Լրահոս

ԱՐԵՒԵԼԵԱՆ ԱՄԵՐԻԿԱՅԻ ՇՐՋԱՆԻ ՀԱՅ ՕԳՆՈՒԹԵԱՆ ՄԻՈՒԹԵԱՆ 115-ԱՄԵԱԿԻ ՆՈՒԻՐՈՒԱԾ ԵՐԵԿՈՅ

 

Լուսանկարներ՝ Զենոպ Թոմաքեան

Շաբաթ, Մարտ 8՝ յիշատակելի եւ անզուգական երեկոյ մը՝  2025 Նիւ Ճըրզիի Liberty House սրահէն ներս: Հայ Օգնութեան Միութեան Արեւելեան Ամերիկայի շրջանը մեծ շուքով տօնեց Հ.Օ.Մ.-ի հիմնադրութեան 115-ամեակի ճաշկերոյթը, երկու հարիւրէ աւելի անձնաւորութիւններու ներկայութեամբ:

Անցնող տարուան ընթացքին Շրջանային Վաչութիւնը կազմեց զանազան յանձնախումբեր Արեւելեան Շրջանի մասնաճիւղերու անդամներէն, որոնք սիրայօժար աշխատանքի լծուեցան:

Ձեռնարկի հրաւիրեալներու շարքին էին Արեւելեան Միացեալ Նահանգներու Առաջնորդ՝ Անուշաւան արքեպիսկոպոս Դանիէլեան, Հ.Յ.Դ. Արեւելեան Ա.Մ.Ն.-ի Կ.Կ.-ի ներկայացուցիչ Ճորճի Օշական, Հ.Օ.Մ.-ի Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետուհի Արուսեակ Մելքոնեան եւ փոխ ատենապետուհի Թալին Տաղլեան, Գանձապահ Իրմա Քասապեան եւ քարտուղար Նայիրի Պալանեան; Հ.Օ.Մ.-ի Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներու ատենապետուհի Քրիսթին Խանճեան, Հ.Օ.Մ.-ի Գանատայի Շրջանային վարչութեան ատենապետուհի Լուսին Ժամկոչեան – Փալանճեան:

Ձեռնարկը քաջալերեցին նաեւ Արեւմտեան Միացեալ ՆահանգներուՎարչութեան անդամներ Ռիթա Հինթլեան եւ Քնար Աւետիսեան: Ինչպէս նաեւ Հ.Օ.Մ.-ի Արևելեան ԱՄՆ-ի 20 մասնաճիւղերու ատենապետուհիներ, Հ.Օ.Մ.-ի անդամներ հիւսիսային Ամերիկայհն, քոյր կազմակերպություններ և Հ.Օ.Մ.-ին քաջալիր անդամներ:

Երեկոն սկսաւ Միացեալ Նահանգներու, Հայաստանի Հանրապետութեան, Արցախի Հանրապետութեան եւ Հ.Օ.Մ.-ի քայլերգներու ոգեւորիչ կատարումներով՝ Նայիրի Գաբրիէլեանի, Պետրոս Պետրոսեանի եւ Դուին Պարոնեանի կատարողութեամբ։

Հ.Օ.Մ.-ի 115 ամեակի տօնակատարութեան հանդիսավարներն էին Անի Փանոսեան – Մուրատեան («Ակնունի» մասնաճիւղ, Նիւ Ճըրզի) եւ Լարա Պողոսեան («Ծիրան», Նիւ Եորք) որոնք իրենց խօսքի ընթացքին անդրադարձան Հ.Օ.Մ.-ի տասնամեակներու բազմաթիւ նախաձեռնութիւններուն եւ համաշխարհային մարդասիրական ներդրումներուն թէ հայրենիքէն ներս, եւ թէ սփիւռքի տարածքին։

Օրուայ պատգամը փոխանցեց Հ.Օ.Մ.-ի Արեւելեան Շրջանի ատենապետուհի Քարոլին Շամաւոնեանը նշելով այս միութեան կատարած խիստ կարեւոր աշխատանքը, յատկապէս վերջին տասնամեակին դիմակալած մարտահրաւէրները: Հ.Օ.Մ.-ի կամաւոր բանակը փորձառու եւ յանձնառու կազմակերպութեան առաքելութեան շարունակեց ծառայել մեր ժողովուրդին կարիքներուն:

Բարեջան Առաջնորդ Տ. Անուշաւան Արք. Դանիէլեան կատարեց բացման խօսքն ու օրհնութիւնը: Ան շնորհաւորելով ներկաները անդրադարձաւ Հ.Օ.Մ.-ի կարեւոր դերին մասին, որպէս դաստիարակ եւ հոգատար մայր:  Ան շնորհաւոորեց կազմակերպութեան 115-ամեակն ու մաղթեց շարունակական աճ և յարատեւ յաջողութիւն:

Սրբազան Հօր կ՚ընկերակցէին Հոգշ. Տ. Վաչէ Վրդ. Պալըքճեան՝ Սրբոց Վարդանանց (Ռիճֆիլտ, Նիւ Ճըրզի) եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ, Արժպ. Տ. Մեսրոպ Քհն. Լագիսեան՝ Սուրբ Լուսաւորիչ Մայր (Նիւ Եորք) Եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ, եւ Արժպ. Տ. Վահան Քհն. Գույումճեան՝ Սուրբ Խաչ (Թրոյ, Նիւ Եորք) եկեղեցւոյ այցելու հովիւ։

Ապա Ներկայացուեցաւ տեսերիզ մը, որ չորս վայրկեաններու մէջ կը ներկայացնէր Հ.Օ.Մ.-ի հիմնադրութենէն իվեր պատմական ակնարկ, ինչպէս նաեւ Արեւելեան Ամերիկայի Շրջանի բոլոր Ծրագիրները:

Հ.Օ.Մ.-ի Արեւելեան Շրջանի ատենապետուհի Քարոլին Շամաւոնեան հրաւիրեց Հ.Օ.Մ.-ի Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետ Արուսեակ Մելքոնեանը, որ շնորհակալութիւն յայտնեց Հ.Օ.Մ.-ի Արեւելեան Միացեալ Նահանգներու աջակցութեան եւ նուիրումին համար։ Ան նշեց, որ Հ.Օ.Մ.-ի Արեւելեան Ամերիկայի շրջանը կը շարունակէ ըլլալ առաջիններէն, որ կ՛արձագանգէ մեր կոչերուն:

Ապա բեմ հրաւիրուեցան նորագիր անդամներ Իրենց երդումը կատարելու, խոստանալով շարունակել Հ.Օ.Մ.-ի առաքելութիւնը։

Ապա Հ.Օ.Մ.-ին աւելի քան 50 եւ 75 տարիներ անխոնջ ծառայած նուիրեալ ընկերուհիներ՝ Թագուհի Արթինեան, Մէյրի Ռեյնոլծ եւ Էլիզապէթ Փիլիպոսեան պարգեւատրուեցան «Ծառայութեան Գնահատագր»-ով:  Նաեւ, աւելի քան 50 տարուայ ծառայութեան համար պարգևատրուեցան հետեւեալ անդամները՝ Անժէլ Մանուկեան, Սօսի Սաղըրեան, Արմինէ Մինասեան, Արմէնուհի Պարտիզպանեան, Սոնիա Պզտիկեան, Վալանթին Պէրպէրեան, Արփի Փրակովիչ, Սիրվարդ Թէլպէլեան, Յասմիկ Սարհատեան, Ովսաննա Թումայեան, Արմիկ Ֆերիս, Շաքէ Թոքաթլեան, եւ Սօսի Ճգնաւորեան:

Հ.Յ.Դ. Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Ճորճի Օշական եւս արտայայտուեցաւ՝ յայտնելով. «Միասնաբար անդրադառնանք այս 115-ամեակի խորհուրդին, նուիրենք Հ.Օ.Մ.-ին որպէսզի անոր էական աշխատանքը ոչ միայն շարունակուի, այլեւ աճի ու ընդարձակուի ի նպաստ մեր համայն հայութեան»։

Երեկոյի կարեւոր յայտագրի բաժինը «Ակնունի» (ի յիշատակ Հ.Օ.Մ.-ի հիմնադիր Եդուարդ Ակնունիի) մրցանակն էր, որ շնորհուեցաւ Հ.Օ.Մ.-ի Արեւելեան Շրջանի բարերար Արփի Սեֆէրեանին («Սեֆէրեան» կրթաթոշակ եւ Շիքակոյի «Զապէլ» Մասնաճիւղի վաստակաւոր անդամ):

Սեֆէրեանը իր շնորհակալական խօսքը ուղղեց բոլորին, եւ խոնարհաբար այս մրցանակը կիսեց բոլոր ներկաներուն հետ՝ գնահատելով Հ.Օ.Մ.-ականներու հաւաքական ջանքերն ու նուիրումը, նուիրեց բոլոր անոնց որոնք անխոնջ ծառայած են իրենց համայնքին՝ եւ չեն ակնկալած որեւէ ճանաչում:

Երեկոն շարունակուեցաւ «Համազգային»-ի Նիւ Ճըրզիի «Նայիրի» պարախումբի համոյթով, Պետրոս Պետրոսեանի եւ Մհեր Մնացականեանի երաժշտական կատարումներով, որոնք ներկաները խանդավառեցին հայկական աւանդական ժողովրդական պարերով ու երգերով։

Հ.Օ.Մ.-ի Արեւելեան Շրջանի բարերար Գառնիկ Ալաճաճեան («Ալաճաճեան» Կրթաթոշակ) բեմ հրաւիրուեցաւ 115-ամեակի կարկանդակը կտրելու ուրախ արարողութեան: Ներկայ Հ.Օ.Մ.-ի անդամները եւս բեմ հրաւիրուեցան միասնաբար տօնախմբելու։

Ներկաները իրենց հետ տուն տարին Հ.Օ.Մ.-ի Արեւելեան Շրջանի 115-ամեայ յուշագիրքը ՝ որ կ’ընդգրկէ կազմակերպութեան և մասնաճիւղերու պատմութիւնը, շրջանի եւ համահայկական ծրագիրներու մասին տեղեկութիւններ, Հ.Օ.Մ.-ի անդամներու եւ համակիրներու սրտի խօսքերն ու մաղթանքները:

 

Հայ Օգնութեան Միութեան Արեւելեան Միացեալ Նահանգներու

Շրջանային Վարչութիւն

«Ժողովուրդիս Հետ, Ժողովուրդիս Համար» – 115 Տարի Անխոնջ Նուիրում

 

 

Hairenik Media Hairenik Media

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Back to top button