ԹՈՒՐՔԻՈՅ ՇՈՒՐՋ
Թուրքիոյ ընդդիմադիր Հանրապետական Ժողովուրդին կուսակցութիւնը նախագահի պաշտօնին թեկնածու առաջադրեց Պոլսոյ կալանաւորուած քաղաքապետ Էքրէմ Իմամօղլուն։
կուսակցական ընտրութիւններուն, որուն մասնակցած են 15 միլիոն քաղաքացիներ, 13.2 միլիոնը իրենց քուէն տուին միակ թեկնածու Իմամօղլուին։Իսկ Հանրապետական Ժողովուրդին կուսակցութեան ղեկավար Օզկիւր Օզել կոչ ըրաւ նախագահ Ռեճէփ Էրտողանի՝ կայացնել նախագահական արտակարգ ընտրութիւններ եւ մրցիլ Իմամօղլուի դէմ։ Ան, խօսք առնելով Պոլսոյ քաղաքապետարանին դիմաց հաւաքուած տասնեակ հազարաւոր համակիրներուն դիմաց, յայտարարեց, որ Իմամօղլու բանտարկուած է, բայց կը գտնուի դէպի նախագահութիւն ճանապարհին վրայ։
Օզկիւր Օզէլ այցելեց բանտարկուած Իմամօղլուի եւ երկու ժամ տեւած տեսակցութենէն ետք յայտարարեց, որ Պոլսոյ բանտարկուած քաղաքապետին ազատ արձակման պահանջով ցոյցերը պիտի շարունակուին։
*
Պոլսոյ քաղաքապետ Էքրէմ Իմամօղլուի եւ այլ հանրածանօթ գործիչներու ձերբակալութիւնը լուրջ ոտնակոխում մըն է Ժողովրդավարական արժէքներուն, յայտարարեց Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարարութիւնը՝ վերահաստատելով իր խոր մտահոգութիւնը։
Նշուեցաւ, որ ընտրուած ընդդիմադիր գործիչներուն իրաւունքներու յարգումը, ցոյցեր կազմակերպելու եւ խօսքի ազատութիւնը օրէնքի գերակայութեան հիմնաքարերէն են։Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարարութիւնը նաեւ թարգմանը հանդիսանալով Եւրոպական Միութեան, շեշտեց, որ իբրեւ Եւրոպական Խորհուրդի անդամ եւ Եւրոպական Միութեան անդամակցութեան թեկնածու երկիր, Թուրքիա կամաւոր պարտաւորութիւններ ստանձնած է մարդու իրաւունքներու եւ խօսքի ազատութեան պահպանման համար։ «Այս պարտաւորութիւններուն կատարումը մեր յարաբերութիւններուն, ինչպէս նաեւ՝ Եւրոպական Միութեան եւ Թուրքիոյ միջեւ յարաբերութիւններուն կեդրոնական տարրն է», նշեց արտաքին գործոց նախարարութիւնը։
*
Անգարայի քաղաքապետարանին կողմէ կազմակերպուած հրապարակային 33 համերգներու շուրջ հետաքննութիւն ընթացք առաւ՝ հանրային ելեւմտական վնասներու մեղադրանքներով։ Անցեալ տարի ալ նման հետաքննութիւն սկսած էր եւ անոնց հիման վրայ Անգարայի քաղաքապետ Մանսուր Եաւաշ, որ ընդդիմադիր Հանրապետական Ժողովուրդին կուսակցութեան անդամ է, քաղաքապետարանին մշակոյթի եւ ընկերային հարցերու վարչութեան երեք պաշտօնեաներ պաշտօնանկ ըրած էր։
Ընդդիմադիր շրջանակներ Անգարայի քաղաքապետարանին գործարքներուն շուրջ բացուած հետաքննութիւնը կը համարեն ճնշում մը՝ Հանրապետական Ժողովուրդին կուսակցութեան վրայ։
*
Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտան Միացեալ Նահանգներու մայրաքաղաք Ուաշինկթընի մէջ հանդիպում ունեցաւ արտաքին գործոց նախարար Մարքօ Ռուպիոյի հետ։ Քննարկումներու առարկայ դարձան Միացեալ Նահանգներ- Թուրքիա յարաբերութիւններուն զարկ տալու նպատակով՝ ռազմավարական քայլերը, միջազգային եւ շրջանային իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ՝ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճէփ Էրտողանի Միացեալ Նահանգներ նախատեսուած պաշտօնական այցելութեան կազմակերպչական խնդիրները։
Տեղին է նշել,որ Ֆիտանի Ուաշինկթըն այցելութենէն առաջ, կայացած էր նախագահներ՝ Թրամփի եւ Էրտողանի միջեւ հեռաձայնային հաղորդակցութիւնը։
*
Թուրքիոյ նախագահ Էրտողանի արտաքին յարաբերութիւններուն հարցով խորհրդական Աքիֆ Չաղաթայ Քըլըճ Միացեալ Նահանգներու մէջ հանդիպումներ ունեցաւ նախագահ Տոնըլտ Թրամփի ապահովութեան հարցերով խորհրդական Մայք Ուալցի, Ուքրանիոյ հարցով յատուկ բանագնաց Քէյթ Քելոկի, ինչպէս նաեւ՝ հեղինակաւոր քոնկրէսականներու եւ ծերակուտականներու հետ։
Չաղաթայ, որ կ՛ընկերանար արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտանի, նաեւ մասնակցեցաւ կլոր սեղաններու, որոնց ընթացքին ներկայացուց Թուրքիոյ պաշտօնական դիրքորոշումները՝ Ուքրանիոյ պատերազմին առնչութեամբ։
*
Թուրքիոյ ուժանիւթի նախարար Ալփարսլան Պայրաքտար յայտարարեց, որ Սեւ Ծովու մէջ գտնուող Սաքարիա բնական կազի հանքը հինգ անգամով պիտի աւելցնէ իր աշխատանքը մինչեւ 2028, որպէսզի կարելի ըլլայ բաւարարել տեղական շուկային պահանջը։ Սաքարիա բնական կազի հանքը 2020ին յայտնաբերուեցաւ։Ասիկա մեծագոյնն է Թուրքիոյ պատմութեան մէջ։
Պայրաքտար նաեւ յայտնեց, որ Թուրքիոյ հարաւարեւելեան շրջաններուն մէջ 90 աւելի նաւթահորեր վերսկսած են քարիւղ արտադրել։Այս նաւթահորերուն մէջ աշխատանքները երկար տարիներէ ի վեր դադրած էին, քիւրտերու հետ բախումներու պատճառով։ Ան նախատեսեց, որ կարելի պիտի ըլլայ օրական մինչեւ 100 հազար տակառ քարիւղ արտադրել Կապար շրջանի հանքերէն՝ հարաւարեւելեան շրջանին մէջ։