Ռուսիան Հարաւային Կովկասի Մէջ Կը Ձգտի Իր Ազդեցութիւնը Վերահաստատել
ՅԱՐՈՒԹ ՉԷՔԻՃԵԱՆ
16 Ապրիլ 2025
Haroutchekijian.wordpress.com
Եուրէյժա Տէյլի Մոնիթըրի գիտաշխատող Պաքու հաստատուած Ռահիմ Ռահիմովի 6 փետրուար 2025-ի յօդուածը (1), ստորեւ անգլերէնէ կը թարգմանեմ Տը Ճէյմսթաուն Ֆաունտէյշընի The Jamestown Foundation կայքէջէն.
«Գործադիր ամփոփում.
«1. Ռուսիոյ ռազմավարական շահը Վրաստանի Հանրապետութեան մէջ կրկին աշխուժացած է, քանի որ Թիֆլիսը կը հեռանայ եւրոպական ուղղութենէն եւ ձեռնպահ կը մնայ Ռուսիոյ դէմ արեւմտեան պատժամիջոցներուն միանալէ:
«2. Վրաստանի վերաբերեալ Մոսկուայի այժմու տեսակէտին հիմնական գործօնը՝ հայ-ատրպէյճանական յարաբերութիւններուն վրայ իր արդիւնաւէտ լծակներու բացակայութիւնն է, յատկապէս` հակամարտութեան գօտիէն ռուս խաղաղապահներու դուրս գալէն ետք:
«3. Ուքրանական ճակատին որեւէ զինադադար կամ զինադուլ, յատկապէս ռուս-վրացական հնարաւոր կարգաւորման պարագային, կրնայ անորոշ ժամանակով ձգձգել հայ-ատրպէյճանական հաշտութեան պայմանագիրը:
««Վրացական երազանքի»՝ Վրաստանի Հանրապետութեան իշխող կուսակցութեան եւ Ռուսիոյ յարաբերութիւնները բուռն քննութեան ենթարկուած են «Օտարերկրեայ ազդեցութեան թափանցիկութեան մասին» օրինագիծը ընդունելէն ետք, նաեւ, վերջին խորհրդարանական ընտրութիւններուն ենթադրեալ խախտումներն ու զեղծարարութիւնները եւ Թիֆլիսի միակողմանի որոշումը՝ եւրոմիութեան ԵՄ անդամակցելու ընթացքը դադրեցնելու պատճառներով:
«Ընդդիմութիւնը օրինագիծը ներկայացուցած էր իբրեւ «ռուսական օրէնք», իսկ ԵՄ անդամակցութեան բանակցութիւնները դադրեցնելու որոշումը՝ իբրեւ Վրաստանի եւրոպական ուղիէն շեղելու եւ զայն ռուսական ուղեծիր վերադարձնելու դիտումնաւոր գործողութիւն: Ի հակադրութիւն, ռուս առաջնորդներն ու հասարակական գործիչները բարձր գնահատած են «Վրացական երազանքի» վիճելի քաղաքականութիւնն ու օրէնքները (2):
«Վրաստանի նկատմամբ Ռուսիոյ վերանորոգ հետաքրքրութիւնը կարելի է աւելի լաւ հասկնալ հայ-ատրպէյճանական յարաբերութիւններու այժմու վիճակին խորապատկերին։ 2020-ի Ղարաբաղեան պատերազմին Ատրպէյճանի յաղթանակը Հայաստանին, ի վերջոյ, հանգեցուց տարածաշրջանին վրայ ռուսական լծակներու կտրուկ տկարացման: Թէեւ Մոսկուան միջնորդեց Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ զինադադարին, շուտով պարզ դարձաւ, որ ռուսական ազդեցութիւնը կրնար նուազիլ:
«Հայկական եւ ատրպէյճանական ուժերուն միջեւ յաճախակի բախումները եւ ռուս խաղաղապահներուն հասցէին կատարուած մեղադրանքները անոր մարմնաւորումն էին: 2023-ի ատրպէյճանի մարտական յարձակումը, որ դուրս բերաւ մնացած հայկական ուժերը Ղարաբաղէն՝ ռուսական խաղաղապահ զօրամասի պատասխանատուութեան գօտիէն, ի վերջոյ հանգեցուց ռուս խաղաղապահներու ժամանակէն առաջ (2024 փոխան 2025-ի*) դուրսբերման»:
Ազերի Ռահիմով Ատրպէյճանի կողմէ Արցախի շուրջ մէկ տարի շրջափակման, ապա ցեղային մաքրագործումին, տեղահանութեան եւ ցեղասպանութեան մասին ոչ մէկ անդրադարձ կատարած է*:
«Այդ ժամանակէն ի վեր շարք մը զարգացումներ տեղի ունեցան, որոնք կը բացայայտեն Մոսկուայի դերակատարութեան անկումը։ ԵՄ դիտորդական առաքելութիւն տեղակայուեցաւ Հայաստանի տարածքին՝ Ատրպէյճանի հետ պայմանական սահմանին երկայնքով: Հայաստանի կառավարութիւնը որոշեց «Եւրոմիութեան անդամակցելու» գործընթաց սկսիլ, եւ կ՚ակնկալուի, որ խորհրդարանը շուտով կ՚ընդունի օրինագիծը (26 մարտ 2025-ին ընդունեց*): Բացի այդ, Երեւանը եւ Ուաշինկթընը ստորագրած են Ռազմավարական գործընկերութեան պայմանագիր:
«Ատրպէյճանը կը շարունակէ ամրապնդել իր երկար ժամանակէ կոչած «անկախ արտաքին քաղաքականութիւնը», եւ, հետեւաբար, սերտօրէն կը համագործակցի «Ոչ յանձնառուներու» շարժումին հետ, եւ աշխուժօրէն մաս կը կազմէ Թրքական պետութիւններու կազմակերպութեան՝ իբրեւ առաջատար անդամ: Պաքուն յստակացուցած է, որ Ատրպէյճանը թրքական ընտանիքին մէկ մասն է: Իբրեւ այդպիսին, Պաքուն կը վարէ արտաքին քաղաքականութիւն մը, որ կը ձգտի խուսափիլ Արեւմուտքի եւ Ռուսիոյ աշխարհաքաղաքական եւ գաղափարական առճակատման մաս կազմելէ՝ ընդգծելով նոր թրքական ուժային կեդրոնի մը կարեւորութիւնը:
«Պաքուն եւ Երեւանը դանդաղ, անհանգիստ, բայց զգալի յառաջընթաց արձանագրած են հակամարտութեան կարգաւորման ուղղութեամբ: Անոնք հասած են հայ-ատրպէյճանական սահմանի մէկ մասին սահմանազատման եւ ա՛յս առանց Ռուսիոյ մասնակցութեան, ու այդ գործընթացը տակաւին կը շարունակուի: Այս պատճառով Քրեմլինը կը ձգտի աւելցնել ռուսական ուժերու տեղակայումը հայ-ատրպէյճանական առաջարկուող փոխադրութեան ուղիներու երկայնքով, որ այլապէս յայտնի է իբրեւ Զանգեզուրի միջանցք: Այդ մէկը Մոսկուային կ՚արտօնէ պայմաններ ստեղծել՝ ապահովելու համար իր լծակներուն շարունակականութիւնը։ Նման տեղակայումի Երեւանի կտրականապէս մերժումը, սակայն, այդ հեռանկարը անգործադրելի դարձուց:
«Այս բնաբանին, Մոսկուայի շահագրգռութիւնը Վրաստանի վրայ իր ազդեցութիւնը աւելցնելու՝ շատ ավելին է, քան բուն ինքը Վրաստանը։ Աւելի՛ն նպատակը ամբողջ Հարաւային Կովկասին վրայ ազդելու մասին է։ Իր աշխարհառազմավարական դիրքին շնորհիւ, Վրաստանը Քրեմլինի համար «ըլլալու կամ չըլլալու» հարց է, Հարաւային Կովկասի մէջ Ռուսիոյ աւելի ընդգրկուն ներկայութեան համար:
«Մոսկուայի մարտահրաւէրը Վրաստանի ռազմավարական դիրքը գործնականացնելն է, իբրեւ առանցքային գործօն՝ 2008-ին Ռուսիոյ Վրաստան ներխուժումին եւ Աբխազիոյ եւ Հարաւային Օսէթիոյ՝ իբրեւ անկախ պետութիւններ հետագայ պաշտօնական ճանաչման հետ: Արեւմուտքէն խզուիլը, որ վերջին երկու տասնամեակներուն ընթացքին երկրին անվտանգութեան գլխաւոր երաշխաւորն է, գրեթէ անխուսափելիօրէն Թիֆլիսը Մոսկուայէն կախուածութեան կը հանգեցնէ: Եթէ Ռուսիան յաջողի դէպի իրեն վերադարձնել Վրաստանը, Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի համար լուրջ հետեւանքներ կ՚ունենայ։
«Վրաստանը Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի համար դուռ մըն է, միջազգային գործընկերներու հետ ռազմավարական համագործակցութեան եւ եւրոպական շուկաներ մուտք գործելու համար: Ո՛չ Պաքուին, ո՛չ ալ Երեւանին ձեռնտու է Մոսկուայի կողմէ այս վրացական դուռը որեւէ կերպով սահմանափակուած կամ վերահսկուած ըլլալ տեսնել։
«Ռուսիայէն Վրաստան, Հայաստան, Իրան եւ Թուրքիա երկարող խորհրդային ժամանակաշրջանի երկաթուղային կապերու վերականգնումը, երկար ժամանակ եղած է Մոսկուայի տարածաշրջանային աշխարհաքաղաքական օրակարգին մէջ: Սակայն Վրաստանի քաղաքական ընդդիմութեան եւ քաղաքացիական հասարակութեան առարկութիւններուն խորապատկերին, Վրաստանի կառավարութիւնը դժկամութեամբ, ցարդ ձեռնպահ մնաց այսպիսի զիջումներէն:
«Վրաստանի խորհրդարանի նախագահ Շալվա Փափուաշվիլին հրապարակաւ մերժած է այս առաջարկը: (Երկաթուղիին*) Հնարաւոր վերականգնումը կը հարուածէ (այսպէս կոչուած*) Զանգեզուրի միջանցքին գործադրութեան՝ հետեւաբար չէզոքացնելով հայ-ատրպէյճանական խաղաղութեան դրդապատճառը*։ Աւելի՛ն, նման դիպաշարը կը նպաստէ Ռուսիոյ ազդեցութեան ուժեղացման՝ ռազմավարական, ուժանիւթային եւ տարանցիկ ենթակառոյցներուն վրայ, Կասպից ծովու ատրպէյճանի ափերէն դէպի Թուրքիա եւ Սեւ ծով Վրաստանի վրայով: Ի դէպ, վերջերս ռուսական հակաօդային պաշտպանութեան կողմէ ատրպէյճանական մարդատար օդանաւին հարուածելը Պաքուն մտահոգած է:
*Այստեղ հեղինակը կը խոստովանի, որ այսպէս կոչուած «Զանգեզուրի միջանցք»-ն է խաղաղութեան դրդապատճառը*:
«Այս խորապատկերին, հայ-ատրպէյճանական խաղաղութեան պայմանագիրը եւ կարգաւորումը տակաւին անհասանելի կը մնան երկու պետութիւններու անհամատեղելի դիրքորոշումներուն պատճառով: Անոնք պէտք է զգուշանան, սակայն, որ իրենց այժմու հասանելի բանակցային միջոցները տեսանելի ապագային կրնան անհասանելի դառնալ, յատկապէս Ուքրանիոյ եւ Ռուսիոյ միջեւ բեկման պարագային՝ ըլլայ այդ զինադադար, զինադուլ, թէ այլ կարգադրութիւն։
«Այսպիսի պարագային, Ռուսիան եւ միջազգային ազդեցիկ դերակատարները կրնան կրկին կեդրոնանալ հայ-ատրպէյճանական յարաբերութիւններուն վրայ։ Այդ դիպաշարը պարտադիր չէ, որ դրական արդիւնքներ խոստանայ ո՛չ Հայաստանին, ո՛չ ալ Ատրպէյճանին համար։ Հայաստանի փորձը կը վկայէ, որ Ռուսիոյ, կամ որեւէ այլ մեծ պետութեան վրայ չափէն աւելի ապաւինիլը կայուն ռազմավարութիւն չէ։ Նմանապէս, Ատրպէյճանի պարագան ցուց կու տայ, որ մեծ պետութիւններուն ներգրաւուածութիւնը իր էութեամբ նոյնպէս նպաստաւոր չէ։
«Ի վերջոյ, Պաքուին եւ Երեւանին քիչ ազատութիւն կը մնայ այս կարճ հնարաւորութիւնը արդիւնաւէտ կերպով օգտագործելու համար: Երկու երկրներն ալ պէտք է մտածեն, թէ արդեօք փոխարինող Բ. ծրագիր ունի՞ն՝ Ռուսիոյ եւ Ուքրանիոյ միջեւ բանակցութիւններուն մէջ դրական զարգացումներու պարագային, յատկապէս, եթէ ան զուգադիպի եւ միացուի ռուս-վրացական յարաբերութիւններու կարգաւորման հետ»։ Վերջ:
Վրաստանի վառ օրինակը դժբախտաբար կ՚անտեսուի Հայաստանը առեւանգած այս խունթային կողմէ: Բոլոր անոնք, որոնք Հայաստանի, Արցախի եւ հայութեան ապագան տակաւին Միացեալ Նահանգներուն եւ «արեւմուտքին» վստահած են, Հայաստանի այս ապիկար, անկարող ու դաւաճան իշխանութեան նման, պէտք է սթափին: Օրին, հեգնօրէն, Ամերիկեան մարտանաւերը իրենց դաշնակից Վրաստանի ջուրերն ալ հասան, սակայն միայն ել նամակ մը ղրկեցին, քանի որ վրաստանի ժողովուրդով ու հողով բնա՛ւ մտահոգ չէին, այլ մի՛այն Ռուսիան տկարացնելու համար, տակն ու վրայ ըրին Վրաստանը, Ուքրանիան, Հայաստանը եւ Արցախը: Ինչո՞ւ, քանի որ Վրաստանը եւ Հայաստանը քարիւղ կամ կազ չունին:
Համաձայնութիւնները՝ ինչպիսին էր 44-օրեայ պատերազմի աւարտին 9 նոյեմբեր 2020-ի ամօթալի եռակողմ համաձայնագիրը, որուն յօդուածներուն մեծամասնութիւնը լիուլի չգործադրուեցաւ Ատրպէյճանի կողմէ, ո՛չ ալ Ռուսիան կրցաւ պարտադրել զանոնք, քանի որ թշնամիէն խաղաղութիւն մուրալով, առանց մեր սեփական ուժին՝ մեր մարտունակ բանակին հզօրացումով ու գործի լծելով զայն, խաղաղութիւն չիրականանար: Խաղաղութիւնը եւ հողերու ազատագրումը պէտք է կարենալ պարտադրել սեփական ուժով եւ ո՛չ թէ անվերջ զիչումներով:
*Լուսաբանութիւնները, ընդգծումներն ու նկարը հեղինակին կողմէ:
https://jamestown.org/program/russia-seeks-to-reassert-influence-in-south-caucasus/