Լրահոս

Հայ Իրաւական Կեդրոնը մասնակցեցաւ Մ․Ա․Կ․-ի Կանանց Կարգավիճակի Յանձնաժողովին

Հ․Յ․Դ․ Բիւրոյի Հայ Դատի կեդրոնական գրասենեակը կը տեղեկացնէ, թէ Հայ Իրաւական Կեդրոնը (Armenian Legal Center) իր գործօն մասնակցութիւնը բերած է Նիւ Եորքի մէջ կատարուած Կանանց կարգավիճակի յանձնաժողովի 69-րդ նստաշրջանին` շեշտելով հակամարտային գօտիներու մէջ, հայ կանանց պայքարի կարեւորութիւնը եւ պահանջելով յստակ  գործողութիւններ անոնց պաշտպանութեան առնչութեամբ:

Մարտ 12-ին, Հայ Օգնութեան Միութեան հետ միասին, Հայ Իրաւական Կեդրոնը Մ․Ա․Կ․-ի կեդրոնին մէջ կազմակերպեց «Տոկունութիւն եւ վերականգնում. կանանց դերը հակամարտային գօտիներուն մէջ եւ առողջապահական պաշտպանութիւն» խորագրով: Միջոցառումը կը համախմբէր փորձագէտների, մարդու իրաւունքների պաշտպանների` քննարկելու Հայաստանի, Արցախի, Սուրիոյ, Լիբանանի եւ Երուսաղէմի կանանց դիմագրաւած մարտահրաւէրներն ու լուծումներ: Խնդրին վերաբերող տարբեր թեմաներով ելոյթներ ունեցան Արուսեակ Մելքոնեան, Թերեզա Երիմեանը, Լորքի Լիպարիտեան, Գէորգ Յակոբճեան եւ Նայիրի Տէրտէրեան:

Հայ Իրաւական Կեդրոնի ներկայացուցիչ Գեւորգ Յակոբճեանը, մասնակցեցաւ մէկ այլ քննարկման, որ կը կրէր «Խաղաղութեան կառուցում, գործողութիւններու անհրաժեշտութիւն կանանց համար եւ պայքար՝ զինուած հակամարտութիւններու դէմ»: Յակոբճեան անդրադարձաւ զինուած հակամարտութիւններու հետեւանքով տուժած կանանց իրաւունքներու միջազգային պաշտպանութեան, անոնց դէմ յանցագործութիւն կատարած անձերու հաշուետուողականութեան եւ այդ նպատակներով միջազգային գործընթաց ստեղծելու անհրաժեշտութեան:

Այսպիսի նախաձեռնութիւններու միջոցաւ, Հայ Իրաւական Կեդրոնը կը վերահաստատէ իր յանձնառութիւնը բարձրացնելու իրազեկութիւնը եւ միջազգային հանրութիւնէն պահանջելու յստակ գործողութիւններ` պաշտպանելու հակամարտային գօտիներու մէջ գտնուող, ինչպէս նաեւ տեղահանուած հայ կանանց իրաւունքները: Ձայնը միջազգային հարթակներ հասցնելով` Հայ Իրաւական Կեդրոնը կը շարունակէ արդարութեան եւ կայուն լուծումներու կոչ կատարել անոնց համար, որոնք տուժած են Արցախի, Լիբանանի, Սիրիայում  մէջ եւ այլուր:

Hairenik Media Hairenik Media

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Back to top button