«Իմ Քաղցր Երկիր» Վաւերագրական Ժապաւէնի Ցուցադրութիւն
Կազմակերութեամբ, Ա․Մ․Ն․ Արեւելեան շրջանի Հայ Դատի յանձնախումբին, Ուաթըրթաունի Հայ Մշակութային եւ Կրթական Կեդրոնին մէջ, պիտի ցուցադրուի յորդանանցի-ամերիկացի բեմադրիչ Սարին Հայրապետեանի «Իմ Քաղցր Երկիր» վաւերագրական ժապաւէնը։
Ժապաւէնը կը պատմէ 11-ամեայ Վրէժին մասին, որ կ՛ապրի Արցախի մէջ: Իր գիւղին վրայ Ատրպէյճանի յարձակումէն ետք Վրէժն ու իր ընտանիքը կը փախչին, իսկ աւելի ուշ կը վերադառնան` ականատես դառնալով քանդումներուն:
«Իմ Քաղցր Երկիր» ժապաւէնը Յուլիս 2024-ին ստացած էր Ամմանի միջազգային շարժապատկերի փառատօնի դատական կազմին մրցանակը` լաւագոյն վաւերագրական ժապաւէնի եւ FIPRESCI մրցանակը լաւագոյն արաբական վաւերագրական ժապաւէնի համար:
Յորդանանի շարժապատկերի յանձնախումբը ընտրած էր այս գործը «Օսքար»-ի 97-րդ մրցանակաբաշխութեան «Լաւագոյն միջազգային ժապաւէն» բաժանմունքին մէջ ներկայացնելու համար: Սակայն, դժբախտաբար Պաքուի դիւանագիտական ճնշումներուն պատճառով, Յորդանանի Թագաւորութեան շարժապատկերի յանձնախումբը յայտարարծ էր, որ յետս կոչած է «Իմ Քաղցր Երկիր» վաւերագրական ժապաւէնի առաջադրումը։
Ցուցադրութեան ներկայ պիտի ըլլայ բեմադրիչ Սարին Հայրապետեանը, որուն հետ առիթ պիտի ըլլայ զրուցելու։