ԿիզակէտՅօդուածներ

ՆՇՄԱՐՆԵՐ.- «ԲԱՂՆԻՔԻՆ ՄԷՋ ԿԱՊՈՒԵԼԻՔ ԽԵՆԹ ՄԸ ԿԱՅ…»

 

Կապուելիք մըն ալ խորհրդարանին մէջ…

 

Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ

27 Մարտ 2025

Աշխարհըս մէ գժանոց է՝ պիտի ողբար Սայաթ Նովան՝ եթէ ապրէր այս օրերուն, փոխանակ երգելու՝ «Աշխարհըս մէ փանջարա է. թաղիրումէն բէզարիլ իմ»:

Իսկապէ՛ս որ, եթէ բանիմաց մարդ արարածը, որ բանականութիւն ու տրամաբանութիւն ունի (մե՜ծ քաղաքագէտ ըլլալու պէտք չունի), կրնայ բաց աչքերով տեսնել, որ աշխարհի դէպքերը կը «ղեկավարուին» իսկական համբակներու, տխմարներու եւ գործէ չհասկցողներու կողմէ: Եւ ի՜նչ զարմանք՝ աշխարհը կ’երթայ անկումէ անկում, իսկ զանգուածները, եղածներուն խայթոցները կրելով հանդերձ՝ բանտուած են անտարբեր դիտողի աթոռներու վրայ, համբակներուն կողմէ առաջնորդուած են այն համոզումին, որ «այս՝ այսպէս է, մէկը բան չի կրնար ընել»:

Եկէ՛ք, չմնանք ընդհանրութիւններու դաշտին մէջ եւ ցուցհանենք համբակներու քանի մը ազդեցիկ խմբաւորում, սկսելով աշխարհի արեւմտեան ծագէն:

***

Ա. ՄԻԱՑԵԱԼ ՆԱՀԱՆԳՆԵՐՈՒ եւ ընդհանրապէս Արեւմուտքի մէջ, ու մասնաւորաբար Տանըլտ Թրամփի Սպիտակ Տուն վերադարձէն ասդին (նախկինները անպարտ չէին), գրեթէ ամէն օր նոր փաստ մը կը պայթի ամերիկեան վարչակազմի համբակութեան եւ անատակութեան մասին, արարքներով՝ որոնք երկիրը կը դնեն թէ՛ տնտեսական եւ թէ ապահովութեան վտանգներու դիմաց (թէեւ հողային կորուստ-զիջում չեն խոստանար…):

Նորագոյն գայթակղութիւնները պայթեցան վերջին օրերուն: Ի յայտ եկաւ, որ Եմէնի վրայ ամերիկեան յարձակումի նախաքայլերուն մասին այլապէս գաղտնի տեղեկութիւններ հասած են «պատահական» լրագրողի մը: Յաջորդած բանավէճերը ցուցահանեցին բազմաշերտ խայտառակութիւններ՝ թէ՛ ամբաստանողներու ու հաշիւ պահանջողներու, եւ թէ ինքնապաշտպանութիւն եւ ինքնարդարացում խաղացողներու կողմէ: Չենք ուզեր անդրադառնալ ողբալիօրէն ծիծաղաշարժ դիրքորոշումներուն, այլ բարձրացնենք մէկ քանի դիպուկ հարցում մը, որոնք ո՛չ ոքի կողմէ կը հնչեն: Ի՞նչ էր նախերգանքը ամերիկեան յարձակումին: Ի՞նչ եղաւ յարձակումին հետեւանքը, քանի՞ անմեղ եմէնցի զոհուեցաւ ու վիրաւորուեցաւ: Նման հարցումներ հնչած են եւ կը հնչեն Կազայի եւ Արեւմտեան Ափի մէջ իսրայէլեան վերանորոգուած նախճիրներուն առիթով ու գործնապէս կը մնան անարձագանգ: Միջազգայիներգչախումբը կը նախընտրէ ամբողջ մեղը դնել պաղեստինցիներուն վրայ, որոնք տարիներ ու տարինե՜ր շարունակ իրերայաջորդ սնպանդներու եւ բռնադատութիւններու կ’ենթարկուին, Հոկտեմբեր 2024-էն ի վեր անոնց զոհերուն թիւը անցած է 50 հազարը, մեծ թիւով մանուկներ, կիներ, անզէն քաղաքայիններ…

Ուշինկթընեան աղաղակող գայթակղութեանց ի տես, մարդիկ հիմա կ’ողբան. «Աստուած հոգի՛դ լուսաւորէ, Ռիչըրտ Նիքսըն: Դուն կանուխ ծներ ես  եւ օրէնքը ոտնակոխելուդ համար քեզի պարտադրեցին հրաժարիլ, վարկաբեկուիլ (անշուշտ արդարօրէն): Եթէ հիմա ապրէիր, պիտի տեսնէիր, որ յաջորդներէդ մէկը աւելի քան երեք տասնեակ փաստուած մեղադրանք շալկած՝ Սպիտակ Տուն վերադարձաւ եւ…»

Տնտեսական դաշտը աւելի լաւը չէ: Թրամփ տուրքերու բարձրացման խաղեր կը խաղայ նախ՝ Մեքսիքայի ու Քանատայի հետ, յետոյ կը ցատկէ ովկիանոսին արեւելեան կողմը եւ կը սպառնայ սնանկացնել եւրոպացի ինքնաշարժ արտադրողները եւ ուրիշներ, որոնք պաշտօնապէս իր դաշնակիցներն են բազմաթիւ մարզերու մէջ: Եւրոպացիներուն հետ Թրամփի հակադրութիւններն ու բանավէճերը նորանոր զարգացումներ կ’ապրին նա՛եւ Ուքրանիոյ տագնապին շուրջ, ու եւրոպացիք վստահաբար կը մտածեն, թէ սա ի՞նչ խենթի մը դէմ յանդիման ենք հիմա. մէյ մը Զելենսքին կը խայտառակէ, կը դադրեցնէ անոր զինական եւ այլ օժանդակութիւնները, յետոյ կը սկսի վերազինել զայն, մինչդեռ եւրոպացիք ի սկզբանէ չեն ուզեր դադրեցնել Ուքրանիոյ զինական օժանդակութիւնը եւ իրենց ժողովուրդներուն ըսել կու տան, որ կը ղեկավարուին տխմարներու կողմէ: Ինչո՞ւ. որովհետեւ մէկ կողմէ՝ իրենց տնտեսական միջոցները բառացիօրէն կ’այրեն Ուքրանիոյ մէջ, իսկ միւս կողմէ, անբացատրելի հակադրութիւններու կը մատնուին Ուաշինկթընի հետ…

Իմաստակութեան դրսեւորումները կը տարածուին դէպի Իրան, Չինաստան, մինչեւ իսկ Հարաւային Քորէա եւ Ճափոն… (կը յիշէ՞ք սա խօսքը. Տէ՛ր Աստուած, զիս պահպանէ բարեկամներէս, ես թշնամիներուս հետ գլուխ կ’ելլեմ…)

Ողբերգութիւնը միայարկ չէ. Թրամփ եւս օժտուած է… ուսապարկերով, եւ ի՜նչ ուսապարկեր (Փաշինեանի նախանձը շարժո՛ղ ուսապարկեր): Մէկը կը փորձէ վարչամեքենան ծանրացնող (իբրեւ թէ) աւելորդ պաշտօնեաները թօթափել, եւ ահա ծայր կու տայ թացը չորին հետ այրելու մրցում մը: Ուրիշ մը կը սպառնայ տակն ու վրայ ընել եւ անդամալուծել Ընկերային ապահովութեան մարզը, որովհետեւ նկատուեր է, որ որոշ թիւով անօրէններ (բացայայտօրէն աղէտալի չէ թիւը) կը շահագործեն դրութիւնը: Ծիծաղելին այն է, որ հիմա մարդիկ պիտի ստիպուին (եղեր) պատկան գրասենեակներ ներկայանալ՝ փաստելու համար որ… մեռած չեն:  Մէկը հարց չի տար, թէ արդի արհեստագիտութեան բոլոր բարիքներով օժտուած, պետական բաժանմունքներուն միջեւ սկզբունքով՝ անթերի հաղորդակցութիւններու եւ փոխադարձ ստուգուի հնարաւորութիւններով օժտուած վարչամեքենայի մը պարտականութիւնը ի՞նչ է, եթէ ո՛չ՝ իր միջոցները օգտագործել եւ անյապաղ ի յայտ բերել չարաշահները: Այդ ինչպէ՞ս կը պատահի, որ այլ մարզերու մէջ (եւ բարեբախտաբար) օրինազանցներ կարճ ժամանակի մէջ կը բռնուին եւ հաշուետուութեան կը կանչուին: Արդեօք այս իշխանութիւնը (եւ նախորդները) նիւթական միջոցներէ զո՞ւրկ են՝ նման հետապնդում կատարելու եւ բաւարար անձնակազմ ունենալու համար, մինչդեռ, հսկայական գումարներ կը մսխուին՝ Ուքրանիոյ եւ Իսրայէլի զինական կարողութիւնները ուռճացնելու համար, իսկ ասդին, պետական եւ դրամատրիական կառոյցներու մէջ գործէ արձակումները իրարու հետ մրցակից են:

Տխմարութիւնն ու անատակութիւնը չեն սահմանափակուած վարչամեքենային անդամներով: Անոնք իրենց կողքին ունին գայթակղալի արարքներն ու խեղկատակութիւնները պաշտպանող, արդարացնել փորձողներու փաղանգներ՝ լրատու աղբիւրներ եւ բթացեալ ուղեղներով զանգուածներ, անշուշտ նաեւ… վարագոյրներու ետեւէն՝ այս դրածոյ տիկնիկներուն «թելերը քաշողներ»:

Եւրոպայի մէջ, համբակութեան եւ պարտադիր կամակատարութեան այլ մրցավազք մը կայ եւ վերջերս նոր արտայայտութիւններ կը գտնէ: Առանցքն ու շարժառիթը միայն Ուքրանիան չէ. կան ներքին քաղաքական եւ տնտեսական դաշտերը: Եւրոպացիք ալ թրամփեան տուրքերուն դէմ տուրքեր կը դնեն ամերիկեան արտադրութեանց դէմ: Տնտեսական ըմբշամարտը նոր թափ կը ստանայ, մրցողները կը նմանին այն ըմբիշներուն՝ որոնք երկուքով կամ երեքով (երբեմն ալ աւելի մեծ թիւերով) կրկէս (ռինկ) կը մտնեն նոյն թիւով հակառակորդներու դէմ: Իսկ իրական ըմբշամարտերը շատո՜նց վերածուած են շահադիտական խայտառակ բեմադրութիւններու, իսկ հանդիսականները՝ կամաւոր «կթուողներու»:

ԱՓՐԻԿԷԻ, ՀԱՐԱՒԱՅԻՆ ԱՄԵՐԻԿԱՅԻ, ՄԻՋԻՆ ԵՒ ԾԱՅՐԱԳՈՅՆ ԱՐԵՒԵԼՔՆԵՐՈՒՆ մէջ, համբակներն ու տխմարները ետ չեն մնար արեւմտեան իրենց «ախոյեաններէն»:  Չմտնենք մանրամասնութիւններու մէջ, որովհետեւ կարելի է հատորներ լեցնել: Կը նախընտրենք բաւականանալ Արեւմուտքի համբակախումբերու այս ուրուագիծով, բարձրացնելով հարց մը, թէ՝ Հայաստան այդ ո՞ր Արեւմուտքին հետ բարեկամանալու կը վազէ (պահ մը մոռնանք իրողական կացութիւնները), ա՞յն Արեւմուտքին, որ ինքն իր մէջ բաժան-բաժան է իրողապէս, բաժիններուն ղեկերուն են անատակներ եւ… ծաղրածու գործակատարներ: Ուաշինկթընի՝ որուն հետ համաձայնագիր մը ալ կնքուեցաւ, թէ՞ Եւրոպական միութեան՝ որուն դուռներուն կը ներկայանայ իբրեւ երազատես… մուրացկան:

Քուլիսներու մէջ կատակ մը ծնած է. կ’ըսուի, որ Ողիմպիական կոմիտէն (որ, ի դէպ, նոր նախագահուհի մը ունեցաւ քանի մը օր  առաջ), պիտի քննարկէ իշխանապետերու համար մետալաբաշխութեան նոր դրութիւն մը՝ տխամարները դասակարգելու համար: Նոյն կատակաբանները կ’ըսեն, թէ հիմնական դժուարութիւնը հոն է (եղեր), որ կոմիտէն ստիպուած պիտի ըլլայ միայն մէկ տեսակի՝ ոսկեայ մետալներ բաշխելու, որովհետեւ արծաթեայ եւ պղնձեայ մետալի արժանացող պիտի չըլլայ:

Ըստ նոյն զրոյցներուն՝ ոսկեայ մետալներու թեկնածուներ կան Թուրքիոյ եւ Ազրպէյճանի մէջ եւս: Հոն, ոսկին կը շահի «սուլթան» Էրտողանը, իսկ մնացեալը բաժին կ’իյնայ Ալիեւի: Մանրուքներ ալ կրնան տրուիլ իրենց գործակիցներուն:

 

***

ՀԱՅԱՍՏԱՆ ոչինչով կը զիջի այս մրցավազքին մէջ, որովհետեւ Երեւանի իշխանութեան ղեկին կանգնած են համբակապետ մը եւ ի՛ր «ղոլամները»: Վարչապետ, նախարարներ ու այլ բարձրաստիճան պաշտօնատարներ (բոլորն ալ իշխանական կամ անոնց աղբիւրէն ջուր խմող) ամէն օր անատակութեան եւ տխմարութեան նոր ապացոյցներով հրապարակ կու գան: Ազգային ժողովի նիստերուն՝ վերջին օրերուն, իշխանաւորները քանի մը քայլ աւելի յառաջ գացին եւ իրարմէ խօսք խլելով՝ ապիկարութեան եւ հայրենիքին նոր պատուհասներ խոստացող «ցուցահանդէս» մը ցուցադրեցին: Ոսկեայ մետալի թեկնածուներուն շարքին, կասկած չկայ, որ վարչապետը մնաց անմրցելի (Ողիմպիական կոմիտէն կրնայ քիչ մը հանգստացնել միտքը) եւ ոսկեայ մետալին միակ արժանաւորը: «Արցախը մոռցէք»ի ալիեւեան հրահանգները կրկնելէ զատ (չթուենք միւս հրահանգները), նախկին նախագահներուն ասպարէզ կարդալու իր բացագանչութիւններն ու ջղագարութիւն մտանող սպառնալիքները ճակատաբաց ցուցադրուեցան պատկերասփիւռի պաստառներէն, գործնապէս ցոյց տալով, որ թմրեցուցիչ կամ ոգելիցներ գործածողը ո՛վ է եղեր, Երեւանի մէջ ի՛նչ մակարդակի «ազգընտի՜ր» մը կայ, իսկական… կապուելիք մը:

Խորհրդարանի պատերէն դուրս, համբակութեան (դուք ըսէք նաեւ բռնատիրական եւ կամայականութեան) նոր ալիքներ ի յայտ եկան այլ դաշտերու մէջ: Մինչ Գիւմրիի տեղական ընտրութիւնները կը մօտենան բարձրակէտին, ահա ՔՊ-ի մէկ քանի մրցակիցներ կալանաւորուեցան եւ քանի մը ժամ ետք… ազատ արձակուեցան, սա եղաւ բացայայտ ճնշումի թատրոն մը: Հայաստանի «ժողովրդավարութեան պասթիոն» ըլլալուն նորագոյն վկայութիւնն էր: Ու եթէ պատահի, որ Գիւմրիի մէջ վաղը ՔՊ-ականները նման «ժողովրդավարութեամբ» փորձեն իւրացնել քաղաքապետարանը… (չե՞ն փորձեր՝ կ’ըսէք. բայց մօտիկ անցնեալին նոյն քաղաքին մէջ եւ այլուր՝ զիրենք պարտութեան մատնողները հալածեցին, պաշտօնազրկեցին, բանտարկեցին եւ այլազան զրպարտութիւններով բեռնաւորեցին): Անդին, վարչապետին կամակատարը ըլլալ մերժողներ, մեծ մասամբ ՔՊ-ականներ, մէկը միւսին ետեւէ պաշտօնազրկուելէ ետք, հիմա նոյն ալիքը կը տարածուի նախկին ՔՊ-ականներու եւ այլ ընդդիմադիրներու վրայ:

Անատակութեան այլ ապացոյցներ կը «պայթին» քիչ մը ամէն տեղ: Վերջին օրերուն, սահմանամերձ գիւղեր ահ ու սարսափի կը մատնուին սահմանէն… ասդին հաստատուած ազերիներու կողմէ (մի՜ մոռնաք, որ որոշ ոտնձգութիւններ կը կատարուին վերջին տարիներուն նոյնինքն Հայաստանէն խլուած հողերէ եւ դիրքերէ), իշխանութիւնները կը փորձեն հաւաստել, որ ազերիները դիտումնաւոր կերպով չեն կրակեր (անմիջապէս փակագիծ մը բանանք եւ նշենք, որ հոն ալ իրար հակասող, զիրար ժխտող յայտարարութիւններ կ’արձակուին իշխանականներու կողմէ), կարգ մը գիւղացիներ ալ կ’ըսեն, որ կրակոցները հաւանաբար Ռամատանի կամ Նովրուզի տօներուն առիթով եղած են: Բայց մէկը չ’ըսեր, թէ այս դէպքերը ինչո՞ւ կը պատահին… Սիւնիքի Խոզնավար գիւղին ու մօտակայ բնակավայրերու դէմ, Տաւուշէն խլուած գօտիէն բաւական հեռու, այսինքն այն շրջանին մէջ, որուն ուղղուած են ազերիներուն աչքերը, «Զանգեզուրի միջացնքը այս կամ այն ձեւով պիտի ունենանք» ըսողները, որոնցմէ «խաղաղութեան համաձայնագիր» կը մուրայ Երեւանի ՔՊ-ապետը, իսկ ուսապարկ մը Ազրպէյճանի կոչ կ’ուղղէ չփախցնելու խաղաղութեան համաձայնագիրի առիթը (Ալիեւ արդեօք վա՜յ, չփախցնե՞մ բացագանչեց, թէ սրիկայական ժպիտով մը ձեռքը թափ տուաւ): Ի վերջոյ, Երեւանի իշխանութիւնները ինչո՞ւ բողոքի ձայն եւ ամբաստանութեան մատ չեն բարձրացներ ընդդէմ ազերիներուն, որոնք վերջին շրջանին, օրը քանի մը անգամ հայկական կողմը կը մեղադրեն, իբրեւ թէ կրակ բացուած է իրենց դիրքերուն դէմ: ՔՊ-ականներու ստրկամտութիւնը եւ ժողովուրդն ու ազգը ստրկացումի տանիլը սահման ունի՞ արդեօք, իսկ ազերիական մեղադրանքներու նոյն բառերով հերքումը այլեւս դդումի համն ալ կորսնցուցած է:

***

Աշխարհն ու մեր հայրենիքը ընդմիշտ անյուսութեան մէջ պիտի չմնան, համբակներու իշխանութիւնը պէտք է վերջ գտնէ անյապաղ: Իսկ ինչպէ՞ս՝ հետեւեալ անեկդոտը կրնայ գաղափար մը տալ:

Կը պատմուի, որ հին օրերուն, գիւղապետի մը խենթ զաւակը ամէն օր բաղնիք կը մտնէ (խօսքը հանրային բաղնիքի մասին է) եւ դիմացը ելլողը կը ծեծէ: Մարդիկ կը հանդուրժեն, որովհետեւ ի վերջոյ, տղան «կռնակ ունի», գիւղապետին լակոտն է: Ժամանակ կ’անցնի, մարդիկ կը զզուին, սակայն հնար մը չեն գտներ փրկուելու: Օր մըն ալ, մէկը գիւտ մը կ’ընէ: Բաղնիք կ’երթայ, եւ երբ գիւղապետին տղան իրեն կը մօտենայու ձեռքը կը բարձրացնէ զինք ծեծելու, մարդը նախայարձակ կ’ըլլայ եւ լաւ մը կը ծեծէ խելագարը: Տղան բաղինքէն դուրս կը վազէ պոռալով. «Բաղինքին մէջ կապուելիք խենթ մը կայ…»:

 

Hairenik Media Hairenik Media

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Back to top button