Լրահոս
ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ՄԱՅՐԱՎԱՆՔԻ ԿԻՐԱԿՆՕՐԵԱՅ ԴՊՐՈՑԸ ՍՏԱՑԱՒ ՏԱՐԵՄՈՒՏԻ ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԻՆ ՕՐՀՆՈՒԹԻՒՆԸ

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Մայրավանքի Կիրակնօրեայ վարժարանը 2026-2027 տարեշրջանը սկսաւ 25 Հոկտեմբերին: Արդարեւ, Կիրակի, 1 Նոյեմբերին, յաւարտ Սուրբ եւ Անմահ Պատարագին, Քրիստոնէական Դաստիարակութեան Բաժանմունքի վարիչ եւ կիրակնօրեայ վարժարաններու տեսուչ Գերպ. Տ. Ստեփանոս Ծ. Վրդ. Փաշայեանի առաջնորդութեամբ եւ Մայրավանքի կիրակնօրեայ վարժարանի տնօրէն Ժանին Դանիէլեան Մարգարեանի գլխաւորութեամբ, տնօրէնութիւն, ուսուցչակազմ, աշակերտութիւն եւ ծնողներ ստացան Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին օրհնութիւնը:

