ԱՅՍ ԱՄԱՌ ՀԱՄԱ-Հ.Մ.Ը.Մ.ԱԿԱՆ 12-ՐԴ ՄԱՐԶԱԽԱՂԵՐԸ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՄԷՋ
Այս ամառ՝ 24 Յուլիսէն 2 Օգոստոս 2025-ին, Երեւանի մէջ տեղի պիտի ունենան համա-Հ.Մ.Ը.Մ.ական 12-րդ մարզախաղերը, որոնց պիտի մասնակցին միութեան 18 շրջաններէն եւ Թեհրանի Հայ Մշակութային «Արարատ» Կազմակերպութենէն աւելի քան 750 մարզիկ-մարզիկուհիներ, որոնք Հայաստան պիտի ժամանեն հետեւեալ շրջաններէն.- Արեւմտեան եւ Արեւելեան Մ. Նահանգներ, Հարաւային Ամերիկա (Արժանթին եւ Ուրուկուէյ), Գանատա, Աւստրալիա, Սթոքհոլմ, Փարիզ, Մարսէյ, Թիֆլիս, Երուսաղէմ, Քուէյթ, Գահիրէ, Պաղտատ եւ Լիբանան։ Երեւանի մէջ անոնց պիտի միանան Հ.Մ.Ը.Մ.-Հ.Ա.Ս.Կ.ի եւ Արցախի մարզիկ-մարզիկուհիները։
Մարզախաղերը պիտի ընդգրկեն պասքեթպոլ, ֆութպոլ, ֆութսալ, վոլիպոլ, փինկ-փոնկ, լող, ճատրակ, թենիս եւ աթլէթ։ Զուգահեռ, պիտի կատարուին յատուկ խնամքի կարօտ երեխաներու «Հրաշք» մարզախաղերը, որոնց կրնան մասնակցիլ Սփիւռքէն եւ Հայաստանէն 12-22 տարեկան պատանիներ եւ երիտասարդներ։ «Հրաշք»ի մարզախաղերը պիտի ըլլան աթլէթ, soccer shooting, basketball shooting, bocce եւ tug of war։
Մարզախաղերու մասնակիցները պիտի այցելեն Հայոց Ցեղասպանութեան Ծիծեռնակաբերդի յուշարձան եւ Եռաբլուրի նահատակաց պանթէոն։ Անոնք պիտի ունենան ընկերային երեկոներ եւ յաղթանակի ճաշկերոյթ-պարահանդէս։
Համա-Հ.Մ.Ը.Մ.ական 12-րդ մարզախաղերու կազմակերպիչ յանձնախումբը ամիսներէ ի վեր լծուած է տենդագին աշխատանքի՝ յաջողութեամբ իրագործելու համար միութեան մարզիկներուն կողմէ մեծապէս սպասուած այս իրադարձութիւնը։ Արդէն իսկ պատրաստուած է մարզախաղերուն լոկոն եւ յստակացած են մասնակից խումբերն ու մարզիկ-մարզիկուհիները։