Յօդուածներ

Ատրպէյճանը ՆԱԹՕ-ի Տրովադայի Ձիու Դերին Մէջ Է. «Հարուած Ալիեւի Վարկանիշին – Նախկին Պաշտօնեան Կը Բացայայտէ «Պաքուի Պալատական Գաղտնիքները» Բ.

 

ՅԱՐՈՒԹ ՉԷՔԻՃԵԱՆ

21 Յունուար 2025

Շար. 2 եւ վերջ

haroutchekijian.wordpress.com

Մակեդոնցեւ կը շարունակէ (1). «Վակապովի վերջին երկու կէտերը նոյնպէս շատ տեղեկութիւններ կը պարունակեն։

            ՎԹ – «Գ. Խորացնել կապերը Արեւմուտքի հետ ուժանիւթային մեծ ծրագիրներու միջոցով՝ քարիւղ, կազ, կանաչ ուժանիւթ, փոխադրութիւն եւ տեղեկատուական արուեստագիտութիւն, IT։ Այս բնագաւառին մէջ առիւծի բաժինը Մեծն Բրիտանիոյ BP-ին եւ արեւմտեան այլ երկիրներունն է։ Առ ի գիտութիւն՝ Ռուսիան այստեղ ներկայ չէ։

            ՎԹ – «Դ. Վերադարձնել հողերը (Ռուսիոյ դաշնութեան թրքալեզու շրջաններու հողերը անջատել, ազատագրել*) եւ ամրապնդել Թրքական Պետութիւններու Կազմակերպութիւնը (հիմնուած Նախիջեւանի մէջ 2009-ին*) – Organization of Turkic States – մեծ Թուրանը: Այս ո՛չ մէկ ձեւով Ռուսիոյ համակիր դաշինք է, այլ՝  առանձին ուժ է, որ կ՚աշխատի անկախ թրքական երկիրներու եւ դաշնակից երկիրներու հետ, որոնց երկուքը ՆԱԹՕ-ի անդամ են (Թուրքիա եւ Հունգարիա*)։ Բանակը հասցնել ՆԱԹՕի հետ առաւելագոյն գործունակութեան՝ համապատասխանութեան եւ կառուցել ռազմավարական յարաբերութիւններ Իսրայէլի հետ»։

Նախիջեւանի Ջուղայի հազարաւոր խաչքարերէն հատուած մը, որ ազերի պետական բարբարոսութեամբ բնաջնջուեցաւ:
Ռուս խաղաղապահները կը լքեն Ղարաբաղը: 

            «Այլ խօսքով, նո՛յն արեւմուտքն է թրքական ազգերու միացումին ետին կանգնած: Իսկ Վակապովի խօսքերը թրքական շրջաններուն մասին, ապա պարզ կը դառնայ, որ Ատրպէյճանը՝ Արեւմուտքին հետ համագործակցելով, կ՚աշխատի Ռուսիայէն հսկայական տարածքներ անջատելու ուղղութեամբ։

«Ահա Վակապովի Պաքուի եւ Քիեւի ուղղուած խրատները։

ՎԹ – «Ուքրանիոյ մէջ: Հակառակ անոր, որ ուքրանական պետութեան կողմէ Ռուսիոյ Դաշնութեան դէմ Ատրպէյճանի գործողութիւններուն խորութիւնն ու էութիւնը ճիշդ չէ հասկցուած, շարունակել Քիեւին օգնել եւ ո՛չ միայն մարդասիրական օժանդակութիւնով: Իրապէս, Ատրպէյճանի յարաբերութիւնները Արեւմուտքին եւ ՆԱԹՕ-ին հետ կառուցուած են շահաւէտ եւ փոխադարձ տնտեսական յարաբերութիւններու վրայ։ Իտալիան՝ ամենամեծ առեւտրային գործընկերն է, Թուրքիան (ՆԱԹՕ)՝ բանակի բարեփոխումներու հիմնական գործընկերն է, Իսրայէլը՝ արուեստագիտութեան փոխանցումի հիմնական գործընկերն է, եւ Մեծն Բրիտանիան՝ ամենամեծ ներդրողն է: Այստեղ Ռուսիոյ Դաշնութիւնը չկայ:

            «Աւա՜ղ որքա՛ն ալ տարաբանական կը թուի ըլլալ՝  Ուքրանիան առայժմ Արեւմուտքին հետ նման յարաբերութիւններ չունի: Ատրպէյճանի Արեւմուտքին հետ լաւ յարաբերութեան արդիւնքը այն եղաւ, որ հողերը (Ղարաբաղ*) վերադարձուեցան, թրքական երկիրներու կազմակերպութիւնը զարգացման մէջ է, Ատրպէյճանը չմիանար որեւէ Ռուսական Դաշնութեան կազմակերպութեան, եւ ռուսական բանակը դուրս շպրտուեցաւ Ղարաբաղէն»:

            «Միակ բանը, որուն կ՚ուզեմ առարկել, Ղարաբաղի մասին է։ Վակապովը եւ անոր նմանները, ատելութենէն կամ կարճատեսութեամբ, չեն գիտակցիր, որ Ղարաբաղէն ռուս խաղաղապահներուն դուրս բերելը Ռուսիոյ փրկեց թէ՛ հայկական*, եւ թէ՛ ալ ատրպէյճանական կողմերուն լուրջ յարձակումներէն, յիշեցնելով, որ Ատրպէյճա՛նը այս տարածաշրջանին համար կռուեցաւ Ղարաբաղի դէմ։ Հայերուն կողքին կանգնած էր ո՛չ թէ Ռուսիան, այլ՝ Հայաստանը: Իսկ Ռուս ռազմական բացակայութիւնը արգելք հանդիսացաւ, որ Ատրպէյճանը ռազմական բախումի մէջ մտնէ Ռուսիոյ հետ։ Այդ պատճառով է, որ Իլհամ Ալիեւը օդանաւի արկածին պատրուակով լարուած վիճակ ստեղծեց, քանի որ պաշտօնական Պաքուն Ռուսիոյ հետ զինեալ հակամարտութիւն սանձազերծելու այլ առիթներ եւ պատճառներ չունի»։

*Այստեղ պէտք է յիշեցնեմ հեղինակին, որ հակառակ շատ բաներ յիշելուն, լուռ կը մնայ առ նուազն երկու դէպքերու մասին: Առաջինը՝ 9 նոյեմբեր 2020-ին, երբ Նախիջեւանէն վար առին ռուսական Mil Mi-24 ուղղաթիռը (2), որ Հայաստանի օդային տարածքին մէջ կը գտնուէր: Եւ երկրորդը՝ Արցախի մէջ, 20 սեպտեմբեր 2023-ին, երբ ազերի թիրախեալ ռմբակոծումէն, իրենց յայտնի զօրանոցի՛ն մէջ զոհուեցան 5 ռուս խաղաղապահներ, որոնց շարքին էր Արցախի մէջ ռուսական խաղաղապահ ջոկատի հրամանատարի տեղակալ, Իւան Քովկան: Իսկ հայկական կողմը երբե՛ք վնաս չէ հասցուցած ռուս խաղաղապահներուն՝ ո՛չ դիտումնաւոր եւ ո՛չ ալ սխալմամբ, այնպէս որ, այստեղ «երկուկողմութիւն» խաղալը բոլորովին անտեղի է եւ հեղինակին վստահելիութիւնը կասկածի տակ կ՚առնէ*:

«Վերջաւորութեան, Վակապովը հաւանաբար ամենէն արժէքաւոր խոստովանութիւնը կը կատարէ (միշտ ի մտի ունենալ, որ ան իր խօսքը կ՚ուղղէ իր ուքրանացի բարեկամ Վատիմ Տենիսենքոյին, տես՝ Ա. մաս*).

            «Փութինի հետ (Ալիեւի*) բոլոր համբոյրներն ու ձեռքսեղմումները կեղծաւորութիւն են։ Այս մէկը կրնայ տհաճ թուիլ շատերուն, նաեւ՝ ինծի։ Կարիք չկայ այս պատճառով փճացնել յարաբերութիւնները գործընկերներու հետ, հաւատացէք, մեզի դեռ պէտք պիտի ըլլայ Ռուսիոյ Դաշնութեան յաղթելու Պաքուի փորձառութիւնը, որուն մէջ՝ քաղաքականը։ Հաւատացէք, Ատրպէյճանի վրայ բոլոր (բանաւոր*) յարձակումները կը փճացնեն Ուքրանիոյ յարաբերութիւնները թէ՛  անոր, եւ թէ՛  ալ Թուրքիոյ հետ, այդ պէտք չէ ընել: Սակայն խաղը խաղ է, եւ Ատրպէյճանը ինքնիշխան երկիր է՝  իր վտանգներով եւ շահերով։ Պէտք է տեսնել հիմնակա՛նը, որ (Ատրպէյճանը*) Ուքրանիոյ կ՚օգնէ թէ՛ ռազմադաշտին մէջ, թէ՛ ալ մարդասիրական օժանդակութեամբ իսկ Ռուսիոյ Դաշնութիւնը՝  ո՛չ, ան դուրս կը մնայ գրեթէ բոլոր ծրագիրներէն»։

            «Ազերի նախկին պաշտօնեային այս յայտնութիւնը, ուղղակի անգին է: Վակապով կը խոստովանի, որ Ատրպէյճանը Ուքրանիոյ զինեալներուն ռազմական աջակցութիւն կը տրամադրէ։ Յիշեցնենք, որ 23 ապրիլ 2024-ին Ալիեւ կրտսերը յայտարարած էր, որ Ատրպէյճանը Ուքրանիոյ միայն տնտեսական եւ մարդասիրական օգնութիւն կը տրամադրէ, սակայն զէնք չի մատակարարեր: Տես՝ Թուրքիան Խարքովի մարզին մէջ Ուքրանիոյ զինուած ուժերուն կ՚օգնէ՞ (3):

«Հետեւաբար, Վակապովը հարուած հասցուց Ալիեւի հեղինակութեան եւ վարկանիշին, թէ՝ ան հաւատալու արժանի չէ։ Աւելին, ազերի նախկին այս պաշտօնեան, որ նաեւ Ուքրանիոյ մէջ պաշտպանութեան գնումներու գործակալութեան ղեկավարին խորհրդական եղած է, իր այս յայտնութիւնը, թէ՝  պաշտօնական Պաքուն Ուքրանիոյ Զինուած ուժերուն սպառազինութիւն կը մատակարարէ կը վնասէ նաեւ Ատրպէյճանի կերպարին, որուն նախագահը 2023-ին բացայայտ կը յայտարարէր, որ ղարաբաղեան հակամարտութիւնը բռնի կերպով պիտի լուծէ՝ Հայաստանի կողմէ միջազգային պարտաւորութիւնները չկատարելուն պատճառով»։

*Այստեղ Մակեդոնցեւ յղում կը կատարէ յօդուածի մը, որուն նախաբանն է. «2020-2023 Ղարաբաղի մէջ ուժերու յարաբերութիւնը Հարաւային Կովկասի մէջ արմատապէս փոխուեցաւ 19-20 Սեպտեմբեր 2023-ին Ատրպէյճանի կողմէ ռազմական յարձակումով, որ 44-օրեայ պատերազմին ընթացքին սկսած բեմադրութեան եզրափակիչն էր։ Այս պատճառով, Անդրկովկասի մէջ հաստատուեցաւ թուրք-ատրպէյճանական զոյգին ռազմաքաղաքական գերակայութիւնը, որուն շատոնց ենթարկուած է Վրաստանը եւ նոյնը կը ծրագրեն Հայաստանին՝ Նիկոլ Փաշինեանի կառավարութեան լիակատար համաձայնութեամբ (տե՛ս «Այնտեղ. ապագա է». ինչպէ՞ս Փաշինյանը Հայաստանը կը քշէ թրքական աշխարհ» (4)*:

«Մինչ այդ, եթէ բռնատէր Վլատիմիր Զելենսքին գործադրէր Մինսքի համաձայնութիւնը եւ ո՛չ թէ յարձակէր Տօնեցքի եւ Լուկանսքի վրայ, ռուսական ռազմական գործողութիւնը տեղի չէր ունենար: Սակայն ան Միացեալ Նահանգներուն, Մեծն Բրիտանիոյ, Գերմանիոյ եւ Ֆրանսայի նեցուկով ճիշդ հակառակը ըրաւ:

«Աւելի վատը՝ ԱՄՆ-ի, Մեծն Բրիտանիոյ եւ Լեհաստանի աջակցութեամբ Ուքրանիոյ զինուած ուժերը ներխուժեցին Քուրսքի շրջանը, որ ՆԱԹՕ-ի բոլոր երկրները կը ճանչնան իբրեւ Ռուսիոյ տարածք։ Սակայն Զելենսքիի հովանաւորները ոչ միայն չդատապարտեցին Ուքրանիոյ զինուած ուժերուն ներխուժումը Քուրսքի մարզ, այլեւ ամէն կերպով աջակցեցան անոր։

«Եթէ Վակապովը չի ստեր, ապա Ատրպէյճանը զէնք կը մատակարարէ Ուքրանիոյ զինուած ուժերուն Քուրսքի մարզ ներխուժումէն ետք՝ աջակցելով Ռուսիոյ ճանչցուած տարածքին դէմ նախայարձակումին։ Ուրեմն ինչպէ՞ս կարելի է կառուցողական գործակցութիւն ակնկալել երկրի մը հետ, որ թէ՛ կ՚աշխատի Ռուսիոյ թրքախօս տարածաշրջանները անջատելու եւ գրաւելու ուղղութեամբ, թէ՛ նուազագոյնի կը հասցնէ տնտեսական յարաբերութիւնը Ռուսիոյ հետ, թէ՛ ալ ռազմական աջակցութիւն կը տրամադրէ Ուքրանիոյ զինուած ուժերուն»։ Վերջ:

Այս յօդուածը ղարաբաղեան հակամարտութեան մասին բաւական անաչառ տեղեկութիւններ կը պարունակէ 1980-1994 ժամանակահատուածին վերաբերեալ: Սակայն, կրկին մոռցած, կամ՝ խուսափած է նշելու, որ Ատրպէյճանը 1918-էն առաջ գոյութիւն ունեցած չէ:

Երկրորդ կարեւոր «լռութիւնը» կը վերաբերի՝ Ատրպէյճանի կողմէ շուրջ տարի մը Արցախի շրջափակումին, որ սովի մատնեց ժողովուրդը եւ վերջաւորութեան՝ հրթիռներով, հրետանիով եւ անօդաչու սարքերով յարձակեցաւ Արցախի խաղաղ բնակչութեան վրայ, պատճառելով բազմաթիւ զոհեր եւ վերոնշեալ միջոցներով դուրս մղեց Արցախի հայ բնակչութիւնը իր հազարաւոր տարիներու բնակավայրէն, գործադրելով ցեղային մաքրագործում՝ ցեղասպանութիւն: Մակեդոնցեւ առիթը ունէր նշելու, սակայն ան ալ լուռ անցաւ:

 

* Լուսաբանութիւններ, ընդգծումներն ու նկարները հեղինակին կողմէ:

  1. https://eadaily.com/en/news/2025/01/09/blow-to-aliyevs-reputation-ex-official-revealed-secrets-of-the-baku-court
  2. https://en.wikipedia.org/wiki/2020_Russian_Mil_Mi-24_shootdown
  3. https://eadaily.com/ru/news/2024/05/15/pomozhet-li-turciya-vsu-v-harkovskoy-oblasti
  4. https://eadaily.com/ru/news/2023/12/15/azerbaydzhanskiy-precedent-svo-na-ukraine-aliev-brosaet-vyzov-mirovym-derzhavam
Hairenik Media Hairenik Media

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Back to top button