավիճակի մասին տեղի ունեցած անցուդարձերուն վերաբերեալ։ Ան նշեց, թէ ուղիղ 35-տարիներ առաջ, հայ ժողովուրդը միահամուռ ճիչով` ո’չ գոչեց բռնատիրութեան եւ այո’ անկախութեան։ Այս որոշումը վճռորոշ դեր ունեցաւ Հայաստանի ապագայ քաղաքական-դիւանագիտական հոլովոյթին վրայ։
Յիշատակի օրը եզրափակեց` տեսուչ հայ Սուրբը` յորդորելով սաներուն կառչած մնալ իրենց քրիստոնէական հաւատքին եւ սկզբունքներուն, նաեւ հայրենիքի ապագայի նկատմամբ փայլուն տեսլականին։

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Back to top button