ԱմերիկահայԼրահոս
Ուաթըրթաունի Մէջ Նոյեմբեր 29-ին՝ Երաժշտական Երեկոյ․ «Եղիր Իմ Սէրը»

Նոյեմբեր 29-ի երեկոյեան, ժամը 7:00-ին, Ուաթւրթաունի (Մասաչուսէց) «Մովսէսեան» արուեստի եւ մշակութային կեդրոնին մէջ տեղի պիտի ունենայ «Եղիր Իմ Սէրը» (“Be My Love”) խորագիրով համերգը, մասնակցութեամբ պաս-պարիթոն Ասատուր Պալճեանի եւ դաշնակահար Նունէ Յակոբեանի, որոնք պիտի ներկայացնեն հայերէն, անգլերէն եւ իտալերէն սիրերգերու փունջ մը։
Այս հարուստ ծրագրով, հանդիսատեսը պիտի առաջնորդուի միջմշակութային եւ զանազան ժամանակներու մէջ անցնող երաժշտական ճամբորդութեան մը։


