ՎԵՐԱԿԱՆԳՆԵԼ, ՀԱՅԵՐԷՆ ԵՒ ԱԶԳ
Յ. Պալեան
Հայրենադարձի լեզուական «ԱՏԱՊՏԱՑՈՒՄ»-էն թելադրուած, հասկնալ՝ պատշաճեցումէն, կրկին մտածեցի հայերէնը ըստ իր արմատներուն, իր բառերով եւ իր ուղղագրական հարազատութեամբ վերականգնելու, խօսելու եւ գրելու մասին, որպէս հոգեմտաւոր ենթահողը ազգի վերականգնման, որպէսզի մնանք ճշմարիտի եւ հարազատի շարունակութեան ուղեծիրին վրայ: Այս ազգային եւ քաղաքական հիմնահարց պէտք է ըլլար եւ չէ: Ան օրակարգ չէ ներսի եւ դուրսի ղեկավարութիւններուն համար, իսկ զանգուածները, շարունակաբար, եւ կրաւորականութեամբ, ընդունած են կացութիւնը, ընդգրկուած ըլլալով սպառողական ընկերութեան պարտադրած թմրութեան մէջ: Ըսուած եւ կրկնուած է, որ հայերէնը վտանգուած լեզու է, իր արեւելահայերէն եւ արեւմտհայերէն տարբերակներով, քանի որ այլեւս օտարալեզու եւ օտարագիր դառնալ ընկերաքաղաքական պատշաճեցում է, եւ այդ յառաջդիմութիւն կը համարենք: Հայերէն գրողներու եւ խօսողներու թիւի եւ տոկոսի մասին, երբեք չի խօսուիր, վիճակագրական տուեալներ չկան, հաւանօրէն կը սարսափինք ստացուելիք արդիւնքէն:
Լեզու մը որ չի խօսուիր եւ չի գրուիր կ’ըլլայ ՄԵՌԵԱԼ ԼԵԶՈՒ:
Իսկ ի՞նչ կ’ըլլայ լեզուն կորսնցուցած ժողովուրդ մը: Ան կ’այլանայ, կը ստանայ նոր ինքնութիւն, կը գումարուի ուրիշի համրանքին վրայ:
Կը մտածե՞նք, քաղաքական օրակարգ դարձնել հայերէնը համայն հայութեան խօսած եւ գրած լեզու դարձնել, հայերէն՝ իր արմատներուն վրայ կազմուած եւ ընդունուած նոյն բառապաշարով, նոյն ուղղագրութեամբ, մերժելով թարգմանածոյ-տառադարձուած օտար բառերով եւ շարահիւսութեամբ եղած բարբարոս զարտուղի կուտակումները, խօսիլ եւ գրել նոյն քերականութեամբ, որպէսզի ազգի միացման-մէկութեան ընթացք կարենանք որդեգրել:
Ազգի լեզուի պաշտպանութեան ազգային-քաղաքական ԻՐԱՒ մտածողութիւն, չունինք, ե՛ւ ներսը ե՛ւ դուրսը: Նորոյթի հետեւելով ըսենք, ռազմավարութիւն-մարտավարութիւն չունինք: Սովորական երեւոյթ է հայերէնը անտեսել, գործնական չհամարել, եւ յառաջդիմութիւն համարել, այս կամ այն օտար լեզուով խօսիլ եւ գրել, այդ ընել տան եւ համայնքին մէջ, մամուլի էջերուն եւ ի հարկէ՝ Հայաստան, տեւաբար օտար բառ գործածել խօսքի մէջ կամ վայրագ տառադարձութեամբ բառ հնարել: Այս նահանջ է, աւելի ճիշդ՝ հաշտութիւն պարտութեան հետ: Յիսուն տարի ետքի, դարավերջին պարզուելիք կացութեան մասին պատասխանատուութեամբ պէտք է մտածել, եւ նախատեսել, թէ ի՞նչ ժողովուրդ պիտի ըլլանք, ազգը ի՞նչ դիմագիծ պիտի ունենայ, համաշխարհային եւ տեւաբար համաշխարհայնացող հայերը իրարու հետ ինչպէ՞ս եւ ո՞ր լեզուով-լեզուներով պիտի հաղորդակցին, գրեն եւ խօսին:
Այլացման առջեւ ինչպէ՞ս թումբ պիտի կանգնենք: Կ’ուզե՞նք այդ ընել: Պիտի կարենա՞ն :
Այս հարցերուն մասին կրկին մտորելու պատճառ եղաւ հայերէնի աղճատման եւ պարտութեան օրինակ մը. հայրենադարձ «սուրիահայ» տիկինի մը կամ օրիորդի մը վկայութիւնը՝ իր «ատապտացման» մասին: Հայաստանի հեռատեսիլէն սփռուած հարցազրոյց մըն էր: Դրական, գնահատելի եւ նախանձելի էր այն, որ խօսողը հայրենադարձ էր եւ գոհունակութեամբ կը վկայէր իր հայրենադարձածի ուրախութեան եւ յաջողութեան մասին, բայց խրտչեցայ, երբ ան սփիւռքի մէջ իր գիտցած-սորված հայերէն բառերը փոխարինեց սովետի եւ Հայաստանի մէջ տուն տեղ եղած, շարունակ տառադարձուող-տառադարձուած եւ որպէս հայերէն գործածուող օտար բառերով: Կ’ենթադրեմ, որ ան Սուրիոյ հայկական վարժարանի մը մէջ ուսում ստացած էր, սորված եւ խօսած էր անխառն հայերէն բառերով արեւմտահայերէն եւ գրած էր հարազատ մեսրոպեան ուղղագրութեամբ, բայց հեռատեսիլէն կը խօսէր երեւանցիի «արդի հայերէն», կ’ըսէր, որ «ատապտացած» էր, «բիզնես» ունէր:
Հայերէն «պատշաճ», «պատշաճիլ» կամ «պատշաճեցում» բառերը հոտած գուլպա՞յ էի՞ն, որ հազիւ Հայաստան հասած, շնորհալի հայրենադարձ հայուհին զանոնք իր ոտքէն հանէր եւ խօսէր իր «ատապտացման մասին: Ինչպէս միշտ ամէն տեղ, գաղթական հայերը ամենուրեք «ատապտացած» են եւ կը խօսին անգլերէն, ֆրանսերէն, գերմաներէն, սպաներէն, արաբերէն : Թուարկումը վերջ չունի: Եթէ հայրենադարձութեան հետեւանքը պիտի ըլլայ այն, որ գէթ սփիւռքի մէջ պահուող մեսրոպեան ուղղագրութիւնը եւ դժուարութիւններու կուրծք տալով խօսուած, ուսուցուած եւ գրուած արեւմտահայերէնը կորստեան դատապարտուին, հայերէն բառերը անհետանան եւ փոխարինուին սովետի տառադարձուած եւ հայերէնի հետ առնչութիւն չունեցող բառերով, որոնք ամէն օր կ’աճին, աճեցնելով «արդի» կոչուած հայերէն համարուող լեզուն, եւ ընդունիլ, որ մեր պարտութիւնը վերջնական է: Հայերէնի հետ առնչութիւն չունեցող հազարաւոր «տառադարձուած» «արդիական» համարուող եւ հայերէնի վրայ թուքով կպցուած օտար բառերը միայն կը խաթարեն լեզու եւ ինքնութիւն, նոյն հունով՝ նաեւ լեզուամտծողութիւն: Կը դադրինք նոյն ձեւով մտածելէ, հետեւաբար՝ նոյն ձեւով գործելէ:
Նոյն օրը, հեռատեսիլէն ո՛չ անկարեւոր մը կը խօսէր «վերավերիֆիքացիա»-յի մասին, բառ՝ որուն նման հազարաւոր ուրիշ բառեր խուժած են արեւելահայերէնի մէջ, եւ հայրենադարձ հայուհին, «ատապտապցումով», պիտի իւրացնէ զանոնք:
Լեզուի պաշտպանութեան տեսչութիււն կայ Հայաստան, օրէնք ալ կայ, լեզուն խաթարողը կարելի է դատի տալ, բայց այդ բոլորը կամ չեն գործեր, կամ Լեզուի Տեսչութիւնը զինաթափ է: Սփիւռքը նման տեսչութիւն չունի, ինչպէ՞ս կրնայ ունենալ: Եւ ամէն էջ մրոտող ինք կ’որոշէ, թէ ինչպէ՞ս պիտի գրէ:
Հայաստան եւ Սփիւռք, համատեղ նախաձեռնութեամբ, ներսի եւ դուրսի հարազատ մտաւորականութիւն եւ ազգային առաջնորդութիւններ, ինչո՞ւ հրապարակ չեն գար, հայերէնի պաշտպանութեան, զտման, զարգացման, իւրացման եւ իւրաքանչիւր հայու կողմէ անոր գործածութեան, կարգախօսով, ինչ որ ազգի ՄԻԱՑՄԱՆ ուղիղ ճանպարհը կ’ըլլայ, զիրար կը հասկնանք, ինքնութիւն եւ հարազատութիւն կ’ունեանք նոյն ալիքին վրայ: Այս ԱԶԳԱՅԻՆ ԻՐԱՒ ԳԱՂԱՓԱՐԱԽՕՍՈՒԹԻՒՆ կ’ըլլայ, ազնիւ քաղաքականութիւն, քանի որ նոյն լեզուով խօսիլ, գրել եւ հաղորդակցիլ ներազգային տարբերութիւնները յաղթահարելու ՄԷԿՈՒԹԵԱՆ ՀԱՐԹԱԿ կը ստեղծէ:
Միամիտ չեմ եւ դժուարութիւնը չեմ անտեսեր: Բայց պէտք է մտածել ստեղծուելիք հոգեբարոյական ուժի եւ անոր ազգային եւ քաղաքական հետեւանքի մասին, քանի որ ո՛չ միայն տարբերութիւններու եւ բաժանումներու վերացման ուղութեամբ քայլ կ’առնենք, այլ՝ տէր կը դառնանք դարեր անցած ժառանգութիւն-լեզուին, որ մշակոյթ եւ պատմութիւն է: Համագումար՝ ԻՆՔՆՈՒԹԻՒՆ:
Առանց հարազատ ինքնութեան ազգ չ’ըլլար, կը մնան արտադրող-սպառողի անդիմագիծացած եւ համաշխարհայնացած-տարտղնուած ամբոխ եւ հաւաքականութիւն:
Ինչո՞ւ պիտի«չատապտացուինք» հարազատին: Ո՞վ եւ ի՞նչ բան այդ կ’արգիլեն:
Եթէ «դեկրետ»-ով մը լեզուի դարաւոր ուղղագրութիւնը փոխուեցաւ, միթէ՞ անհնար է նոյնը ընել, վերականգնել ուղղագրութիւն եւ նոյն հունով, հայերէն արմատներու հիման վրայ վերարժաւորել, վերամտածել եւ հարստացնել հայերէնի բառագանձը: Օտար լեզուներու բառագանձի իւրացումը պէտք չէ ըլլայ ի հեճուկս հայկականի: Բայց ինչպէս կ’ըսեն, ձուկը գլխէն կը հոտի, հայերէնը կը լքուի անոնց կողմէ, որոնք հրապարակին վրայ կ’աղմկեն եւ հայուն կը խօսին ազգ պաշտպանելու կոչուած բազմապատիկ օտար բառերով:
Այս հիմնահարցին համար որակաւոր համաժողով մը կայացնել միթէ՞ վնասակար կ’ըլլայ, պերճա՞նք: Ինչո՞ւ համահայկական օրակարգ չդարձնել խօսուած եւ գրուած «հայերէններ»ու հայացումը՝ հարազատի ենթահողի վրայ, որպէսզի անորոշ միլիոններով հայերը խօսին նոյն լեզուն, գրեն նոյն գիրերով, չտարուին համացանցի պարտադրած լատինագրութեամբ, կամ կիւրեղագրութեամբ (ռուսական այբեբենով), եւ թերեւս վաղն ալ՝ չինական, արաբական, ճաբոնական այբուբենով, քանի որ Մեսրոպի այբուբենը ո՛չ ոքի օգտակար եւ անհրաժեշտ է: Եթէ նահանջի թափը շարունակուի, օր մը գործնապաշտներ կրնան առաջարկել մեր այբուբենը փոխարիել լատինական կամ կիւրեղեան-ռուսական (cyrillique) այբուբենով: Այդ կ’ըլլայ քաղաքակրթական ատապտացում, քայլ կը պահենք ժամանակին հետ: Իսկ թէ ի՞նչ կ’ըլլան հետեւանքները.. Ամենագէտ մը կը յայտնուի՞ պատասխանելու համար:
Միթէ՞ բացատրութեան կը կարօտի այն, որ ԼԵԶՈՒԻ ՀԱՐՑը ազգային-քաղաքական ՀԻՄՆԱԽՆԴԻՐ է: Կը սիրենք, Շէքսփիրի հետեւութեամբ ըսել՝ «լինել-չլինել»ու խնդիր:
Պետութիւն եւ սփիւռքեան կառոյցներ, կան, կայ մտաւորականութիւն: Գերանցումներ կատարելով, կարելի չէ՞ իսկական համահայկական ԼԵԶՈՒԻ ՏԵՍՉՈՒԹԻՒՆ մը յառաջացնել, որուն պարտականութիւնը ըլլայ հայերէնի վերահայացումը եւ այդ որդեգրուի բոլոր հայերուն կողմէ, Հայաստան եւ Սփիւռք(ներ): Այս կ’ըլլայ ցանկալի տոկալու, տեւելու եւ միացման յեղափոխական ուղի, որպէսզի տարբերակուելով եւ տեւաբար այլանալով, մենք չըլլանք մեր անհետացումը կնքողները: Այս պէտք է ընել առանց յաւելեալ իրաւունքի, կամ նախնական նախամեծարութեան հետապնդման, այլ՝ ազգի վաղը, մի՛շտ ինքնութիւն, իրաւունք եւ միացում երրեակը ունենալով որպէս մէկ եւ նոյն առաջադրանք, մտածելով կոտորակումներու յաղթահարման մասին եւ կրկնել, որ հայ ազգը իրաւունք ունի, ո՛չ այս կամ այն իշխանութիւնը, համայնքը, «մեծապատիւ»ը:
Ինչպէ՞ս ստեղծել իրաւասու եւ իր բարեկարգումները իրագործելու միջոցներով օժտուած հայերէնի բարեկարգման եւ բոլոր հայերու կողմէ ընդունուած համահայկական մարմին մը, Տեսչութիւն, կամ Կոմիտէ, որ լեզուով ազգը միացնէ: Այս ընել մեր հասողութեան սահմանին մէջ է, եթէ ունինք այդ կամքը: Ան կ’ըլլայ պատուանդան պատմութենէն չհեռացուելու եւ չհեռանալու իսկական հեռանկարային քաղաքականութիւն, յաւելեալ պարտքի թելադրած յանձնառութեամբ, ո՛չ յաւելեալ իրաւունքի, դգառանց անհատնում կարծիքներու կուտակման:
Այս բարեկարգում-«ռեֆորմ»ը կը պահանջէ յառաջացումը տոկալու եւ տեւելու միտքի յեղափոխութիւն, որ եթէ չըլլայ եւ չընենք, ո՛չ ոք իրաւունք պիտի ունենայ ըսելու՝ չգիտցանք: Ապազգայնացնող «ատապտացում»ը ազգավնաս է, ինքնութեան, եւ հայոց իրաւունքի վերջնական կորուստ: Թերեւս ժամանակ մըն ալ կը մնայ բեմերուն վրայ հայկական աթոռ նստիլ-ելլելու խաղը: Հայ լեզուի հայացում եւ համահայկականացում ազգի ոտքի մնալու քաղաքական յեղափոխութիւն է :Եւ վաղը ուշ է:
Կափառնայումի լեզուներու գումարումով ո՛չ ինքնութիւն, ո՛չ ազգ, եւ ո՛չ ալ հայրենիք կը պահուին:
Բազմաթիւ լեզուներու ներխուժման դէմ կանգնած ենք: Ազգի եւ հայրենիքի դէմ կատարուած ներխուժումը, ինչ պիտակի եւ անուան տակ ալ ներկայանայ, ազգակործան է: Ձեռնածալ չմնալ եւ պայքարիլ էապէս ազգային իրաւ քաղաքականութիւն է, որպէսզի տոկանք եւ մնանք ՀԱՅ ԱԶԳ՝ պատմութեան բեմին վրայ: Այս պայքարը ո՛չ ոք, ո՛չ մէկ ժողովուրդ կամ ժողով, պիտի ընեն մեր փոխարէն: Այս իմանալով, գումարուելով մէկ առաւել մէկ, կ’ունենանք համազգային կամք: