Սուրբ Վարդանի Եւ Սուրբ Շուշանիկի Սրբապատկերներուն Առթիւ
Ճեսի Արլէն
Ծ․Խ․- Ստորեւ, հայերէնի թարգմանուած կը հրատարակենք Նիւ Եորքի Սուրբ Վարդան Մայր Տաճարին նուիրուած երկու սրբապատկերներուն մասին Դոկտ. Ճեսի Արլէնի շահեկան խորհրդածութիւնը, թէ ինչպէս անոնք կը ցոլացնեն քրիստոնէական յատուկ տեսութիւն եւ արժէքներ:
Սրբապատկերին նպատակը իրապաշտ նկարչութեան կամ լուսանկարի նման պատկերացնել չէ դէպք մը որ պատահած է պատմական որոշ վայրկեանի մը: Ընդհակառակը, սրբապատկերը կը հրաւիրէ իրեն հայեցողը դիտելու դէպքերուն իմաստը երկնաւոր, աստուածային տեսանկիւնէն:
Սուրբ Վարդանի Եւ Սուրբ Շուշանիկի երկու պատկերները կը զարդարեն Նիւ Եորք քաղաքին Սուրբ Վարդան Մայր Տաճարի մուտքը. մէկը պէտք չէ ակնկալէ այդ երկու նոր պատկերներուն մէջ գտնել պատմական ճշգրտութիւն. արդարեւ, անոնց մէջ չեն նկարուած մարտական արիւնոտ տեսարաններ, ինչպէս կարելի է գտնել ձեռագիրներուն մանրանկարներուն մէջ կամ Աւարայրի ճակատամարտին արդի նկարչութեան մէջ: Սբ. Շուշանիկի պատկերը չի ներկայացներ այդ խուժդուժ չարչարանքները որոնց ենթարկուեցաւ անոր սուրբ մարմինը, ինչպէս մանրամասնօրէն կը նկարագրեն անոր զանազան հայերէն եւ վրացերէն վկայաբանութեան էջերը: Ի՞նչ է, ուրեմն, ճիշդ այն որ մեր հայեցողութիւնը կը դիտէ այս երկու պատկերներուն մէջ:
Սուրբերու պատկերները հեղինակաւոր կերպով նկարագրուած են որպէս “երկնքի վրայ բացուած պատուհաններ”, կամ “սուրբ պատուհաններ:” Բայց ճիշդ ի՞նչ կը նշանակէ այս: Երկինքը իրերու իմաստն է, իրականութեան անտեսանելի տիրոյթն է որուն կը հասնինք նշաններով: Պատկերը ուսուցիչն է, ցոյց կու տայ մեզի իրականութիւնը որ մեր մարմնական աչքերով տեսածէն անդին է: Պատկերը կը յայտնէ ճշմարտութիւնը, բայց ոչ պատմական ճշմարտութիւն մը. տարբեր տարածքի պատկանող ճշմարտութիւն մը, անտես, հոգեւոր իրականութիւն մը, զոր մեր մարմնական աչքերը կարող չեն նշմարել: Ուստի կարիքը պատկերին, որ մեր տեսողութիւնը կը բանայ երկնաւոր իրականութեան վրայ:
Երկրաւոր, պատմական ժամանակին մէջ, Վարդան Մամիկոնեան մեռաւ ճակատամարտի մէջ ուրիշ հայ ազնուականներու հետ: Պատկերին մէջ ան կեցած է յաղթական, աջով բռնած ոչ թէ նիզակ մը, այլ՝ թափօրական խաչ մը, կեցած կարծես իրեն հետեւող հերոսական սուրբերու երկար շարքի մը գլխուն: Իր սուրը պատեանին մէջ է, սաղաւարտը հանած, որովհետեւ կը տեսնենք զինք կանգնած երկինքի մէջ, ուր, մարգարէին խօսքին համաձայն, “պիտի ձուլեն սուրերը խոփերու, եւ իրենց սուինները՝ մանգաղներու. եւ ազգ ազգի վրայ սուր պիտի չվերցնէ, եւ այլեւս պիտի չսորվին պատերազմ տալ:” (Եսայի 2.4): Սուրբը կեցած է բարձունքի վրայ, իր ետին աւելի կը տարածուի երկինքը քան իր ոտքերուն տակ երկիրը: Իր շուրջառն ու սաղաւարտին գարգմանակը կարմիր է, յուշ եւ նշանակ արեան զոր ան հեղուց ի վկայութիւն իր Տիրոջ, ի պաշտպանութիւն քրիստոնէական հաւատքին: Ինքզինք զոհելով, ան ձեռք առաւ իր խաչը զոր աջով ուղիղ վեր բռնած է եւ հետեւեցաւ Քրիստոսի: Այս ընելով Քրիստոսի համար, ան կորսնցուց իր կեանքը այս աշխարհի համար–բայց շահեցաւ իր հոգին եւ ստացաւ յաւիտենական կեանքը (Մատթէոս 16.24–25):
Նման բարձունքի մը կեցած է Սբ. Շուշանիկ, Վարդանի դուստրը եւ Գրիգոր Լուսաւորչի սերունդը: Սպիտակ շուշաններ ծաղկած են անոր շուրջ, ծաղիկը՝ որուն անունը կը կրէ. “Ծաղիկ եմ դաշտերու՝ հովիտներու շուշան” (Երգ Երգոց 2.1): Ինչպէս Լուսաւորիչը՝ իր նախահայրը՝ պատմականօրէն երկար տարիներ կրեց մարմնական չարչարանքներ, բրածեծ եղաւ, եւ բանտ նետուեցաւ ոչ իր թշնամիներէն, այլ իր իսկ ամուսինին՝ Վազգէնի–Վրաց բդեշխին–հրամանով: Եւ սակայն պատկերին մէջ մենք կը տեսնենք ոչ թէ գեղակորոյս եւ կոշկոճած մարմին մը, այլ վեհասուրբ եւ անբիծ կին մը: Կը տեսնենք զինք այնպէս ինչպէս է երկնքի մէջ, ուր Աստուած բուժած է անոր կոտրած սիրտը եւ դարմանած անոր բոլոր վէրքերը (Սաղմոս 146/147.3): Անոր ոտքերուն մօտ կան փշրուած երկաթեայ կապանքները, որոնք երբեմն զայն շղթայած էին երկրաւոր բանտին մէջ: Բայց Աստուծոյ զօրութիւնը փրկեց զինք մահուան խաւարի ստուերներէն եւ փշրեց իր կապանքները (Սաղմոս 106/107.14): Ձեռքին ունի սուրբ գիրք մը. Ուխտանէս պատմիչէն կ’իմանանք որ Շուշանիկ իր չարչարանքներուն ընթացքին “մօտը ունէր փոքրիկ գիրք մը, որուն շնորհիւ կարող էր սաղմոսել եւ ջերմեռանդական աղօթքները կատարել:” Այժմ կեցած է երկինքի մէջ, մէկ ձեռքին խաչը, եւ միւսին՝ սուրբ Աւետարանը, որուն ի սէր կրեց տանջանքները, իր նախահօր Սբ. Գրիգոր Լուսաւորչի եւ իր Տիրոջ՝ Յիսուս Քրիստոսի օրինակով: Արքունական պատմուճանով կեցած է, պսակուած անեղծանելի թագով (1 Կորնթացիս 9.25): Անոր անբարբառ դէմքը կարծես մեր ականջներուն մէջ լուռ կը հնչեցնէ իր ընթերցումը մարգարէին խօսքերուն, թէ ինք “զգեցած է փրկութեան հանդերձ եւ ուրախութեան պատմուճան, փեսայի նմանութեամբ պսակեց զիս, եւ իբրեւ հարս զարդարեց զարդով:” (Եսայի 61.10):