ՍՈՒՐԲ ՂԱԶԱՐԻ ՄԷՋ ԳԻՐՔԻ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՄ ԵՒ ԱՐԱՐՈՂՈՒԹԻՒՆ Ի ՅԻՇԱՏԱԿ 1975-Ի ՀՐԴԵՀԻ ՅԻՍՆԱՄԵԱԿԻՆ

Վենետիկի Սուրբ Ղազարի Մխիթարեան Միաբանութեան Մայրավանքին մէջ վերջին օրերուն տեղի ունեցան երկու ձեռնարկներ՝ Վարդան Ճաքոմելլիի «Արծուահրէշի թեւերը» իտալերէն լեզուով վէպին ներկայացումը եւ 1975-ի հրդեհամարութեան մասնակցած հրշէջներու ի պատիւ արարողութիւն մը, միջադէպի յիսնամեակին առթիւ։
Շաբաթ, 29 Նոյեմբերին, ներկայացուեցաւ Ճաքոմելլիի վէպը՝ «Արծուահրէշի թեւերը. Անդոն Սուրեանի կեանքն ու սխրանքները, Արեւելքէն եկած հայը, որ նուաճեց Վենետիկը» (Le ali della chimera: Vita e imprese di Andon Surian, l’armeno venuto dal Levante che conquistò Venezia, Zacinto Edizioni, Միլան, 2025)։ Գիրքը վիպականացած պատմութիւն մըն է Վենետիկի հայազգի ճարտարագէտ եւ գիւտարար Անտոն Սուրեանի կեանքի մասին, որու հանճարը մեծապէս նպաստած է այդ դարաշրջանի Վենետիկի նաւատորմիղի գերազանցութեան։
Գիրքը ներկայացուց Գերապայծառ Լեւոն Արք. Զէքիեան՝ հոծ բազմութեան ներկայութեամբ, Իտալիայի տարբեր կողմերէ եկած ունկնդիրներու ներկայութեամբ։ Լեւոն Սրբազանը ընդգծեց, թէ գործը փաստերու հիման վրայ գրուած վէպ մըն է եւ կոչ ուղղեց հեղինակին աւելի խորանալու նիւթին մէջ, նշելով որ այս գիրքը նոր դուռ կը բանայ Վենետիկի եւ ընդհանրապէս Իտալիոյ հայերու պատմութեան ուսումնասիրութեան համար։ Նախաբանին մէջ իտալահայ գրող Անտոնիա Արսլան կը բնութագրէ Անդոն Սուրեանը իբրեւ Արեւելքի եւ Արեւմուտքի միջեւ յաջող միութեան խորհրդանիշ եւ կը շեշտէ, որ Վարդան Ճաքոմելլին «կեանքի կը կոչէ զայն՝ իբրեւ իր դարաշրջանի մարդ»։
Սուրեանի «ամբողջ կեանքը կը մարմնաւորէ Արեւելքի եւ Արեւմուտքի միջեւ յաջող միութիւնը, ճակատագրի մը ընթացքն ու տաղանդի մը այն ծաղկումը, որ ծնած է Արեւելք, բայց իր լրիւ զարգացումը կատարած է Արեւմուտքի մէջ՝ Վենետիկի Հանրապետութեան խթանիչ մթնոլորտին մէջ, ուր կը գտնէ հասուննալու եւ ամբողջովին հաստատուելու հնարաւորութիւնը», գրած է Արսլան։
Կիրակի, 7 Դեկտեմբերին, արարողութեամբ խաչքարի օրինակներ նուիրուեցան Վենետիկի հրշէջներուն, որ մասնակցած էին 8 Դեկտեմբեր 1975-ի հրդեհամարութեան, դէպքի յիսնամեակին առթիւ։ Մարգարիտ թագուհիի նուիրուած վարագոյրին միայն մէկ մասը փրկուեցաւ, որ մինչեւ այսօր կը գործածուի որպէս խորանի վարագոյր։ Հրդեհին ընթացքին ձեռագիրներու կորուստ չեղաւ, բայց զգեստներ՝ ներառեալ պատմական հանդերձներ, վառեցան։ Այրած հատորներէն՝ հայկական գրադարաններ եւ կազմակերպութիւններ տրամադրելի կրկնօրինակներ նուիրած են Միաբանութեան, փոխարինելու համար կորսուած հատորները։ Արարողութեան ընթացքին աղօթքով յիշուեցան հրդեհամարութեան մասնակցած՝ այսօր մահացած հրշէչները։

