Բռնատիրութիւն, Ճնշում, Ուրացման Քաղաքականութիւն Եւ «Բնականոնացման» Պատրանք
ԴՈԿՏ. ԳԷՈՐԳ ՅԱԿՈԲՃԵԱՆՊոլսոյ քաղաքապետ Էքրեմ Իմամօղլուի ձերբակալութիւնը Թուրքիոյ քաղաքական ճնշումներու պատմութեան մէջ հերթական դրուագ մը չէ միայն. շրջադարձային պահ մըն է այդ` Թուրքիոյ մէջ խորացող բռնապետութիւնը սնուցանող ու յղի` տնտեսական, ֆինանսական, ապահովական ներքին ու տարածաշրջանային զարգացումներով: Մինչեւ այս պահը աւելի քան 1500 անձեր ձերբակալուած են ծաւալուն բողոքի ցոյցերու ընթացքին: Իշխանական շրջանակները, ներառեալ` նախագահ Էրտողանը, ցոյցերը որպէս «փողոցային ահաբեկչութիւն» կը նկարագրեն եւ «թատերական ներկայացում» կ՛անուանեն, իսկ ընդդիմութեան կողմէ շարժումը կը նշանակուի որպէս ժողովրդավարութեան վերականգման նորագոյն դիմադրութիւն:
Իմամօղլուի համալսարանական վկայականին չեղարկումը, որ անհրաժեշտ է նախագահի պաշտօնը ստանձնելու համար, ցոյց կու տայ, թէ իշխանութիւնը ոչ միայն կը ճնշէ մրցակցութիւնն ու կը փորձէ այլընտրանքները չէզոքացնել, այլ արդէն հրաժարած է ժողովրդավարութեան տարրական սկզբունքներէն: Դատական համակարգը վերածուած է քաղաքական զէնքի, իսկ հրապարակներն ու ընկերային հաղորդակցութեան ցանցերը` վերահսկողութեան եւ ահարկուութեան գործիքներու:
Ամէն պարագայի, հակառակ իր կալանքին, Հանրապետական ժողովուրդի կուսակցութիւնը Իմամօղլուն որպէս նախագահական թեկնածու առաջադրեց: Այս քայլը հազարաւոր աջակիցներ խանդավառեց, եւ 14 միլիոնէ աւելի քուէարկութիւն կատարուեցաւ կուսակցութեան նախընտրական գործընթացին մէջ` ցոյց տալով լայն ժողովրդային աջակցութիւն: Այս որոշումը բեկումնային պահ մըն է ընդդիմադիր ճակատին համար:
Այս իրավիճակին մէջ Թուրքիոյ քիւրտ բնակչութիւնը դարձեալ կը լուսանցքայնանայ: Այսպէս կոչուած, «Խաղաղութեան գործընթաց»-ը, որ տարիներ շարունակ անորոշ վիճակի մէջ էր, այժմ աւելի քան երբեք վտանգուած է: Թուրքիոյ պետութիւնը (ներառեալ Ազգայնական շարժում կուսակցութիւնը` Էրտողանի ազգայնամոլ դաշնակիցը) կը պահանջէ, որ Քրտական աշխատաւորական կուսակցութիւնը (ՔԱԿ) ինքզինք լուծարէ` ոչ թէ իբրեւ բանակցուած գործընթացի արդիւնք, այլ` իբրեւ նոր ճնշումներ ու հալածանքներ կանխելու պայման: Աւելի պարզ. այս պահանջը ռազմական եւ ապահովական լեզուով ձեւակերպուած է, ոչ թէ` քաղաքական-դիւանագիտական: Կառավարութիւնը քիւրտերուն յստակ ու երաշխաւորուած քաղաքական, քաղաքացիական ու մշակութային իրաւունքներ չէ խոստացած, ո՛չ ալ տարածքային կամ մշակութային ինքնավարութիւն` իբրեւ փոխադարձ քայլ իրենց պահանջներուն:
Միւս կողմէ, Օճալանի հաղորդագրութիւնը զուրկ է թափանցիկութենէ եւ օրինականութենէ: Օճալան ամբողջական մեկուսացման մէջ է 2019-էն ի վեր: Ոչ մէկ հաստատուած, ուղղակի հաղորդակցութիւն կայ անոր եւ քրտական հասարակութեան միջեւ: Ենթադրեալ «հաղորդագրութիւնը» (փետրուար 27) տարածուած է պետական աղբիւրներով, եւ ոչ` իր փաստաբաններուն կամ չէզոք հարթակով: Քրտական նոր տարիէն` Նաւրոզէն անմիջապէս առաջ, ձախակողմեան Ժողովուրդներու հաւասարութեան եւ ժողովրդավարութեան կուսակցութեան պատուիրակութեան` Օճալանին այցելելու չեղարկումը կը վկայէ, որ պետութիւնը կը վերահսկէ հանրութեան ներկայացուած խօսոյթը եւ կառուցողական երկխօսութեամբ հետաքրքրուած չէ:
Երբ «խաղաղութիւն» կը հրամցուի` առանց կողմերու հաւասար ու արդար մասնակցութեան եւ թափանցիկութեան, անիկա կը վերածուի պետական ճնշումի ու վերահսկողութեան գործիքի, եւ ոչ թէ` տեւական ու կայուն հաշտութեան հիմքի: ՔԱԿ-ին լուծարուելու կոչ ուղղել` առանց որեւէ քաղաքական բարեփոխման, խաղաղութեան նախաձեռնութիւն չէ, այլ հպատակեցման պահանջ` ուժի գործադրութեան ճնշումի տակ: Հետեւաբար այս խաղաղութեան գործընթաց չէ, այլ վտանգաւոր պատրանք մը, որ կրնայ տարածաշրջանային անկայունութիւնը խորացնել, իսկ ներքին մակարդակի վրայ դուռ բանալ ընդյատակեայ դիմադրութեան կամ բախումներու սրացման:
Հետաքրքրական է նկատել, որ մինչ Թուրքիա իր ներքին ճգնաժամերուն մէջ կը խորասուզուի, բայց կը փորձէ արտաքին աշխարհին ներկայանալ որպէս համերաշխութեան ու Հայաստանին հետ յարաբերութիւնները բնականոնացնելու ջատագով: Օրինակ, հետաքրքրականօրէն Հալէպի մէջ նորանշանակ թուրք հիւպատոսը 26 մարտին Հալէպի մէջ Հայաստանի հիւպատոսարան այցելած ու հայ հիւպատոսին հետ հանդիպած է: Այս մասին հրապարակային հաղորդագրութիւն մըն ալ տարածուած է` ցոյց տալու, որ յառաջխաղացք կայ յարաբերութիւններու բնականոնացման գործընթացին մէջ: Հալէպի մէջ նման հանդիպում կազմակերպելը նաեւ պատմական ու թերեւս այս գործընթացին վերաբերեալ աւանդական սփիւռքի բազկերակը շօշափելու նշանակութիւն ունի… Վերջերս, թէեւ` Հայաստանի պետական պիւտճէի ֆինանսաւորումով, բայց հաստատ` թրքական պետութեան արտօնութեամբ, թուրք լրագրողներու պատուիրակութիւն մը Երեւան այցելեց` իբր թէ «լրատուական կամուրջ» կառուցելու համար: Այդ լրագրողներէն գոնէ մէկը վերադարձին հակահայ, ժխտողական եւ փանթուրանական շեշտադրումներով հաղորդումներ հրատարակեց: Անոնցմէ ոմանք բացայայտ Ազրպէյճանի գործողութիւնները պաշտպանեցին, ժխտեցին Հայոց ցեղասպանութիւնը եւ մերժեցին անոր հետեւանքները` փորձելով ի սպառ ջնջել պատմական արդարութեան յիշողութիւնը:
Նոյն ծիրին մէջ, իբրեւ կարեւոր մարդասիրական քայլ, 21-31 մարտին Հայաստան-Թուրքիա Մարգարա-Ալիճան սահմանային անցքը բացուեցաւ, որպէսզի Հայաստանէն դէպի Սուրիա մարդասիրական օժանդակութեան փոխադրութիւնը դիւրացուի: Այս 1993-ին Թուրքիոյ կողմէ փակուած սահմանին ընդամէնը երկրորդ ժամանակաւոր բացումն է: Առաջինը տեղի ունեցաւ փետրուար 2023-ին` Թուրքիոյ եւ Սուրիոյ աւերիչ երկրաշարժէն ետք, նմանատիպ մարդասիրական առաքելութեան պատճառով: Թէեւ սահմանին ժամանակաւոր բացումը Հայաստանի ու Թուրքիա ճգնաժամային պահերուն համագործակցութեան կարելիութիւնը ցոյց կու տայ, սակայն միեւնոյն ժամանակ սահմաններուն փակ մնալը Հայաստանի շարունակուող շրջափակումը անգամ մը եւս երեւան կը հանեն:
Այս բոլորը ցոյց կու տան, թէ Թուրքիոյ եւ Հայաստանի միջեւ «բնականոնացում» կոչուած գործընթացը խորքային ճեղքեր ունի: Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւններուն շօշափելի բարելաւում կարելի է իրականացնել, երբ Թուրքիոյ իշխանութիւնները հրաժարին բռնապետութենէ ու ծաւալապաշտական փանթուրանական քաղաքականութենէ, վերջ տան Հայաստանի շրջափակման, պատասխանատուութիւն կրեն յատկապէս վերջին 5 տարիներուն Արցախի բնիկ ժողովուրդի բռնի տեղահանութեան ու ցեղասպանական արարքին մէջ իրենց ունեցած անմիջական եւ ուղղակի դերակատարութեան համար, ընդունին պատմական ճշմարտութիւնները: Թէեւ 1915-1923-ի Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչումն ու հետեւանքներուն վերացումը անցնող տասնամեակներուն նախապայման չէր երկու պետութիւններուն յարաբերութիւններուն բնականոնացման համար ու ներկայիս եւս պէտք չէ ըլլայ, այնուամենայնիւ, պէտք է յստա՛կ ըլլայ, որ հայ-թրքական յարաբերութիւններուն մէջ կարելի չէ կայուն եւ երկարատեւ խաղաղութեան եւ հաշտութեան հասնիլ` առանց Թուրքիոյ մէջ համապետական ու համաժողովրդական մակարդակի վրայ 1915-ի Հայոց ցեղասպանութեան հետեւանքները վերացնելու… Այլապէս «բնականոնացում» եզրը միայն դիւանագիտական ծխապատրանք մըն է, որ կը խորացնէ երկու պետութիւններուն եւ ժողովուրդներուն խզումն ու հակադրութիւնները:
Հայաստանի ներկայ իշխանութիւնները որքան ալ փորձեն հաճոյանալ Թուրքիոյ եւ անոր հայավնաս պահանջներուն գոհացում տալ, Իմամօղլուի ձերբակալութեամբ թէժացած Թուրքիոյ ներքին զարգացումները յստակօրէն կը յուշեն, թէ Անգարան խաղաղութեան եւ կայունութեան ուղին չէ ընտրած, այլ` տարածաշրջանային ապակայունացման, ինչ որ շատ լուրջ կասկածներ կը յարուցէ Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացի վաւերականութեան: