Լէօ Պապը՝ Խաղաղութեան Աղաւնի

ՊՕՂՈՍ ԳՈՒԲԵԼԵԱՆ
Ռիչմընտ-Վըրճինիա
Մենք ալ մեր անկիւնէն, միլիոնաւոր հաւատացեալներու պէս, մեր շունչերը բռնած, ամբողջ հինգ օրեր կատարեալ լարումով ու հետաքրքրութեամբ, ինչպէս նաեւ հոգեկան լիացումով ու բաւարարութեամբ՝ հետեւեցանք սրբազան քահանայապետին Թուրքիա եւ Լիբանան կատարած այցելութեան ամէն մէկ հանգրուանին, քարոզներուն, հայրական յորդորներուն, քաղաքակիրթ մարդկութեան ուղղուած խաղաղութեան մատչելու՝ անոր հայրական մարտահրաւէրներուն։
Ընդունինք, թէ մեր ակնկալածէն շատ աւելի խանդավառ, բազմամարդ եւ յաջող անցան պապին տուած զոյգ այցելութիւնները։ Երբ Լեւոն պապին արտասահման այցելութեան լուրը հրապարակ ելաւ՝ անկեղծ ըլլալու համար ըսեմ, թէ իմ մօտ եւս պահ մը ժխտական թրթռացում յառաջացուց եւ ակամայ հարցուցի. «Ինչո՞ւ անպայման Թուրքիա կը տրուէր նորընտիր պապի մը արտասահման առաջին այցելութիւնը»: Սակայն, երբ հանդարտ միտքով սկսայ վերլուծել անոր այդ քայլը՝ ժխտականը տեղի տուաւ դրականին։ Որովհետեւ Նիկիոյ ժողովին 1700րդ ամեակը պիտի նշուէր քահանայապետին, հայ եւ յոյն եկեղեցիներու պետերու մասնակցութեամբ։
Նորին սրբութեան այդ այցելութեամբ ամբողջ քրիստոնեայ աշխարհը իրազեկ պիտի դառնար, թէ Նիկիոյ ժողովը տեղի ունեցած էր Օսմանցի 2ուրքերու կողմէ գրաւուած Բիւզանդիոնի կեդրոնական քաղաքին մէջ: Եւ ամէնէն կարեւորը՝ նախքան իթթիհատականներու կողմէ կազմակերպած քրիստոնեաներու ջարդերը Օսմանեան կայսրութեան տարածքին բնակող հայերու եւ յոյներու թիւը ընդհանուր բնակչութեան 30 տոկոսը կը կազմէր: Բոլորովին գաղտնիք չէ, թէ այժմ մզկիթի վերածուած նախկին Սուրբ Այա Սոֆիան 536ին կառուցուած հելլենական քրիստոնեայ տաճար մը եղած է իր ամբողջ փայլքով։
Ասոր հետ մէկտեղ, գովելի երեւոյթ էր, որ Պոլսոյ Հայոց Սահակ պատրիարքը, իր յոյն պաշտօնակիցին կողքին՝ իր աշխոյժ մասնակցութիւնը բերաւ սրբազան քահանայապետին Ս. պատարագին ու եկեղեցական բոլոր արարողութիւններուն, բան մը՝ որ միլիոնաւոր հաշուող քրիստոնեայ հաւատացեալներու մօտ հայութեան հանդէպ համակրանք ստեղծելու ծառայեց։
Հռոմի պապին Թուրքիա այցելութիւնը, աւելի ճիշդ պիտի ըլլար՝ առաքելութիւն անուանել, իր կարեւոր եւ դրական դերը ունեցաւ եկեղեցիներու այնքան բաղձալի միութիւնը հարթելու ճամբուն վրայ, եւ այդ մէկը իրականացաւ, մասնաւորապէս՝ յոյն եւ հայ պատրիարքներուն համատեղ ջանքերուն շնորհիւ։ Արդարեւ, ամբողջ քրիստոնեայ աշխարհի իղձը եւ բաղձանքը կը մնայ մօտիկ ապագային իրականացուելիք պատմական խոստմնալից այդ միութիւնը:
Սրբազան քահանայապետը Լիբանան չմեկնած՝ իր այցելութեան վերջին օրը, Պոլսոյ մէջ, Սահակ պատրիարքին հետ Հայոց պատրիարքարանը Սուրբ պատարագ մատուցեցին, երեւոյթ մը՝ որ յատուկ նշանակութիւն ունէր:
Պապը 30 Նոյեմբերին մեկնեցաւ Լիբանան։ Եւ ի պատիւ մեր լիբանանցի եղբայրներուն՝ տեղին է նշել, թէ պատերազմէն նոր դուրս եկած փոքրիկ այդ երկիրը, 88 միլիոն բնակչութիւն հաշուող Թուրքիայէն շատ աւելի անթերի ու բծախնդրօրէն կազմակերպած էր սրբազան քահանայապետին պատմական այցելութիւնը։
Իբրեւ նախկին լիբանանցիներ՝ հպարտութեամբ լեցուեցանք՝ ի տես ամէն քայլափոխին տիրող կարգապահութեան եւ անթերի կազմակերպութեան, որ նախանձը պիտի շարժէր որեւէ «ես եմ» ըսող գերպետութեան։ Եւ այդ բոլորը կը պարտինք զինուորական խիստ կարգապահութեամբ գործող մեր սիրելի նախագահ Ժոզէֆ Աունի եւ իր նոյնքան կարգապահ նախարարներու անհատականութեան եւ գործելաոճին։
Արդարեւ, կառավարական բոլոր ճիւղերը իրենց կարգին սքանչելի աշխատանք տարած էին, Պէյրութի նաւահանգիստը եւ պապին այցելութեան բոլոր վայրերը անբեկանելի դարձնելու համար։ Այո, նուազագոյնը ըսած ըլլալու համար կը կրկնենք. անոնք արժանի են մեր անվերապահ գնահատանքին:
Գալով Լիբանանի մէջ տիրող դաւանական եւ ցեղային խմբաւորումներուն, հոն ալ գովելի միասնականութիւն կը տիրէր: Ամէն քայլափոխին կարելի էր հանդիպիլ փաթթոցաւոր մահմետական կրօնաւորներու, որոնք եկած էին քրիստոնեայ կրօնապետը ողջունելու եւ յարգանքի իրենց տուրքը մատուցելու։ Այդ մէկն ալ ինքնին բացառիկ երեւոյթ էր։
Միասնական ոգին, Հռոմի քահանայապետին գրեթէ բոլոր ելոյթներուն ընկերակցեցաւ առանց բացառութեան։ Ինչպէս նաեւ պապին՝ սուրբ Շարպելի սրբատեղին այցելութեան. դարձեալ կը կրկնենք:
Այսքան կատարեալ կազմակերպութիւն եւ կարգապահութիւն չէինք ակնկալեր անհաշուելի աղէտներու բովէն անցած փոքր երկրի մը ժողովուրդէն եւ անոր ղեկավարութենէն։ Ձեր վարձքը կատար Լէօ պապ ու լիբանանցի ժողովուրդ ու պետութիւն։
Ուրախ ենք նշելու, թէ մեր եկեղեցւոյ պետերը, Արամ Ա. վեհափառը եւ Ռաֆայէլ Մինասեան հայ կաթողիկէ պատրիարքը իրենց գործօն մասնակցութիւնը բերին սրբազան քահանայապետի այցելութեան հետ առընչութիւն ունեցող բոլոր հոգեպարար արարողութիւններուն՝ հայութեան անունը եւ ճակատը բարձր պահելով։

